Գրեց՝ ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Բ.
«Երախայ» բառին հետ առնչութիւն մը ունի՞ արդեօք ԵՐԱԽԱՅՐԻՔ բառը, որուն կը հանդիպինք մերթ ընդ մերթ՝ մեր ընթերցումներուն ընթացքին։
Ո՛չ։ «Երախայրիք»-ն ու «երախայ»-ն, ըստ երեւոյթին, ազգականական կապ մը չունին։ Այդպէ՛ս կը հաւաստիացնէ մեզ Աճառեանի «Արմատական բառարան»-ը։
«Երախայրիք» կը նշանակէ առաջին պտուղ, կանուխ հասած բերք, առջինեկ ստեղծագործութիւն։ Գրական գործերու համար յաճախ օգտագործուող սիրուն բնութագրում մըն է այս։ «Բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի քերթողական երախայրիքը կը կոչուէր “Տուներու երգը”, որ հրատարակուեցաւ 1936-ին», կը կարդանք կենսագրական ժողովածուի մը մէջ։ Երախայրի՜ք,– բանաստեղծին անդրանիկ ստեղծագործութիւնը, առաջին երեւումը։ Աճառեան նկատել կու տայ, որ բառը կազմուեր է «երա» (=նախկին, առաջին) եւ «խայրի» (=պտուղ, բարիք) բառերուն միացումով։ Ի՜նչ զարմանալի բառակազմութիւն, մանաւանդ եթէ անդրադառնանք՝ որ «խայր» կամ «խէյր» բառը արաբերէնի մէ՛ջ եւս կը նշանակէ «բարիք»…
Երախ, երախտիք, երախայ, երախայրիք եւ… Երուխան։ Բառերը զիրար կը թելադրեն կարծէք։
Թոյլ տուէք, որ այս պտոյտը եզրափակեմ՝ ոգեկոչելով ԵՐՈՒԽԱՆԸ, որ մեծ նահատակներէն մին եղաւ 1915-ի Մեծ Եղեռնին։ Երուանդ Սրմաքէշխանլեան էր անոր բուն անունը։ Բայց ինք ճաշակաւոր հնարամտութեամբ մը որդեգրած էր «Երուխան» գրչանունը՝ անուն-մականունէն երեք վանկեր կցելով իրարու։
Երուխան բնիկ պոլսեցի էր, Խասգիւղ թաղամասէն։ Ինքնաշխատութեամբ մշակեց ինքզինք ու նետուեցաւ գրական-կրթական ասպարէզ։ Արփիարեանի, Զօհրապի, Հրանդի, Տիգրան Կամսարականի, Լեւոն Բաշալեանի նման մաս կազմեց ԺԹ. դարու Իրապաշտ շարժումին ու դարձաւ մէկը այն յայտնի գրողներէն՝ որոնց ստորագրութիւնը կը փնտռուէր Պոլսոյ «Արեւելք» ու «Մասիս» թերթերուն մէջ։ Շրջան մը կայք հաստատեց Վառնա, ուր խմբագրեց «Շարժում» եւ «Շաւիղ» անունով թերթեր։ Գրեց «Ամիրային աղջիկը» նշանաւոր վէպը ու տուաւ շարք մը սրտայոյզ պատմուածքներ՝ մի՛շտ սեւեռումի ենթարկելով կեանքը խոնարհ դասակարգի մարդոց (ձկնորսներ, բեռնակիրներ, ջրհանկիրներ, շրջուն մանրավաճառներ)։ Տարագրութեան օրերուն ձերբակալուեցաւ Խարբերդի մէջ, ենթարկուեցաւ ահաւոր տանջանքներու. շղթայակապ պտըտցուցին զինք փողոցներու երկայնքին, նախատեցին ու ծաղրեցին, ապա տարին սպանեցին Մաստար լեռան ստորոտը՝ Խարբերդէն քիչ մը անդին։ Կինն ու զաւակներն ալ աքսորեցին Տէր Զօր…։
* * *
Այժմ եկէ՛ք մեր պտոյտը շարունակենք «եչ»-ի հարեւան ածուին մէջ։ Մտնե՛նք «է»-ի պարտէզը։
Հայերէն այբուբենի եօթներորդ այս տառը իմ մտածական աշխարհին մէջ տեղ կը գրաւէ իբրեւ խորհրդանիշը երկու երեւոյթներու.
ա) «Է» գիրով կը բնորոշուի տիեզերքի ստեղծիչը, գերագոյն Էակը՝ Աստուած։ Քանի որ էական բայի եզակի Գ. դէմքը «է»-ն է (եմ-ես-է) ու այդ «է»-ն կը նշանակէ ինչ որ կայ, ան որ կայ, եղող, գոյութիւն ունեցող, ուստի կրօնական գրականութեան մէջ այդ «է»-ն դարձած է նաեւ մակդիրը Աստուծոյ՝ իբրեւ տեւաբար եղողի, գոյութիւն ունեցողի, յաւիտենական գոյացութեան։ Ճիշդ այս ըմբռնումէն ելլելով՝ հայկական բոլոր եկեղեցիներու խորաններուն կեդրոնական բարձրադիր կէտին վրայ թառած կը տեսնենք խոշոր «Է» մը, Արարչագործութեան խորհրդանիշը, որ կարծէք շարունակ կը յիշեցնէ մեզի, թէ եկեղեցին Աստուծոյ Տունն է…։
բ) «Է»-ն մեր քերականութեան մէջ բացառական հոլովի կերտիչն է։ Բոլոր գոյականներու բացառական հոլովը ստիպուած ենք կազմել «է»-ով, նոյնիսկ եթէ այդ մասնիկին ետեւ յօդ կցենք։ Դպրոց-դպրոցի-ԴՊՐՈՑԷ-դպրոցով։ «Տղաքը դպրոցԷՆ տուն վերադարձան»։ «ԴպրոցԷԴ գո՞հ ես»։ «Իր տունը կը գտնուի դպրոցԷՍ մէկ թաղ անդին»։ Նկատեցիք, որ հայերէնի 3 յօդերն ալ կարելի է կցել բացառական հոլովի «է»-ին, առանց ուղղագրական որեւէ փոփոխութեան։ Այս դիւրին ու հիմնական կանոնին մէջ զանցառու ըլլալ՝ կը նշանակէ կռնակ դարձնել մեր քերականութեան ամբողջ համակարգին…։
Որո՞նք են «Է»-ի գործածութեան միւս դաշտերը։
Արդէն խօսած էինք «ե-է» ուղղագրական շփոթը բառնալու քերականական հիմնական կանոններուն մասին։ Հոս կ՚առանձնացնեմ «է»-ին առնչուող որոշ պարագաներ.
– Բայերու անկատար ժամանակները միշտ կը խոնարհուին «Է»-ով։ Կը վազէի-կը վազէիր-կը վազէր-կը վազէինք-կը վազէիք-կը վազէին (անկատար անցեալ)։ Պիտի եփէի-պիտի եփէիր-պիտի եփէր-պիտի եփէինք-պիտի եփէիք-պիտի եփէին (անկատար ապառնի)։
– Հարկ է իւրացնել էական բային խոնարհումը.- եմ-ես-է-ենք-էք-են։ Ուշադի՛ր՝ յոգնակի Բ. դէմքին, որ «ԷՔ» է։ Եւ այս հիմամբ ալ՝ խոնարհումի ներկայ եւ ապառնի ժամանակներու յոգնակի Բ. դէմքերը «է» կ՚առնեն։ Կը տեսնեմ-կը տեսնԷՔ-կը տեսնեն (ներկայ)։ Պիտի դիտեմ-պիտի դիտԷՔ-պիտի դիտեն (բացարձակ ապառնի)։ «Է» կը պահանջեն նաեւ հրամայական եղանակի յոգնակի խոնարհումները.- կերԷ՛Ք, մի՛ ուտԷՔ։ Կրնանք եզրակացնել ուրեմն, որ բայերու վերջաւորութեան՝ «ք» տառէն առաջ մի՛շտ «է» կը գրուի։
– Բառերու վերջաւորութեան գտնուող ԵԱՅ երկհնչիւնը ածանցումի եւ բարդումի ատեն Է-ի կը վերածուի։ Օրինակ՝ քրիստոնեայ-քրիստոնէութիւն, պաշտօնեայ-պաշտօնէութիւն, գործունեայ-գործունէութիւն, հրեայ-հրէաստան։
– «Է»-ով կը գրուին այն բոլոր յատուկ անունները, որոնք ԷՆ, ԷՍ, ԷԼ եւ ԷԹ հնչիւններով կ՚աւարտին։ Օրինակ՝ Արմէն, Արսէն, Աշխէն, Բաբգէն, Գուրգէն, Վազգէն, Սուրէն, Քարէն (Քարէն Եփփէ Ճեմարան), Խորէն, Ռուբէն, Զաւէն, Կարէն։ Մովսէս, Վարդգէս, Յովհաննէս, Արտաշէս, Արիստակէս, Վրթանէս։ Գաբրիէլ, Մանուէլ, Սամուէլ, Դանիէլ, Իսրայէլ, Գնէլ, Բէլ, Բեթէլ, Անժէլ, Զապէլ, Միքայէլ, Ռաֆայէլ։ Էլիզապէթ, Յաբէթ, Համլէթ, Նազարէթ, Ժիւլիէթ։ Այս կանոնին ծիրը կարելի է նոյնիսկ ընդլայնել յատուկ անուններու սահմաններէն անդին, կանոնը մասամբ տարածելով այլ բառերու վրայ եւս, ինչպէս՝ պատճէն, պարէն, արդէն, ամէն, աղուէս, քարտէս, կրկէս, հանդէս, գմբէթ…
– Մեր լեզուին մէջ ունինք նաեւ «է»-ով կազմուած շարք մը յետադաս մասնիկներ ու այդ մասնիկներով շինուած հարիւրաւոր բառեր։ Թուե՛նք.- ԱՐԷՆ-յունարէն, չինարէն։ ԵՐԷՆ-հայերէն, անգլերէն, գերմաներէն, թրքերէն, արաբերէն, ասորերէն։ ԱՒԷՏ-ծաղկաւէտ, բուրումնաւէտ, արդիւնաւէտ։ ԵՂԷՆ-կերպասեղէն, ապակեղէն, բանջարեղէն, ընդեղէն, խմորեղէն։ ԷՔ-տնօրհնէք, ջրօրհնէք, միւռոնօրհնէք, գերեզմանօրհնէք, արժէք։ ՉԷՔ-կարողչէք, միջնորդչէք, կաղանդչէք։ ՊԷՍ-մեծապէս, հոգեպէս, կատարելապէս, վերջապէս, նմանապէս, նոյնպէս։ ՕՐԷՆ-հպարտօրէն, գաղտնօրէն, խստօրէն, արագօրէն, ապօրէն։
Վերոնշեալ կանոններուն եւ ուղեցուցային թելադրանքներուն հետեւող որեւէ հայորդի, վստա՛հ կրնաք ըլլալ, անպայման պիտի կարենայ յաղթահարել ուղղագրական իր դժուարութիւնները՝ մեծաւ մասամբ։
Անդին, օրէնքի կապանքներէն դուրս կը մնան սակաւաթիւ բառեր միայն, որոնք անառակ որդիներու նման կը կարօտին յատուկ ուշադրութեան։ Զորօրինակ, հարց կրնանք տալ մենք մեզի, թէ ինչո՞ւ նմանաձայն վերջաւորութիւն ունեցող կարգ մը բառեր ունին իրարմէ տարբեր ուղղագրութիւն։ Ինչո՞ւ «երես» բառը կը գրուի «եչ»-ով, իսկ «աղուէս»-ը՝ «է»-ով։ Ինչո՞ւ «երեք»-ը «եչ» կ՚առնէ, իսկ «երէկ»-ը՝ «է»։ Ինչո՞ւ «Յովսէփ»-ը կը գրենք «է»-ով, իսկ «կանեփ»-ը (չուաններու պատրաստութեան մէջ գործածուող բոյս մը)՝ «եչ»-ով։ Բացատրութիւն չկայ։ Պէտք է իւրացնել։
* * *
Շատ պիտի զարմանաք՝ եթէ հայերէն բառարանի մը «Է» տառին գլուխը բանաք։ Պիտի զարմանաք՝ տեսնելով որ «Է» գիրով սկսող բառերը չափազանց սակաւաթիւ են, գրեթէ բուռ մը։ Փորձեցէ՛ք մտքի մարզանք մը ընել ու քով-քովի շարել «է»-ով սկսող տասը արմատ բառ։ Պիտի անճրկիք։ 5-6 բառէ աւելին պիտի չկարենաք գտնել…։
Ես բացի Մալխասեան բառարանը ու նախ խանդավառուեցայ՝ առաջին հայեացքով նկատելով որ վեց էջ տրամադրուած էր «է»-ին։ Բայց քանի թղթատեցի այդ էջերը՝ այնքան յուսահատեցայ, որովհետեւ երախտաշատ բառարանագիրը այստեղ մէկտեղեր էր ո՛չ թէ հայերէն բառեր, այլ արեւելահայերու կողմէ օգտագործուող օտարամուտ եւ խորթ բառերու երկա՜ր շարքեր…։ Հայերէ՞ն են միթէ էթնոլոգիան, էլեկտրաֆիկացիան, էլէվատորը, էկզարխը, էկզէման, էկոնոմիզմը, էկստենսիվը, էկրանը, էմբարգօն, էմիգրացիան, էնթուզիաստը, էվոլիւցիան, էտապը, էտիկէտը, էֆֆէկտը եւ այլն, եւ այլն։
Օտար ու անհարազատ պարտէզի մը տպաւորութիւնը թողուց իմ վրայ Մալխասեան բառարանի այս բաժինը։ Հոտաւէտ ու տոհմաբոյր բոյսեր չկային այստեղ, ափսո՜ս։ Պարտէզին ամբողջ մթնոլորտը վանողական էր։ Տխրօրէն փութացի դուրս ելլել այնտեղէն՝ դժուարաւ ջոկելով հոնկէ ինծի հարազատ քանի մը բառ միայն.
– Նախ գտայ ԷԳ բառը, որ կը նշանակէ իգական սեռին պատկանող, ոչ-արական, աղջիկ, կին։ Աշխարհի առաջին նախամարդ էգը Եւան էր, զոր Աստուած ստեղծեց Ադամի կողէն։ Ունինք «էգ»-ով կազմուած ածանցաւոր կամ բարդ բառերու շարք մը, որուն մէջ ուշադրութիւն կը գրաւէ «որձեւէգ» գոյականը։ «Որձ»-ը նոյն արուն է, արական սեռին պատկանողը։ Ուստի՝ «որձեւէգ» կը նշանակէ սեռայնօրէն խառնածին, սեռային յստակ դիմագծութենէ զուրկ կամ սեռափոխեալ։
Անմիջապէս անդրադարձայ, որ ԷԳ-ը խաղեր կրնայ սարքել մել գլխուն՝ եթէ տառ մը աւելցնենք անոր առջեւ։ ՄԷԳ՝ մշուշ, մառախուղ, ՍԷԳ՝ հպարտ, խրոխտ, ՎԷԳ՝ ոտքի ցցուն մանր ոսկոր, կոճ, ՏԷԳ՝ նիզակ, գեղարդ։
«Էգ» բառը պայման է որ գործածուի յա՛տկապէս անասուններու պարագային։ Էգ առիւծ, էգ փիղ, էգ կատու, էգ թռչուն, էգ մուկ։ Բացարձակապէս ներելի չէ, որ կենդանիներու համար գործածուի «տղայ» կամ «աղջիկ» ըսելաձեւը։ Էգ անասուններէն ոմանք, արդէն, ունին առանձին անուանումներ։ Զորօրինակ, ոչխարին էգը՝ մաքի, շան էգը՝ քած, ձիուն էգը՝ զամբիկ կամ մատակ, թռչունին էգը՝ մարի, հորթին էգը՝ երինջ։
Միայն մարդիկն ու անասունները չե՛ն որ բաժնուած են իգական եւ արական խումբերու։ Աշխարհի բազմաթիւ լեզուներ եւս իրենց բառամթերքը բաժնած են արական ու իգական խմբաւորումներու։ Այդպէս են ֆրանսերէնը, արաբերէնը։ Փա՜ռք Աստուծոյ, որ հայերէնը սեռի քերականական կարգ չունի. այլապէս՝ ուղղագրական մեր «լեռնակուտակ» դժուարութիւններուն վրայ պիտի աւելնար բառերուն սեռը որոշելու յաւելեալ տաղտուկն ալ…։ Ու այն ատեն՝ մեր վարժարաններէն շրջանաւարտները ո՛չ թէ երեք-չորս տող անսխալ պիտի չկարենային գրել (ինչպէս է պարագան այժմ), այլ չորս-հինգ բառ պիտի չյաջողէին քով-քովի բերել…։
Լ.Շ.
Հալէպ ■
(Շար.2)