ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Աշխարհահռչակ նկարիչ, վերացական արտայայտչապաշտութեան ամերիկեան դպրոցի գլխաւոր ներկայացուցիչ Արշիլ Կորքի 1916-19 թուականներուն՝ հայոց պատմութեան ամէնէն բարդ ժամանակաշրջանին կ՛ապրէր Երեւանի կեդրոնը։ Այս մասին յայտնեցին Armradio-էն։
Այդ տարածքը այսօր կը կոչուի Աբովեան փողոցի փակուղի. յայտնի լրագրող, հասարակական գործիչ Ադօ Ադոյեան նկարիչին հօրեղբօր տղան էր, որուն հետ անցուցած էր ամբողջ մանկութիւնը։
Աշխարհի ամէնէն նշանաւոր ցուցասրահներուն մէջ կը գտնուին Արշիլ Կորքիի նկարները։ Հայաստանի մէջ, այսօր, կայ միայն մէկ գծանկար, սակայն ան Հայաստանին կտակած է բաւական մեծ թիւով նկարներ, որոնք Հայաստան պիտի բերուին եւ պիտի հանգրուանեն Էջմիածինի մէջ։