ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց ատրպէյճանական կայքերուն տարածած այն տեղեկութիւնը, թէ պաշտպանութեան բանակը «սադրանքի դիմած է եւ չէզոք գօտիին մէջ ձգած մէկ զինուոր»։
«Ատրպէյճանական ելեկտրոնային լրատուամիջոցներում տարածուած տեղեկատուութիւնը, թէ իբր պաշտպանութեան բանակի առաջապահ ստորաբաժանումները «Գերանբոյի ուղղութեամբ դիմել են սադրանքի եւ չէզոք գօտում թողել մէկ զինծառայողի», հերթական ապատեղեկատուութիւն է», կը շեշտէ նախարարութիւնը։
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ պաշտպանութեան բանակի սահմանապահ ստորաբաժանումները կը հետեւին զինադադարի պահպանման դրութեան: Աւելին՝ արցախեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին մէջ կը շարունակուի պահպանուիլ յարաբերական կայուն իրադրութիւն: «Ուստի կոչ ենք անում ատրպէյճանական կողմին զերծ մնալ իրադրութիւնն արհեստականօրէն սրելու անհեռանկար մարտավարութիւնից եւ չգնալ հետագայ լարման», կը յայտնէ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Ատրպէյճանական կայքերը, յղում կատարելով երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան՝ գրած էին հետեւեալը. «Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները, խախտելով զինադադարի դրութիւնը, ներթափանցման-հետախուզական փորձ կատարած են Գերանպոյի ուղղութեամբ, հայ զինուոր մը սպաննուած է, եւ անոր դիակը կը գտնուի չէզոք գօտիին մէջ»։ Ըստ նոյն հաղորդագրութեան՝ «փոխհրաձգութիւնը կը շարունակուի»։