Ապրիլ 30-ին, ժ.19:00-ին ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Գ.Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՀ ժող. արուեստագէտ Ազատ Գասպարեանի մեծարման երեկոն, որուն պիտի մասնակցին պաշտօնատար անձիք, մշակութային գործիչներ, մտաւորականներ:
Մեծարման երեկոյին պիտի ներկայացուին Ազատ Գասպարեանի անցած ուղին, պիտի ցուցադրուին դրուագներ արուեստագէտի բեմադրութիւններէն եւ շարժանկարներէն, ելոյթներով հանդէս պիտի գան պաշտօնատար անձիք, արուեստագէտներ, երգիչներ, երգչուհիներ:
Ձեռնարկի կազմակերպող կոմիտէ