Ապրիլ 24-27 Մոնաքոյի «Կրիմալտի Ֆորում» սրահին մէջ կայացաւ նկարներու «Art Monaco» հեղինակաւոր միջազգային ցուցահանդէսը, որուն աւելի քան տասնեակ երկիրներու շարքին իր իւրայատուկ տաղաւարով կը մասնակցէր նաեւ Հայաստանը:
Ինչպէս իւրաքանչիւր տարի, այս տարի եւս ցուցահանդէսը իրականացուած է բարձր մակարդակով, եւ այս կարեւոր ձեռնարկին տարբեր երկիրներէ մասնակցած են բարձրաստիճան պետական, քաղաքական եւ հասարակական բազմաթիւ գործիչներ, հանրաճանաչ արուետագէտներ եւ այլք:
Ձեռնարկին Հայաստանի մասնակցութիւնը այս տարի ապահոված էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը: Որպէս ձեռնարկի հայկական կողմի աշխատանքներու կազմակերպման պատասխանատու` Մոնաքօ կը գտնուէր նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Հրաչեայ Ասլանեան: «Երեւանի բարձր արուեստ» պատկերասրահի հարուստ հաւաքածուով Մոնաքօ այցելած էր նաեւ ձեռնարկի համակազմակերպիչ, պատկերասրահի հիմնադիր-սեփականատէր Սարգիս Գրիգորեանը:
Այս տարի «Art Monaco» ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ ապրիլ 24-ին եւ համընկաւ Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին հետ, այդ իսկ պատճառով հայկական տաղաւարին մէջ հիմնականին ցուցադրուած էին հայազգի հանրայայտ նկարիչներու` Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով նկարներ: Ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուեցան գործեր Մ. Սարեանի, Հ. Այվազովսկիի, Ժանսէմի, Արշիլ Գորկիի, Լ. Թութունջեանի եւ այլ յայտնի նկարիչներու հաւաքածուներէն: Այս ձեռնարկին ծիրէն ներս, բացի վերոնշեալ նկարիչներու գործերէն, Հայաստանի բազմաթիւ պատկերասրահներէն եւ թանգարաններէն Մոնաքօ տարուած էին հայազգի արուեստագէտներու աշխատանքները:
Հայկական տաղաւարը մշտապէս բազմամարդ էր: Հայազգի աշխարհահռչակ նկարիչներու գլուխգործոցները դիտելու եկած էին ոչ միայն օտարերկրեայ պատուիրակութիւններ եւ տեղի բարձրաստիճան հիւրեր, այլեւ հայ համայնքի ներկայացուցչական պատուիրակութիւններ աշխարհի տարբեր երկիրներէ` Ֆրանսայէն, Զուիցերիայէն, ԱՄՆ-էն, Իտալիայէն, Մոնաքոյէն եւ այլն: Մարսէլի փոխքաղաքապետ Տիտիէ Փարաքեանի նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ աւելի քան 50 անուանի ֆրանսահայեր, որոնց մէջ էին` Մարսէլի 13-րդ եւ 14-րդ թաղամասերու խորհուրդի անդամ Կարօ Յովսէփեան, «Արարատ TV»-ի ղեկավար Ռիչարտ Ֆինտիկեան, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի Մարսէլ եւ Փրովանս մասնաճիւղի ղեկավար Ժաք Տօնապետեան, «Մարսէլ-Հայաստան» կազմակերպութեան փոխնախագահ Ֆրանք Օհաննէսեան, Ֆրանս-հայկական առեւտրաարդիւնաբերական պալատի անդամներ Ժաք Աւտոյեան եւ Ռոլանտ Վարդանեան, ծրագրող-ոճաբան Նայիրա Սարգսեան եւ այլք հնարաւորութիւն ունեցած են ներկայ գտնուելու ձեռնարկին եւ ծանօթանալու հայկական տաղաւարին մէջ ներկայացուած գործերուն:
Ձեռնարկին ծիրէն ներս «Երեւանի բարձր արուեստ» պատկերասրահի հիմնադիր Ս. Գրիգորեան Տ. Փարաքեանին փոխանցած է ցուցադրուած նկարներէն մէկը` Մարսէլի քաղաքապետ Ժան-Քլոտ Կոդենին փոխանցելու նպատակով:
Այս տարի «Art Monaco» նկարներու միջազգային ցուցահանդէսին մէջ Հայկական տաղաւարը ճանչցուած է լաւագոյնը, իսկ «Art Monaco»-ի տարբերանշանը զարդարած էր հայազգի գեղանկարիչ-քանդակագործ Լ. Թութունջեանի հեղինակաւոր քանդակներէն մէկուն պատկերը: