Արցախի հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան դիմատետրի իր էջին վրայ կատարած է հետեւեալ գրառումը.
Յարգելի հայրենակիցներ,
Այս պահուն տակաւին կը գտնուիմ առաջնագիծին մէջ: Ինծի հետ են նաեւ Արցախի հանրապետութեան եւ Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնները:
Տղաները փայլուն կերպով կը կատարեն իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: Ոգեւորուած եմ մեր զինծառայողներու քաջութեամբ եւ արհեստավարժութեամբ եւ մեր կամաւորներու նուիրուածութեամբ:
Մէկ խօսքով, թէ’ առաջնագիծի մէջ, թէ’ թիկունքը ամուր կեցած ենք Հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործի դիրքերուն վրայ:
Կրկին կոչ կ’ուղղեմ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, միացէ’ք Հայրենիքի պաշտպանութեան գործին, հիմա է ժամը»:
Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը լոյս ընծայեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը սուղ պիտի վճարէ արցախահայութեան հանդէպ ծանր յանցագործութիւններ կատարելու, շրջանին մէջ ահաբեկիչներ ներմուծելու եւ տարածաշրջանին խաղաղութիւնը խաթարելու համար: