Սիլվա Իսկիկեան -Մահսերեճեան
Անի
«Նորից ինչպէս ուխտաւոր
Ծունկ եմ իջել քո շեմին
Ու նայում եմ լուռ ցաւով
Աւերակուած քո դէմքին:
Խեղուած դէմքով էլ դարձեալ ,
Վեհաշուք ես դու մնում
Ու քեզնով ես հիացած
Փառքիդ օրերն եմ յիշում»:
Այս քաղցրահնչիւն երգը՝ բանուած Գարիկ Բանդուրեանի խօսքերով եւ Ալեքսէյ Հէքիմեանի երաժշտութեամբ, ճշգրիտ նկարագրականն է այժմու Անի քաղաքին իրավիճակին եւ ուխտաւորի մը ապրումներուն…:
Մեզի կը դիմաւորէ հրաշակերտ Անին՝ իր հզօր, լայնանիստ ու բարձր պարիսպներով: Պարիսպին զոյգ գիծերը կառուցուած են տասներորդ դարուն, երբ Անին ճանչցուած էր, իբրեւ համահայկական մայրաքաղաք: Առաջին գիծը կառուցուած է Բագրատունի Աշոտ Ողորմածին ձեռամբ, իսկ երկրորդը, անոր որդւոյն՝ Սմբատ Տիեզերակալին: Փառահեղ պարիսպները զարդարուած են Բագրատունիներու դրօշին քանդակներով: Անհամբեր ներս կը փութամ գլխաւոր դարպասին շքեղ մուտքէն եւ յանկարծ դէմ յանդիման կը գտնուիմ անսպասելիօրէն ցաւոտ ու արտաքին փառքը հակասող պատկերի մը հետ: Ափսոսանքով ու խոր կսկիծով կը դիտեմ երբեմնի Բագրատունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաքը, ճարտարարուեստի, մշակոյթի, արհեստներու ու գիտութեան կեդրոնը: Այն, որ բարգաւաճ քաղաքի մը անհրաժեշտ ենթակառոյցները կը պարփակէր, ահա վերածուած է աւերակ աշխարհի մը, ուր միայն ուրուականներ կրնան դեգերիլ…: Փառաւոր ու հզօր անցեալի մը վկաներն են միջնաբերդին մնացորդները, բազմաթիւ կիսափուլ տաճարները, քանդուած եկեղեցիները եւ տձեւ փլատակները:
Օգոստոսի խանձող արեւին հետ կը քալեմ քարակոյտերու թաղերով…: Թէեւ հեւասպառ եմ ու վշտաբեկ, բայց կ’ուզեմ ամէն մէկ եկեղեցւոյ կամարին տակ աղօթք մը մրմնջալ: Անիի մայր տաճարը՝ կաթողիկոսանիստ, հիասքանչ կառոյցը, որ կը համարուէր համաշխարհային ճարտարարուեստի հրաշալիքներէն մէկը, այսօր դատարկուած է իր կրօնական առաքելութենէն: Հոս եկեղեցի մը, որուն կողին մեծ մասը հատուած է ինչպէս՝ սրահար Քրիստոսի կողը. անդին՝ եկեղեցի մը, որ գմբէթ չունի. ո՞ւր տեղադրել փուշէ պսակը…: Անպատասխան մնացած հարցումներուս շարքը կ’երկարի…: Ո՞ւր են հրաշակերտ զանգակատուները, ղօղանջող կոչնակները, սրբատաշ խաչքարերը, առաքեալներուն որմաքանդակները…: Ինչո՞ւ շարականներ չեն հնչեր, բուրվառները չեն խնկարկեր եւ հաւատացեալներուն հաղորդութիւն ու նշխար չեն բաժներ: Աւա՜ղ, չքնա՛ղ Անի, յաճախ թիրախ դարձած ես բարբարոսներու արշաւանքներուն եւ այսօր, դո՛ւն, որ հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաքն ես, կը գտնուիս, ո՛չ Քրիստոնեայ տարածքի մը մէջ…: Հաստատ գիտեմ, որ աջիդ նստած Ախուրեան գետը արցունքի ծովդ է, իսկ սահմանիդ քեզի սպասող քոյրդ՝ կարօտակէզ Հայաստանն է: Դուն յաւերժ ներկայութիւն ես համայն հայութեան սիրտերուն մէջ եւ շրթունքներուն վրայ: Քու անունդ կը հնչէ Հայ օճախներէն ներս եւ ամէնուրեք…: Դուն մա՛յր ես, քո՛յր ես, սրտակից ընկերուհի՛ ես, անբաժան ներկայութի՛ւն ես…:
Սիրելի Նեւրիկ, հասանք մեր ուղեւորութեան աւարտին, որուն ընթացքին ես քալեցի քու կօշիկներովդ, շալկեցի որովայնդ, խոցուեցայ վէրքերովդ…: Ամէն մէկ հարստահարուած եկեղեցւոյ մէջ, կեղեքուած վանքի մը մէջ, սրբապղծուած երեւոյթի մը մէջ ես քեզ տեսայ ու Գողգոթադ ապրեցայ…: Ժամանակն է, որ բաժնուինք իրարմէ…: Դուն այլեւս դահիճիդ գերին չես: Սեւ քօղերով չես ծածկուիր, նամազի գորգերուն վրայ պարտադրաբար չես ծնրադրեր…: Հանգչէ՛ եթերային խաղաղութեան մէջ եւ թող երկնային աստղերը լուսաւորեն անմար յիշատակդ:
Յ.Գ. Այսօր՝ ութ տարի ետք, կը պատմեմ Կիլիկիա եւ Պատմական Հայաստան այցելութեանս մանրամասնութիւնները: Կրնամ հաստատել, թէ այս ուղեւորութեան մէջ շատ ցաւ, յուզում, զզուանք եւ ընդվզում կար, բայց նաեւ՝ անսահմա՜ն բաւականութիւն…:
Նկարները կը տեղադրեմ առանց մեկնաբանութեան։ Աւերակները լաւագոյն պատմիչներն են…։ Վերջին նկարը Նեւրիկին դամբարանն է Պոլսոյ մէջ:
Յատուկ Շնորհակալութիւն Arpig-Rose Baravian-ին, Sevan Tanielian Megerian-ին, Sevag Garabed Mahrejian-ին իրենց յօժարակամ եւ դրական ներդրումին:
Շնորհակալութիւն բոլոր ընթերցողներուն, որոնք «ուղեկից» դարձան այս ուխտագնացութեան: