ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ – ՀԱԼԷՊ
«Գանձասար» գրած էր.«Կարգ մը վարժարաններ աշակերտութեան թիւը բարձրացնելու համար իրենց դռները բացին նաեւ օտար աշակերտներու դիմաց, առանց նկատի առնելու այդ քայլին բացասական հետեւանքները»։
Իրականութիւնն այն է, որ մեր դպրոցներէն ոմանք Սուրիոյ պատերազմէն առա՛ջ իսկ արդէն սկսեր էին իրենց դռները քիչ-քիչ բանալ օտար (տեղացի) աշակերտներու առջեւ։ Եթէ պրպտենք հին արխիւները ու երեւան հանենք դպրոցներու աշակերտութեան անուանացանկերը, դիւրաւ պիտի նկատենք, որ 2000-կան թուականներու առաջին հնգամեակին ու տասնամեակին արդէն շօշափելի թիւով ոչ-հայ աշակերտներ ներգրաւուած էին մեր կարգ մը դպրոցներէն ներս։
Այդ տարիներուն Հալէպ ունէր հոծ հայութիւն, ունէր 7000-է աւելի հայ աշակերտութիւն, թիւի նօսրացումի հարց չկար։ Ուրեմն, ինչո՞ւ կարգ մը դպրոցներ անպատեհութիւն չէին տեսներ ոչ-հայ աշակերտ արձանագրելու իրենց յարկերէն ներս։ Կ՛երեւի թէ նիւթական տագնապ կ՛ապրէին. դպրոցին տարեկան պիւտճէն հաւասարակշռելու ստիպողութեան տակ էին։ Կամ ալ՝ թերեւս ազգային դիտանկիւնէ անպատեհութիւն չէին տեսներ հայ եւ ոչ-հայ աշակերտներու դպրոցական միասնութենէն։
Մենք, այդ օրերուն իսկ (այսինքն՝ շուրջ 15 տարի առաջ) լուռ կը տագնապէինք այս հարցով։ Կը զգայինք, որ այս գնացքը ԱՆՎԵՐԱԴԱՐՁ հոլովոյթ մըն է։ Այդպէս ալ եղաւ։
Անմիջապէս նշենք այստեղ, թէ 10-15 տարի առաջ ոչ-հայ աշակերտութեան թիւը մեր դպրոցներէն ներս դեռ այնքան ճնշիչ չէր, վարժարանին հայախօս մթնոլորտը խաթարելու չափ վտանգաւոր համեմատութեան չէր հասած, որքան հասած է հիմա։ Այնուհանդերձ, մենք մտահոգութեամբ կը նայէինք այդ դպրոցներուն եւ կ՛ակնկալէինք որ անոնց վարիչներն ու պատասխանատու մարմինները աւելի նախանձախնդիր ըլլային իրենց խնամքին յանձնուած կրթական օճախներուն հայեցի դիմագիծին հանդէպ ու ՈԳԻՆ չզոհեն ԴՐԱՄԻՆ։
Բայց ցաւով կը նկատէինք, որ այսպիսի հարցերու կարեւորութիւն տուող չկար։
Հիմա ցաւալի արդիւնքը մէջտեղն է ահաւասիկ։ Այդ նոյն դպրոցները մեր բոլորին աչքերուն առջեւ հետզհետէ կը պարզեն իրենց ԱՊԱՀԱՅԱՑԱԾ դիմագիծը։ Ափսո՜ս։
Կար ժամանակ, երբ մեր բոլո՛ր դպրոցներն ալ մէկ-մէկ անառիկ ամրոցներ, բերդեր էին։ Ո՛չ մէկ օտար տարր կը համարձակէր թափանցել այդ ամրոցէն ներս, որովհետեւ ամրոցին դարպասին առջեւ աչալուրջ կը հսկէին «քաջազուն բերդապահներ» (տնօրէն, հոգաբարձու, միութենական ղեկավար եւ այլն)։ Այսօր, պատկերը շրջուած է դժբախտաբար։ Երբեմնի անառիկ ամրոցին պարիսպները փլած են տեղ-տեղ, դարպասն ու քովնտի դռները անփութօրէն լա՜յն բացուած են արտաքին աշխարհին առջեւ, ու ինչ որ ամէնէն ճակատագրականն է՝ «քաջազուն բերդապահներ»-ը անհետացած են հրապարակէն…
Բերդին վերեւ՝ 80 կամ 90 տարիէ իվեր հպարտօրէն ծածանող հայկական արծուազարդ դրօշակը սահեր-ինկեր է գետին…։
Կրնա՞նք ակնկալել, որ հրաշք մը պատահի, «քաջազուն բերդապահներ»-ուն շառաւիղները դա՛րձեալ յայտնուին ճակատի վրայ ու գետնէն վերցնեն ինկած դրօշակը…։