ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ»․- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, ելոյթ ունենալով ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին առջեւ՝ յայտարարեց. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը աւարտած է եւ Ատրպէյճան պատրաստ է խաղաղութեան համաձայնագիրի մը շուրջ բանակցութիւններ սկսելու Հայաստանի հետ` սահմանազատման եւ սահմանագծման, իրարու ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու սկզբունքներուն հիման վրայ», կոչ ընելով Երեւանին, որ «ընտրութիւն կատարէ համագործակցութեան ու տարածքային յաւակնութիւններուն միջեւ»:
«Սակայն մենք դեռ չենք տեսներ Հայաստանէն դրական արձագանգ` իբրեւ պատասխան մեր առաջարկին», աւելցուց ան, պնդելով, որ խաղաղութեան նպաստող նախագիծներէն կրնան ըլլալ փոխադրական կապեր հաստատելու ծրագիրները:
Ալիեւ դարձեալ խօսեցաւ «Զանգեզուրի միջանցք»ին մասին, որ ցամաքային կապ կրնայ հաստատել Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ:
«Պաքուն նոր իրողութիւն ստեղծած է Հարաւային Կովկասի մէջ, եւ այդ մէկը պէտք է նկատի առնուի բոլորին կողմէ», ըսաւ Ալիեւ՝ աւելցնելով. «Լուծել 30ամեայ հակամարտութիւնը ռազմաքաղաքական ճամբով` վերականգնելով ոչ միայն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, այլ նաեւ պատմական արդարութիւնը»։