Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի հետ` նախագահութեամբ երեսփոխան Եասին Ժապերի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամ երեսփոխաններուն:
Հանդիպումէն ետք Ժապեր շեշտեց, որ Վրոնեցքայի հետ քննարկուած է հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դերակատարութիւնը եւ ընդգծուած անոնց դերակատարութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Վրոնեցքա կը համադրէ այդ ուժերուն կապուած աշխատանքները եւ այդ իմաստով կը ներկայացնէ միջազգային տեղեկագիրներ:
Ժապեր հաստատեց, որ Լիբանան խոր յարգանք կը տածէ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն հանդէպ եւ կը գնահատէ անոնց դերակատարութիւնը` աւելցնելով, որ արձանագրուած կարգ մը անհատական միջադէպեր չեն արտացոլեր Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը:
«Լիբանան կ՛արժեւորէ ՖԻՆԻՒԼ-ի դերակատարութիւնը եւ կառչած կը մնայ անոր, ինչպէս նաեւ յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի բանաձեւերը գործադրելու եւ ոչ մէկ անգամ նախայարձակ կողմը եղած է, ընդհակառակն` Լիբանան կը փափաքի, որ Իսրայէլ հեռանայ իր բռնագրաւած լիբանանեան բոլոր հողերէն: Այս պատգամն էր, որ փոխանցեցինք ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչին», հաստատեց ան:
Ժապեր անդրադարձաւ նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` հաստատելով, որ Լիբանան` իբրեւ հիւրընկալ երկիր, լրջօրէն տուժած է իր ցուցաբերած մարդասիրական այս վարուելակերպին պատճառով, «այն իմաստով, որ միջազգային ընտանիքը շատ աւելի օգտակար կ՛ըլլայ տեղահանուածներուն, քան հիւրընկալ լիբանանցիին, հետեւաբար ՄԱԿ-ը պէտք է աշխատանքը համադրէ տեղահանուածներուն օժանդակող բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ եւ նոյնքան օժանդակութիւն տրամադրէ նաեւ լիբանանցիներուն, որոնք կը կրեն տեղահանուածներուն բեռը եւ կը տառապին ընկերային լուրջ տագնապներէ», աւելցուց Ժապեր: