ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով, Դիմատետրի իր էջով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Արդարութեան ջահը պիտի չմարի: Պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ բռնագրաւուած բոլոր իրաւունքներուն վերատիրացումը եւ Թուրքիոյ պատժումը` Հայոց ցեղասպանութիւնը գործելուն համար»:
Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակի մոմավառութեան մեկնարկը Պուրճ Համուտի հրապարակէն կատարելէ ետք, երեսփոխան Յ. Բագրատունի «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ եթէ անհատական մակարդակի վրայ ոճիր մը գործուի, այդ թղթածրարը կարելի կ’ըլլայ փակել` միայն ներում հայցելով եւ հատուցելով: «Այս պարագային մենք կը խօսինք ամբողջ ժողովուրդի մը մասին, որուն նախահայրերը ենթարկուած են ցեղասպանութեան: Իմ մեծ հայրս ու մեծ մայրս Ցեղասպանութեան նահատակներ են: Դժբախտաբար, ո՛վ որ կազմակերպեց Ցեղասպանութիւնը եւ ամբողջ ժողովուրդ մը տեղահան ըրաւ իր հողերէն, հոս կը խօսինք Օսմանեան կայսրութեան իրաւական յաջորդ Թուրքիոյ մասին, տակաւին կը մերժէ ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը եւ ներում չի հայցեր: Ընդհակառակն` Թուրքիա կ’ուրանայ իր դերակատարութիւնը այս ոճիրին: Իսկ այսպէս ըսուած քաղաքակիրթ աշխարհը տակաւին լուռ կը մնայ ի տես այս իրականութեան: Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է, անիկա մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր է: Անիկա հայ ժողովուրդին յիշողութեան մէջ չէ միայն, այլ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք արդարութեան եւ իրաւունքին կը հաւատան, ժողովուրդներու ազգային ինքնորոշման իրաւունքին կը հաւատան, հաւասարութեան կը հաւատան, եւ իր հողին վրայ ազատ եւ անկախ ապրող քաղաքացիին իրաւունքին կը հաւատան», ըսաւ ան: