Իր հիմնադրութենէն երեք տարի ետք, Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց (ԱՌԻ) ընկերութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ կազմակերպեց հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան ԱՌԻ-ի գրեթէ բոլոր անդամները, որոնք մեծ խանդավառութեամբ եւ հոգեկան գոհունակութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին տարեկան այս ընդարձակ հանդիպումին:
Արցախ Ռուց Ինվեսթմընցի անդամներուն բարի գալուստ մաղթեց Վաչէ Մելքոնեան, որ մաղթեց, որ ԱՌԻ-ի իւրաքանչիւր անդամի հաճոյք եւ գոհունակութիւն պատճառէ այդ հանդիպումը եւ յոյս յայտնեց, որ ԱՌԻ-ի անդամներուն ներդրած գումարները ուռճանան եւ աւելի արդիւնաբեր դառնան:
Ապա խօսք առաւ ԱՌԻ-ի նախագահ Սուրէն Սարգիսեան, որ ԱՌԻ-ի բաժնետէրերը կոչելով Արցախի բարեկամներ, իր խօսքը սկսաւ մէջբերելով բնութեան մէկ պատկերը:
Այդ պատկերն էր սերմնացուին պատկերը, որ սկսելով իր հատիկ վիճակէն կը վերածուէր տունկի մը եւ ապա արմատանալով հողին մէջ, անոր դիմադրողականութիւնը կը բարձրանայ եւ կը դառնայ արդիւնաբեր:
Սուրէն Սարգիսեան ԱՌԻ-ն նմանցուց այդ տունկին, որ երեք տարի ետք ապացուցեց, թէ ան կրնայ զարգանալ, արմատանալ եւ հայրենի հողին մէջ աճելով, հզօր ու կայուն հաստատութեան մը վերածուիլ:
Ս. Սարգիսեան ընդգծեց, որ գիւղատնտեսութեան մէջ ԱՌԻ-ի աշխատանքը յաջողած է, որովհետեւ ան կրցած է ծառայել իր սկզբունքներուն, որոնցմէ առաջինը այն է, որ Քաշաթաղի մէջ վերաբնակողներուն տրուած վարկը նպաստած է գիւղատնտեսութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ շահ ապահոված վերաբնակիչներուն ու ԱՌԻ-ի ներդրողներուն:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ վերաբնակիչներուն կենսամակարդակը բաւական զարգացած է եւ անիկա իր կարգին նպաստած Արցախի տնտեսութեան զարգացման:
«ԱՌԻ-ի ներդրողները ընդհանրապէս Արցախի պետութեան բարգաւաճման կը նպաստեն եւ մասնաւորաբար կը նպաստեն Քաշաթաղի եւ Շահումեանի բնակեցման», ըսաւ ան:
Սուրէն Սարգիսեան շեշտեց, որ ԱՌԻ-ն կրցած է եռակողմանի շահաւէտ դրութիւն մը ստեղծել` շահեր ապահովելով ԱՌԻ-ի ներդրողներուն, Լեռնային Ղարաբաղի պետութեան եւ Քաշաթաղի բնակչութեան:
Անդրադառնալով ԱՌԻ-ի ծրագիրներուն` Սուրէն Սարգիսեան հաստատեց, որ գիւղատնտեսութեան զարգացման եւ անասնաբուծութեան նպատակով տրամադրուած վարկերուն կողքին, ԱՌԻ նպատակ ունի նաեւ կառուցել բնակարաններ եւ սկսիլ թեթեւ ճարտարարուեստի, ինչպէս պահածոներու եւ կաթնեղէնի արտադրութեան սննդեղէնի ճարտարարուեստը, մեղուաբուծութիւնը, նռնենիներու եւ պտղատու այլ ծառերու մշակումը:
«Մեր սրբազան նպատակն է Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջանները վերաբնակեցնել հայրենակիցներով, շարունակել զարգացման աշխատանքը եւ վերջին հաշուով նուաճել ու իրականացնել մեր միացեալ հայրենիքը», եզրափակեց Սուրէն Սարգիսեան:
2012 տարեշրջանի նիւթաբարոյական տեղեկագիրը ներկայացուց ԱՌԻ-ի ընդհանուր տնօրէն Մասիս Ալեքսանտրեան, որ մանրամասն կերպով անդրադարձաւ Քաշաթաղի եւ Շահումեանի ներկայացուցած ռազմավարական կարեւորութեան:
Այս շրջագիծին մէջ ան համապարփակ կերպով բացատրեց Արցախի պետութեան կողմէ Քաշաթաղի վերաբնակեցման եւ ազատագրուած տարածքներուն մէջ գիւղատնտեսութեան զարգացման նպատակներուն սատարող
Արցախ Ռուց Ինվեսթմընցի նպատակները:
Մ. Ալեքսանտրեան խօսեցաւ նաեւ ԱՌԻ-ի ձեռքբերումներուն մասին` ընդգծելով, որ այսօրուան պատկերով 85 գիւղերու մէջ 568 ընտանիքներ օգտուած են ԱՌԻ-ի կատարած փոխատուութիւններէն, որոնք երաշխաւորուած են Արցախի պետութեան կողմէ: Ան նշեց, որ եռակողմանի պայմանագրութեան հիման վրայ, ԱՌԻ-ի կողմէ գումարները կը տրամադրուին Ակրոֆոնտին, որ իր կարգին գումարները կը յատկացնէ Քաշաթաղի վերաբնակիչներուն` շեշտելով, որ մինչեւ օրս ԱՌԻ-ի եւ Արցախի պետութեան միջեւ գործակցութեան ծիրին մէջ ոչ մէկ ձախողութիւն արձանագրուած է, այլ ընդհակառակն` հաստատելով, որ անոնց միջեւ աշխատանքը կ՛ընթանայ կատարեալ հեզասահութեամբ:
Այս շրջագիծին մէջ ան շեշտեց, որ ԱՌԻ իրաւունք ունի վերահսկելու վարկերու բաշխման եւ այդ գումարներուն իրականացուցած արդիւնքներուն:
ԱՌԻ-ի սկզբունքներուն մասին խօսելով` Մասիս Ալեքսանտրեան շեշտեց, որ Արցախ Ռուց Ինվեսթմընցը կենսական կը նկատէ ժողովուրդին աշխատանքի ապահովումը եւ ապա անոնց բնակարանային հարցերով զբաղումը:
Տնտեսական ընդհանուր աճին ակնարկելով` Մ. Ալեքսանտրեան նշեց, որ 67 առ հարիւրի բնական աճ արձանագրուած է:
ԱՌԻ-ի հոգաբարձու խորհուրդի անդամ Վահան Գասարճեան անդրադարձաւ ԱՌԻ-ի հետապնդած նոր ծրագիրներուն, որոնց շրջագիծին մէջ ան շեշտեց, որ ԱՌԻ-ի սկզբունքներն ու նպատակները պէտք է յարգուին, ինչ ալ ըլլան նոր ծրագիրները:
Այս ծիրին մէջ, Վ. Գասարճեան հաստատեց, որ ԱՌԻ-ն կը հետապնդէ բնակարաններ կառուցելու եւ Քաշաթաղի շրջանին մէջ, դէպի Ստեփանակերտ տանող մայրուղիին մօտակայքը բնակարանային համալիր մը կառուցելու ծրագիրը:
«Արի տուն» ծրագիրին եւ անոր յատակագիծին մասին ընդհանուր ներկայացում մը կատարեց Վարանդ Ալեքսանտրեան, որ յայտնեց, թէ այդ ծրագիրը կը նախատեսուի իրականացնել շուրջ 20 հեկտար տարածութեան վրայ` աւելցնելով, որ այդ ծրագիրին իրականացումը նախատեսուած է երեք հանգրուանով կատարել:
Վ. Ալեքսանտրեան աւելցուց, որ այդ գիւղին ենթակառոյցի դրութեան ամբողջացումը պիտի ստանձնէ կառավարութիւնը:
Նշենք, որ այս առումով ԱՌԻ նախատեսած է ներդրումի նոր նախաձեռնութիւն մը, որ դարձեալ Արցախի պետութեան երաշխաւորութեամբ ներդրողներուն կողմէ եօթը տարուան ժամանակի վրայ երկարող վարկերու դրութեան կը կարօտի:
Այս ծրագիրին մասին հնչած տեղեկութիւններն ու ցուցադրուած նախագիծը սրահին մէջ յառաջացուցին նկատառելի հետաքրքրութիւն մը, որ դրսեւորուեցաւ հարցումներու տարափով:
Կը նախատեսուի սակայն, որ այս ծրագիրին մասին մանրամասն քննարկումներ կատարուին յառաջիկայ 21 մարտին, երբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան այցելէ Լիբանան:
Հանդիպումին աւարտին ցուցադրուեցաւ Արցախի վերաբերող վաւերագրական ժապաւէն մը: