Երեւանի «Պիւրոկրատ» գրախանութին մէջ տեղի ունեցաւ բանաստեղծուհի Նանա Մարգարեանի «Քայլ Առաջ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուին շնորհանդէսը: «Քայլ Առաջ»ը բանաստեղծուհիին առաջին փորձն է գրական ոլորտի մէջ եւ կ’ընդգրկէ հայերէն եւ ռուսերէն աւելի քան վաթսուն բանաստեղծութիւն:
Շնորհանդէսին ներկայ գտնուեցան բանաստեղծուհիի մտերիմներն ու բարեկաները, մամլոյ ներկայացուցիչներ, ժամանակակից ճանչցուած բանաստեղծուհի Ազնիւ Սահակեանը: Նանա Մարգարեան ընթերցեց «Քայլ Առաջ» ժողովածուէն կարգ մը բանաստեղծութիւններ, նաեւ պատասխանեց ընթերցասէրներու հարցումներուն: Ան նշեց, թէ իր բանաստեղծութիւններէն իւրաքանչիւրը անկեղծ պատմութիւն է, որուն ամէն մէկ բառը կ’արտայայտէ իր վերապրած յոյզերն ու յոյսերը:
Նանա Մարգարեան ծնած է Երեւան, 1978-ին: Մասնագիտութեամբ երաժիշտ է: Աւարտած է Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանի դաշնամուրային բաժինը, իսկ յետագային՝ Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի ձայնային արուեստի բաժինը: