Երբ 1828 -ին ստորագրուեցաւ Թուրքմենչայի դաշնագիրը ռուսական եւ պարսկական կայսրութիւններու միջեւ, Երեւանի խանութիւնը, այսինքնՙ գործնականօրէն Արեւելեան Հայաստանը ամբողջութեամբ միացաւ Ռուսաստանին: Հայեր հրճուանքով տօնեցին այդ իրադարձութիւնը որպէս վերջնական ազատագրում մահմետական իշխանութենէն: Իրականութեան մէջ այդ ընդամէնը ճորտատէրերու փոփոխութիւն մըն էր: Այդուհանդերձ, կատարուածը մեծապէս ողջունուեցաւ Խաչատուր Աբովեանի կողմէ որպես պատմական օրհնութիւն իր «Վէրք Հայաստանի» վէպին մէջ:
Քրիստոնեայ Ռուսաստանի ղեկավարները համեմատաբար աւելի հանդուրժող էին, քան, իրենց օսմանեան իշխանութիւնները: Բայց «համեմատաբար» բառը իր ամբողջական ենթախորքով պէտք է հասկնալ այստեղ, քանի որ հայեր յետագային ռուս պաշտօնեաներէն լսեցին սպառնալիքներ, որ Ռուսաստանին պէտք է Հայաստան մը առանց հայերու: Ռուսական բռնատիրութեան մէկ օրինակը կարելի է համարել այն, որ ցարի հրամանով բռնագրաւուեցան հայկական եկեղեցական կալուածները:
Հայերու նկատմամբ ռուսերու վերաբերումը այնքան ալ չտարբերուեցաւ այլ գաղութարար տէրութիւններէն, ինչպէս օրինակՙ Բրիտանիոյ, վերաբերումը հանդէպ իրենց իշխանութեան տակ գտնուող բնիկ ժողովուրդները: Այդ վերաբերմունքը շատ դիպուկ բնութագրած է ռուս մեծ պոետ Ալեքսանդր Պուշկին Էրզրումեան իր յուշագրութիւններուն մէջ, որոնց միջոցով կը վատաբանէ տարածաշրջանի հայ հասարակ մարդիկ այնպիսի քամահրանքով, ինչպէս Մ. Նահանգներու ծովակալ Մարք Պրիստոլ կը ներկայացնէր զանոնք Պոլիսէն Ուաշինկթոն ուղարկած 1916ի իր զեկույցներուն մէջ: Նոյնիսկ այսօր հայեր, փունջ մը կազմած կովկասեան մնացած ժողովուրդներու հետ, Ռուսաստանի կողմէ կը դիտուին որպէս երկրորդ կարգի քաղաքացիներ:
Սակայն պէտք է նշել, որ ընդհանուր առմամբ ռուսական իշխանութիւնը պատմականօրէն աւելի նպաստաւոր է եղած մեր գոյութիւնը պահպանելու առումով, քան օսմանեան տիրապետութիւնը: Այդ է պատճառը, որ հայ ազգի ղեկավար առաջնորդները, սկսած Իսրայէլ Օրիէնՙ 17-րդ դար միշտ ալ նախընտրած են ռուսական կողմնորոշումը: Ռուսեր, միւս կողմէ, պատմական տարբեր հանգամանքներու ընդմէջէն դաւաճանած են հայերուն: Նման արարքներէ ամենագլխաւորը 1923-ին Լենինի եւ Աթաթուրքի միջեւ կնքուած գործարքն էր, որ վճռեց Հայաստանի ճակատագիրը եւ այժմու սահմանները:
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ի վեր Հայաստան Կովկասի մէջ ռուսական քաղաքական եւ զինուորական ազդեցութեան առաջատար պաշտպանն է եւ կը համարուի Մոսկուայի ռազմավարական դաշնակիցը: Հայաստանի նկատմամբ Ռուսաստանի վերաբերումը, մինչդեռ, եղած է մեծ պետական, ոչ պատշաճ յարգալից:
Անկախութեան առաջին տարիներուն, երբ վերադասաւորումներ կը կատարուէին Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճջանի միջեւ պատերազմ ծագեցաւ: Այդ ժամանակ Հայաստանի մէջ որոշ քաղաքական դէմքեր առաջարկեցին օգտուիլ «երրորդ այլընտրանքային տարբերակէն», որ էր Թուրքիոյ մօտենալը: Հայրենասէր գիտնական Ռաֆայել Իշխանեանը, յատկապէս, կոչ կ՛ընէր յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ, մոռանալով Թուրքիոյ ուղղուած Երեւանի օգնութեան ապարդիւն կոչերը 1921ի փետրուարեան ապստամբութեան (ընդդէմ խորհրդային իշխանութեան) օրերուն:
Թուրքեր մատը մատին չտալով առիթ տուին, որ Հայաստան խեղդամահ ըլլայ արեան մէջ: Նման քաղաքականութիւն Հայաստանի կողմէ անշուշտ նոյնքան պարզամիտ էր, որքան բարձրահունչ: Նախագահ Պորիս Ելցին, այդ ժամանակ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի բարեկամը, չտատանեցաւ օգնելու ազրպէյճանցիներուն, որպէսզի հայկական զօրքերը կոտորելով գրաւէին Ղարաբաղի գրեթէ կէս տարածքը, մինչեւ որ քաղաքական հովերը փոխուեցան, եւ Ղարաբաղը ազատագրուեցաւ շնորհիւ Մոսկուային:
Վերջերս Հայաստան միջին ուղի մը որդեգրած է տարածաշրջանի գերիշխանութեան համար մարտնչող գլխաւոր ուժերու միջեւ: Մոսկուայի հետ ռազմավարական դաշնակից ըլլալով եւ պայմանագիր կնքելով մինչեւ 2044 Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմական բազան պահպանելու վերաբերեալ, Հայաստան, այնուամենայնիւ, կը համագործակցի ՆԱՏՕ-ի հետՙ խաղաղապահ ուժեր ուղարկելով Քոսովօ եւ Աֆղանստան: Հայաստան միաժամանակ կը փորձէ ընկերակցիլ ինչպէս Եւրասիական մաքսային միութեան, այնպէս ալ Եւրոմիութեան Խոր եւ Համակողմանի ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման ծրագրերուն հետ:
Մինչեւ հիմա Մոսկուան հանդուրժողական, բայց նաեւ զգուշաւորութեամբ կը հետեւէր Հայաստանի քաղաքական կողմնորոշումներուն: Ըստ երեւոյթին, ՀԱՊԿ-ի ռազմական բաղադրեալի ժողովին Հայաստանի բացակայութիւնն էր, որ համբերութեան բաժակը լեցուց: ՀԱՊԿ-ի ռազմական այն դաշինքն է որով Փութին կը փորձէ ստեղծել հակադրուելու համար ՆԱՏՕ-ին: Հակառակ որ պաշտպանութեան նախարար Սեյրան Օհանեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ մասնակցելու այդ ժողովին, նախագահ Սարգսեան մեկնեցաւ, այլ պարտաւորուածութիւններ ունենալու պատճառաբանութեամբ, եւ այդ քայլը հաւանաբար Մոսկուայի կողմէ մեկնաբանուեցաւ որպէս մարտահրաւէր, բայց Արեւմուտքի կողմէ ընդունուեցաւ որպէս խիզախ քայլ:
Անոր պատասխանը շատ չուշացաւ: Յայտարարուեցաւ, որ Մոսկուան աւելի քան 1 մլրդ տոլարի զէնք կը վաճառէ Ազրպէյճանին: Իրադրութիւնը կարծես 1990-ականներու կրկնութիւնը ըլլար: Կան թեր ու դէմ կարծիքներ, բայց ընդհանուր առմամբ իրավիճակը աւելի քան անհանգստացնող է: Ամէն անգամ, որ մենք մեր յոյսը եւ ճակատագիրը կապած ենք օտարերկրեայ ռազմական ուժերուն, մենք հիասթափուած ենք: Հայաստանը երկընտրանքի մեջ է: Դէպի ո՞ւր կ’առաջնորդէ դէպքերու ընթացքը:
Ազրպէյճանին զէնք վաճառելը անտարակոյս անորոշութեան մթնոլորտ պիտի ստեղծէ տարածաշրջանին մէջ: Ըստ ռուսական պաշտպանական արդիւնաբերութեան աղբիւրներուն, Ազրպէյճանի հետ 2011-ին եւ 2012-ին կնքուած պայմանագրերու շրջանակներուն մէջ, այդ երկիրը 94 T-90 C տիպի հրասայլեր, մարտամեքենաներ, ծանր հրանետային համակարգեր եւ այլ զէնքեր պիտի ստանայ: Հետաքրքրականն այն է, որ Ռուսաստան հիմա է որ սկսած է յիշել մէկ կամ երկու տարի առաջ ստորագրած պայմանագրերը, երբ պատրաստ է ճնշում գործադրելու Հայաստանի վրայ:
Ազրպէյճանի համար գործարքը հոգեբանական խթան կը հանդիսանայ այն օրերուն, երբ նախագահ Ալիեւ կը պատրաստուի նախագահական իր երրորդ շրջանին համար պայքարիլ: Զրոյցներ շրջան կ’ընեն նաեւ, որ ան կրնայ այդ «տինաստի»ական պաշտօնը վերապահել իր տիկնոջՙ Մեհրիպան Ալիեւային, սպասելով, անշուշտ, երախաներու մեծնալուն եւ իրենց հերթին այդ պաշտօնի տէրը դառնալու:
Ալիեւը վերջերս Եւրոպա կատարած իր այցելութեան ժամանակ արժանացաւ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Տեյվիտ Քամերոնի եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Խոզէ Մանուել Պարրոզոյի գովասանքներուն: Անոնք արդարացուցին Ալիեւի բռնակալական իշխանութիւնը, խոստովանելով, որ «Եւրոպան ալ կատարեալ չէ»:
Հայաստանի քաղաքական շրջանակները կը դժուարանան արդարացնել ռուսական զէնքի գործարքը Ազրպէյճանին հետ: «Բայց անոնք (եւ ընդհանրապէս հայեր) պէտք չէ քննադատեն Ռուսաստանըՙ Ազրպէյճանին զէնք վաճառելու համար», ըսաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեանը, աւելցնելով, որ Ռուսաստան իրաւունք ունի զէնք վաճառելու որեւէ երրորդ, այդ նիւթով նաեւ Հայաստանի թշնամի երկրի մը: Ան նաեւ նշեց, որ Մոսկուան եւ Երեւանը շուտով կը ստորագրեն ապահովութեան եւ անվտանգութեան նոր պայմանագիր մը:
Մեկնաբաններն, իրենց հերթին, կը նշեն, որ մտահոգութիւններուն զուգահեռ հաւասարակշռութիւնը պիտի չխախտուի, քանի որ Հայաստանն ալ զէնք կը ստանայ Հայաստանէն:
Հանգստացնող խօսքեր լսուեցան նաեւ ռուսական կողմէն: Գիւմրիի ռուսական բազա այցելութեան ժամանակ ՌԴ ԱԱԽ քարտուղար Նիկոլայ Պատրուշեւը վստահեցուց, որ ռուսական զինծառայողներու ներկայութիւնը երաշխիք է, որ ոչ մէկ բացասական զարգացում տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ: Որեւէ յարձակման պարագային Գիւմրիի մէջ տեղակայուած հինգ հազարանոց ռուս անձնակազմը հայերու հետ կողք կողքի կը կռուի:
Ազրպէյճան զէնք կը գնէ նաեւ Իսրայելէն: Ուժերու հաւասարակշռութիւնը չէ, որ ապահովելու է Հայաստանի ապահովութիւնը, այլ ռազմավարական առաւելութիւնը:
Բոլոր վերոնշեալ դատողութիւններն ու պատճառաբանութիւնները չեն կրնար հանգստացնել Հայաստանի քաղաքացիներուն միտքերը: Անոնք հակուած են աւելի խաղաղ վայրեր որոնելուՙ հեռու ամեն տեսակի հնարաւոր պատերազմական վտանգներէն:
«Մոտուս վիվենդի» կեդրոնի տնօրէն Արա Պապեան կը մեղադրէ Ռուսաստանըՙ Ազրպէյճանին զէնք վաճառելուն համար, յայտնելով, որ Ռուսաստանը ըլլալով Հայաստանի դաշնակիցը, պէտք չէ նման քայլ կատարեր: «Մեր դաշնակիցը կը զինէ մեր թշնամին: Հայաստանը պէտք է պաշտօնապէս դատապարտէ այդ քայլը», ըսած է ան լրագրողներուն:
Մինչ Կովկասի մէջ մթնոլորտը կը բարելաւուէր Վրաստանի նորընտիր կառավարութեան հետ աւելի բարեկամական յարաբերութիւններու հեռանկարով եւ Իրանի չափաւոր բարեփոխական Հասան Ռոհանիի նախագահ ընտրուելուն շնորհիւ, Ռուսաստանի գործողութիւնները տարածաշրջանը դարձեալ կը դարձնեն պայթիւնավտանգ եւ կը ստիպեն Հայաստանի քաղաքացիներուն երկմտելու բարեկա՞մ է արդեօք Մոսկուան, թէ՞ թշնամի:
Տիթրոյթ, ԱՄՆ, Թարգմ. Յ. Ծ.