Արամ Mp3-ն այսօր Գոփենհակընի մէջ «Եւրոտեսիլի» իր առաջին փորձը կատարած է:
Մրցոյթի պաշտօնական կայքը կը գրէ, որ թէպէտ Արամը բեմ բարձրանալէ առաջ խոստովանած էր, որ յուզուած է, սակայն վստահ ելոյթ ունեցաւ, ան ցոյց տուաւ ուժեղ վոկալային տուեալներ եւ երգեց առանց թերութիւններու:
Արամի ելոյթը կը սկսի մութ բեմի վրայ, ետին լուսարձակներով: Ապա կը յայտնուին առկայծող լոյսեր, որոնք շատնալով` կը պայթին, երբ երգը կը հասնի գագաթնակէտին: Փորձէն առաջ Արամը պատմած է իր ելոյթէն` նշելով, որ իրեն ձայնակցող պիտի չըլլայ. «Բեմին վրայ ես մինակ կ’ըլլամ, սակայն կ’երգեմ «Դու մենակ չես», – ըսած է ան, – Իմ երգի առաջին տարբերակը բեք վոկալ չունի, այնպէս որ մենք մտածեցինք, որ իւրայատուկ կ’ըլլայ, եթէ մինակ երգեմ բեմի վրայ եւ առանց ոեւէ երգողներու ու պարողներու»:
Պատրաստեց Յովհաննէս Իշխանեան
aravot.am