Երկուշաբթի, 22 Յուլիս 2013-ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոսը Պիքֆայայի վանքին մէջ ընդունեց Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոցի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեանը: Պատուելին վեհափառ հայրապետին լայնօրէն զեկուցեց Ազգային ծերանոցին կատարած աշխատանքները, դիմագրաւած դժուարութիւններն ու յատկապէս յառաջիկայի ծրագիրները: Վեհափառ հայրապետը ուրախութեամբ իմացաւ, թէ Ծերանոցը վերակազմակերպումի ու իր ծառայութիւնը աւելի ծաւալելու աշխատանքին լծուած է` նախաձեռնութեամբ խնամակալութեան, տնօրէնութեան ու տիկնանց միութեան: Ներկայիս շուրջ 100 ծերեր կը բնակին Ազգային ծերանոցին մէջ:
Վեհափառ հայրապետը մանաւանդ շեշտեց, որ Ծերանոցին նկատմամբ մեր ժողովուրդին մտայնութիւնը պէտք է փոխուի: Յատուկ նախանձախնդրութիւն եւ հոգածութիւն պէտք է ցուցաբերել այս հաստատութեան նկատմամբ: Վեհափառը շեշտեց նաեւ, որ Ծերանոցին մէջ պէտք է համայնական կեանք ստեղծել` հոգեւոր ու ընկերային ձեռնարկներ կազմակերպելով:
Այս առիթով նաեւ, վեհափառ հայրապետը յիշեցուց ուշ սորվող աշակերտներու գծով տարուող աշխատանքը շարունակելու հրամայականը: Յայտնենք, որ այս մասին վեհափառը օրին նաեւ խօսած էր «Գարակէօզեան» հաստատութեան պատասխանատուներուն հետ: Վեհափառը շեշտեց, որ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնն ու Ծերանոցը միասնաբար նոր եւ մանկավարժական արդի մօտեցումներով անհրաժեշտ է, որ վերակազմակերպեն այս աշխատանքը` խորհրդակցելով կրթական մարմիններու ու տնօրէններու հետ: