ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիրով եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրով ստանձնած պարտաւորութիւններուն համաձայն` Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը ծանուցագիրներ ուղարկեց համապատասխանաբար՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեշին եւ Եւրոպայի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչին Արցախի կողմէ տուեալ միջազգային դաշնագիրներով նախատեսուած ժամանակաւոր իրաւական միջոցներու ձեռնարկելու մասին` «Քորոնա» ժահրի տարածման սպառնալիքին պատճառով երկրին մէջ արտակարգ իրավիճակի ստեղծման լոյսին տակ։
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ ծանուցագիրներուն մէջ կը նշուի, որ հանրապետութեան ամբողջ տարածքին արտակարգ իրավիճակ յայտարարուած է 12 Ապրիլ 2020-ին՝ 30 օր ժամկէտով եւ երկարաձգուած մինչեւ 11 Յունիս: Արցախի Հանրապետութիւնը կը պարտաւորուի ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարին եւ Եւրոպայի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին տեղեկացնելու արտակարգ իրավիճակի ժամանակամիջոցին, իր կողմէ ձեռնարկուած իրաւական միջոցներուն, ինչպէս նաեւ այդ միջոցներուն կիրարկման դադրեցման ամսաթիւին մասին:
Արցախի Հանրապետութիւնը 1992-ին, միակողմանիօրէն միացած է Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու միջազգային դաշնագիրին եւ 2015-ին՝ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրին: