Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը Նոյեմբեր 15-ին աւարտած է հայկական հարցերին նուիրուած շաբաթը` ամենամեայ ընդունելութեան ընթացքին հաւաքելով ընդհանուր առմամբ 75 հազար տոլար գումար: Այս մասին կը յայտնէ Armenpress-ը։
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախմբի համաձայն, շաբաթուայ ընթացքին տեղի ունեցած են շարք մը ձեռնարկներ, իսկ ամենամեայ ընդունելութեան ընթացքին պատուած են թուրք փրոֆէսր, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին աշխատութիւններու հեղինակ Թաներ Աքչամին: Այսպիսով այս իրադարձութիւններով Հայ դատի յանձնախումբը Աւստրալիոյ մէջ գրանցած է եւս մէկ կարեւոր յառաջընթաց: Հոկտեմբեր 29-30-ին Աքչամը միացած է յանձնախումբի պատուիրակութեան Կանբերայի մէջ շարք մը հանդիպումներ ունենալու նպատակով: Հանդիպումները գլխաւորաբար տեղ ունեցած են խորհրդարանի մէջ, ուր օրէնսդիրները եւ գերատեսչութիւններու ղեկավարները ծանօթացած են Օսմանեան արխիւներու վերաբերեալ Աքչամի վերջին հետազօտութիւններուն, որ նոր մանրամասնութիւններ ի յայտ բերած է Հայոց ցեղասպանութեան մանրամասն ծրագրաւորման մասին:
Պատուիրակութեան այցելութիւնը Կանբերա բարձրացուցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կարեւորութիւնը, որուն արդիւնքով խորհրդարանի անդամներ Մայքլ Դենբին եւ Ուօրէն Էնսչը հարցի օգտին հանդէս եկած են յայտարարութիւններով:
Ձեռնարկներ տեղի ունեցած են նաեւ Սիտնէյի հեղինակաւոր ուսումնարանի, Սիտնէյի համալսարանի, Դէակինի համալսարանի, Մելբուռնի հրէաներու Հոլոքոստի կեդրոնի մէջ, եւ այս ամէնը` մարդոց հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ: Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը հարցազրոյցներ ապահոված է Աքչամի հետ ABC Radio-ի ուղիղ եթերով: Հայկական հարցերուն նուիրուած շաբաթը եզրափակող իրադարձութիւնը յանձնախումբի Ամենամեայ ընդունելութիւնը եղած է` գրեթէ 250 հիւրերով: Ընդունելութեան ընթացքին գրեթէ 75 հազար տոլար գումար հաւաքուած է` ֆինանսաւորելու համայնքի հանրային հարցերու յանձնաժողովի 2013 -ի գործունէութիւնը:
Թաներ Աքչամ իր հերթին հանդէս եկած է ելոյթով եւ յանձնախումբի կողմէ հոնորար ստացած է` շարունակելու կենսական նշանակութիւն ունեցող իր հետազօտութիւնը:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը աւստրալահայ համայնքի «տարուայ ընկեր՚ մրցանակը շնորհած է Նոր Հարաւային Ուելսի Օրէնսդիր խորհուրդի անդամ Ուոլտ Սեկորդին` անոր շարունական ջանքերու համար, որ մշտապէս բարձրացուցած է աւստրալահայ համայնքին վերաբերղ կարեւոր հարցեր եւ խնդիրներ: Ան աւստրալացի առաջին օրէնսդիրն է, որ այցելած է լեռնային Ղարաբաղ:
Լեռնային Ղարաբաղը եղած է յանձնախումբի կազմակերպած Ամենամեայ ընդունելութեան առանցքային թեման: Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը եւ հայ համայնքն իրենց յարգանքի խօսքը ուղղած են Նոր հարաւային Ուելսի Օրէնսդիր խորհուրդի անդամ Մարի Ֆիկարային եւ անոր գործընկերներուն` Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը եւ անոր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչնալու համար: