Կիրակի, 22 մայիս 2022-ին, տեղի ունեցաւ կուսակրօն քահանայի ձեռնադրութիւն եւ օծում` նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ ձեռամբ Հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանին: Աւանդութեան համաձայն, ձեռնադրեալ քահանան կ՛ունենայ կնքահայր: Երեք նորընծայ աբեղաներուն կնքահայրութիւնը ստանձնեց յիշեալ թեմին Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան:
Ձեռնադրութենէն ետք, դպրեվանքի գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, ի պատիւ նորաօծ երեք աբեղաներուն տեղի ունեցաւ աւանդական պտղասեղան-ընթրիքը, գլխաւորութեամբ վեհափառ հայրապետին, դպրեվանքին մէջ: Ընթրիքին ներկայ էին տէր եւ տիկին Վահէ եւ Յասմիկ Յովակիմեանը, միաբան հայրերը, դպրեվանքի ուսուցչաց կազմը, ուսանողութիւնն ու նորընծայ միաբաններուն ծնողները:
Աւարտին, Թորգոմ սրբազանը ընթերցեց վեհափառ հայրապետին սրբատառ կոնդակը: Կոնդակին մէջ վեհափառ հայրապետը ընդգծեց Վահէ եւ Յասմիկ Յովակիմեան ամոլին հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ ցուցաբերած ծառայական նուիրուածութիւնը: «Հայ եկեղեցւոյ հանդէպ Ձեր ունեցած նախանձախնդրութեան իբրեւ շօշափելի արտայայտութիւն, Ձեր կարեւոր ներդրումը բերած էք եւ կը շարունակէք բերել Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի գործունէութեան: Արդարեւ, թէ՛ Ազգային երեսփոխանական ժողովին ճամբով եւ թէ՛ իբրեւ անդամ ու ապա ատենապետ Ազգային վարչութեան, գործնապէս մասնակից դարձած էք Ազգային առաջնորդարանի ծրագիրներու իրագործման` ազգային-եկեղեցական, կրթական-մշակութային թէ ընկերային մարզերուն մէջ: Ձեր ազնիւ տիկնոջ` Յասմիկին հետ մնայուն ներկայութիւն եղած էք ու զանազան միջոցներով քաջալեր հանդիսացած թեմին մէջ տարուած աշխատանքներուն», յայտնեց վեհափառ հայրապետը կոնդակին մէջ: Կոնդակի ընթերցումէն ետք վեհափառ հայրապետը «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ասպետ»-ի կարգի շքանշանով զարդարեց Վահէ Յովակիմեանի կուրծքը: