Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն թուիթըրեան իր հաշիւով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Արդարութիւնը միակ միջոցն է աւելի մարդկային աշխարհ մը կերտելու: Աւելի քան մէկուկէս միլիոն նահատակ պատճառած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման նախօրեակին, կը հաստատենք, որ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրներուն յիշատակը մարդկութեան խղճին մէջ կը մնայ ամօթի կնիք մը: Հայոց ցեղասպանութիւնը մեզի յիշել կու տայ, որ մարդ արարածը չարիքներ գործելու ատակ է, երբ ան պատիժի եւ հաշուետուութեան ենթակայ չէ: Արդարութիւնը միակ միջոցն է աւելի մարդկային աշխարհ մը կերտելու»: