Աշխարհի սեւեռակէտը այս օրերուն ուղղուած է Արաբական Ծոց` առաջին հերթին նաւթային պատճառներով, երկրորդ` Իրանի միջուկային ծրագիրները եւ երրորդ` Իրանի դէմ ռազմական եւ քաղաքական հակամարտութեան հետեւանքները: Ծոցը այս օրերուն ողողած է ամերիկեան օդանաւակիրներով, ամերիկեան եւ արեւմտեան նաւատորմերով: Միւս կողմէ, Իրանեան բանակը ռազմափորձեր կը կատարէ Ծոցին մէջ եւ կը սպառնայ փակել Հորմուզի նեղուցը:
Հորմուզի նեղուցը փակել կը նշանակէ կանխել օրական տասնեօթ միլիոն տակառ նաւթի հոսքը աշխարհի տարբեր ցամաքամասեր: Ձիւնագնդակի տպաւորութիւն ստեղծող այս կացութիւնը մտահոգած է Արաբական Ծոցի բազմաթիւ պետութիւններ: Այս մտահոգութենէն մեկնելով, անցնող օրերուն, Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամայի մէջ տեղի ունեցաւ շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան նուիրուած միջազգային խորհրդաժողով մը, որուն նաեւ մասնակցեցաւ Պահրէյնի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը: Խիստ նշանակալից այս խորհրդաժողովին ընթացքին, Արաբական Ծոցի մէկէ աւելի պետութիւններ քննադատեցին Ծոցի մէջ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը: Քննադատութիւնները, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչ իշխան Թըրքի Ֆայսալի կողմէ ստացան այնքան սուր բնոյթ, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը բողոքեց Ուաշինկթընի հասցէին կատարուող քննադատութիւններուն ապա հեռացաւ խոհրդաժողովէն: Միացեալ Նահանգներու հասցէին յղուած քննադատութիւններուն մէջ ուշագրաւ էր Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչին հետեւեալ ակնարկը, թէ Իրաք նախապէս հիմնական ուժ մը կը ներկայացնէր շրջանային եւ յատկապէս Արաբական Ծոցի քաղաքականութեան մէջ: Սակայն ամերիկեան դատապարտելի ներխուժումին հետեւանքով, ան կորսնցուցած է իր անցեալի դիրքը: Խախտած է նաեւ նախապէս գոյութիւն ունեցող շրջանային կայունութիւնը եւ Իրանի ղեկավարութեան առջեւ բացուած է Արաբական Ծոցի քաղաքականութիւնը իր ափերուն մէջ վերցնելու կարելիութիւն: Իշխան Ֆայսալ յայտնեց, թէ Իրաք ներխուժումը ոչ միայն սխալ մըն էր, այլ` աղէտ, համայն Միջին Արեւելքին:
Այստեղ անհրաժեշտ է Արաբական Ծոցի պետութիւններուն յիշեցնել անոնց բերած ՙգործնական՚ մասնակցութիւնը` Իրաքի դէմ հաստատուած պաշարումին ընթացքին, որ նուազ յանցագործութիւն մը չէր, ամերիկեան ներխուժումին նախօրէին: Ո՞վ կրնայ մոռնալ արաբական պետութիւններու ցնծութիւնը երբ ամերիկեան բանակը գրաւեց Պաղտատը: Ո՞վ առաւել եւս կրնայ մոռնալ անոնց ապերախտութիւնը` Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգին հանդէպ, որ ութ տարի շարունակ Արաբական Ծոցը պաշտպանեց իրանեան թափանցումներուն դէմ:
Իրաքի դէմ ամերիկեան զօրասիւններու մուտքը, տնտեսական, մշակութային կորուստներու զուգահեռ արժեց միլիոնէ աւելի իրաքցիներու կեանքը: Առաւել եւս, շրջանային քաղաքականութեան մէջ զօրացուց Իրանի ազդեցութիւնը: Վստահաբար Արաբական Ծոցի պետութիւնները պատասխանատուութեան մեծ բաժին մը կը կրեն ստեղծուած նոր կացութեան առջեւ: Անոնց մէջ յատկապէս Սէուտական Արաբիան, իբրեւ Միացեալ Նահանգներու հաւատարիմ դաշնակիցը: Իշխան Ֆայսալ միաժամանակ փաստօէրէն կը քննադատէր իր երկրին վարած անցեալի քաղաքականութիւնը:
Սխալը ընդունիլը առաքինութիւն է: Արաբական աշխարհը այսօր կը խուսափի Իրաքի օրինակով նոր սխալի մը կրկնութենէն: Իրանի հետ տարակարծութիւններ ունենալ չի նշանակեր այնպայման ռազմական գործողութիւններու դիմել:
Արաբական աշխարհը այսօր ականատես կը դառնայ Իրանի դէմ պատերազմելու իսրաէյլաամերկեան նախապատրաստութիւններուն: Արաբական կարգ մը պետութիւններ կը ցուցաբերեն խանդավառութիւն: Ոմանք կþաղօթեն, որ վայրկեան մը առաջ տրուի յարձակումի ազդանշանը, այնպէս ինչպէս կþաղօթէին Սատտամ Հիւսէյնի տապալումը: Արդեօ՞ք այդ պետութիւնները լաւապէս ուսումնասիրած են Իրանի դէմ ամերիկեան յարձակումի մը պարագայինª պատերազմին յաջորդ քայլերը: Եւրոպական Միութիւնը, Միացեալ Նահանգներ կը խուսափին Իրանի դէմ ուղղակի առճակատումէն: Իսրայէլն է, որ Ուաշինկթընը կը փորձէ պատերազմի մէջ խրել Իրանի դէմ:
Իշխան Ֆայսալ յայտնեց, թէ Ռիատի եւ Թեհրանի փոխյարաբերութիւններուն մէջ առկայ են լուրջ տարակարծութիւններ£ Սակայն երկխօսութեան եւ փոխադարձ վստահութեան վերականգնումով կարելի է լուծել զանոնք, եւ ոչª առճակատումով£
Իրանեան նաւթին փոխարէն սէուտական նաւթին միջին արտադրութիւնը բարձրացնելու նախաձեռնութիւնը, արդեօ՞ք չի յիշեցներ նոյնինքն նաւթի արտադրութեան քանակը անհաշիւ բարձրացնելու Սէուտական Արաբիոյ որոշումը, որուն հետեւանքով Սատտամ Հիւսէյն խուժեց Քուէյթ:
Միացեալ Նահանգներ Իրաք ներխուժեց Իսրայէլի ազգային անվտանգութիւնը ամրապնդելու ննկատառումով: Այսօր Միացեալ Նահանգներ, նոյնինքն իսրայէլի դրդումով Իրանի վրայ յարձակելու պատրաստութիւններ կը կատարէ: Իրանի միջուկային զէնքը ոչ ոքի կը սպառնայ, ան կը սպառնայ Իսրայէլին: Այստեղ հարցում մը արաբական աշխարհի մեծամեծներուն` իսրայէլեան միջուկային զէն՞քը կը սպառնայ արաբական աշխարհին, թէ իրանեան: Արաբական աշխարհը ինչո՞ւ չի բողոքեր Իսրայէլի տիրապետած երկու հարիւրէ աւելի միջուկային հրթիռներուն դէմ:
Միացեալ Նահանգներ բաւական սուղ մուրհակ մը վճարել ստիպեց արաբներուն, երբ ներխուժեց Իրաք: Ան ծուղակ մը եւս լարեց արաբներուն դէմ, երբ վերջապէս յաջողեցաւ բաժնել Սուտանը: Լիպիան տեղադրեց ՆԱԹՕ-ի տիրապետութեան տակ: Ան այսօր կը փորձէ իւրացնել եւ իր ափերուն մէջ վերցնել Եգիպտոսի յեղափոխութիւնը: Նոյնինքն Միացեալ Նահանգներ կþաշխատի համայնքային հակամարտութիւններու մէջ արիւնաքամ դարձնել արաբական աշխարհը:
Արաբական Ծոցին մէջ այս հանգրուանին կը բացակայի Սատտամ Հիւսէյնի նման Իրանի դէմ դնող անձնաւորութիւն: Ճիշդ այս իրողութիւնը գիտակցելով, իշխան Ֆայսալ Թըրքի կը փորձէ դեսպանին եւ արաբական երկիրներուն հասկցնել, թէ Իրանի դէմ առ ճակատումը կործանարար հետեւանքներ պիտի ունենայ Միջին Արեւելքի եւ Արաբական Ծոցի պետութիւններուն համար:
Մաղթենք, որ իշխան Ֆայսալ Թըրքիի քննադատութիւնները յաջողին արթնցնել ամերիկացի դեսպանը եւ նոր էջ մը բանան արաբական աշխարհին հանդէպ անոնց քաղաքականութեան մէջ:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com