Անցեալ չորեքշաբթի օր Լիբանան հասած «Եասմին» ձիւնամրրիկը սպիտակով պատեց Լիբանանը, իսկ երէկ առաւօտեան լիբանանցիները արթնցան` նշմարելով, որ այդ սպիտակը հասած է նաեւ ծովափ, ու անոր մօտակայ Պէյրութի միջազգային օդակայան:
Առատ ձիւնը պատճառ դարձաւ, որ Պեքաայի շրջանին մէջ բոլոր ճամբաները փակուին եւ ելեկտրական հոսանք գրեթէ գոյութիւն չունենայ:
Հասպայայի եւ Հասպանիի, Շեպաայի եւ Արքուպի շրջանները, ինչպէս նաեւ Մրուժ-Զաարուր եւ Արզ շրջանները եւս առատ ձիւնի ենթակայ դարձան:
Օդակայանի Օդերեւութաբանական գրասենեակը հաղորդեց, որ Լիբանանը հարուածած «Եասմին»-ը պիտի երկարի մինչեւ շաբաթավերջ:
Ըստ Օդերեւութաբանական գրասենեակին, ծովու մակերեսէն մինչեւ 900 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող շրջաններուն մէջ պիտի ձիւնէ, իսկ գիշերը 800 մեթր բարձրութենէն վեր գտնուող շրջաններուն մէջ ճամբաները կրնան սառցակալիլ:
Շաբաթ օր 1000 մեթր բարձրութեան վրայ պիտի ձիւնէ, իսկ ցուրտը պիտի տեւէ մինչեւ կիրակի: