ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի տեղեկատուական շտաբը անդրադարձաւ 22 Օգոստոսին ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հրապարակած տեղեկութիւններուն, ըստ որոնց, Ատրպէյճանի «Մելիորացիա եւ ջրային տնտեսութիւն» ընկերութեան աշխատակիցները Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ այցելեցին Սարսանգի ջրամբարը:
Շտաբը յայտարարութեան մը միջոցաւ զեկուցեց, որ 2020ի 44օրեայ պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակին մէջ ջրային պաշարներու կառավարման եւ հանրութեան մատակարարուող խմելու ու ոռոգման ջուրերու ապահովութեան երաշխաւորման նպատակով, Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի միջնորդութեամբ, Արցախի Հանրապետութեան ջրային կոմիտէի ներկայացուցիչները տակաւին 2021էն կապի մէջ են ատրպէյճանական կողմին հետ եւ պարբերական այցելութիւններ կու տան Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող հատուածները` Հանրապետութեան կարգ մը համայնքներու (որոնց կարգին Ստեփանակերտին) մատակարարուող խմելու եւ ոռոգման ջուրերու օգտագործման շուրջ փոխադարձ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերելու եւ հարցերը լուծելու համար:
«Այդ շրջանակներում հերթական հանդիպումը կազմակերպուել էր Սարսանգի ջրամբարի մօտ` Սարսանգի ջրերի փոխշահաւէտ օգտագործման հարցի քննարկման նպատակով: Տեղում մտքեր են փոխանակուել ջրային ռեսուրսների (միջոցներու) ռացիոնալ (պատշաճ) օգտագործման հնարաւոր տարբերակների շուրջ` հաշուի առնելով Սարսանգի ջրամբարի հանդէպ Արցախի Հանրապետութեան վերահսկողութիւնը, իսկ ոռոգման ենթակառուցուածքների հանդէպ` ադրբեջանական վերահսկողութիւնը: Առաջիկայում քննարկումները կը շարունակուեն եւ որոշումները կը կայացուեն Արցախի Հանրապետութեան շահերից ելնելով` հիմք ընդունելով ե՛ւ էլեկտրաէներգիայի արտադրութեան, ե՛ւ ոռոգման կարիքները Սարսանգի հատուածում, ինչպէս նաեւ խմելու եւ ոռոգման ջրերի հետ կապուած կարիքները Հանրապետութեան այլ հատուածներում», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Արցախի տեղեկատուական շտաբը նաեւ յայտնեց, որ Արցախի իշխանութիւնները որեւէ իրադարձութիւն թաքցնելու նպատակ չեն հետապնդեր, կ՛առաջնորդուին բացառաբար Արցախի Հանրապետութեան եւ արցախցիի շահերով` ստեղծուած իրավիճակին մէջ նրբանկատօրէն ձեռնարկելով կարելի եղած բոլոր միջոցներուն` պետութեան եւ հանրութեան ապահովութեան մակարդակը բարձրացնելու եւ լարուածութիւն ծնող երեւոյթները չէզոքացնելու ուղղութեամբ: