Մարոնիներու Պշարա Ռաայի պատրիարքը ծանօթ է իր համարձակ կեցուածքներով: Արժանաւոր յաջորդը Հայէք եւ Մաուշի պատրիարքներուն, Ռաայի կը շարունակէ վար պահել ազգային, քաղաքական կեանքին մէջ Պքերքէի շրջահայեաց եւ հայրենասիրական դերակատարութիւնը: Քաղաքական դաշնակիցներ չունի ան: Կրնաք բաժնել կամ մերժել անոր կեցուածքները, սակայն մէկ բան յստակ է՝ ազգային շահերէ կը բխին Պքերքէի դիրքորոշումները:
Կիրակի օր, Ռաայի պատրիարքը թմբիրէն դուրս գալու կոչ մը ուղղեց լիբանանի քաղաքական խաւերուն, աւելցելով, թէ անոնց ապրած եւ կիրարկած քաղաքականութիւնը երկիրը մխրճած է աղքատութեան եւ քայքայումի ճահիճին մէջ: Շատ հաւանաբար ոմանց տեսակէտներուն ներհակ են պատրիարքին արտայայտութիւնները: Տարօրինակութիւններով լեցուն մեր ծննդավայրին մէջ, ոմանց համար սովորական դարձած է կանաչ ոսպնիակներով դիտել Լիբանանը: Բայց ամէն ոք չի կրնար ինքնախաբէութեամբ ապրիլ: Լիբանանը յատկանշողը մայրաքաղաքի կեդրոնական պողոտաներուն վրայ տեսնուող եռռւզեռ չէ, ոչ ալ՝ գիշերազբօսիկ վայրերու մէջ ժողովուրդին հազիւ հինգ առ հարիւրին հասանելի մթնոլորտը: Լիբանան կ’ապրի տնտեսական եւ ընկերային իսկական տագնապ:
Այսուհանդերձ միայն մարոնի պատրիարքի ձայնին չենք անսար, երբ կը խօսինք Լիբանանի քաղաքական, ապահովական, ընկերային եւ տնտեսական մտահոգիչ կացութեան մասին: Պատրիարքը կը խօսի բոլոր իրաւազուրկներուն, արդար օրապահիկով ապրիլ փափաքող մարդոց անունով: Բոլոր անոնց, որոնց բողոքի ձայնին դէմ լռութեան վճիռ արձակած է ճակատագիրը: Պատրիարքը կը փնտռէ այն քիչերը, որոնք իսկապէս կը ձգտին կերտելու ազատ եւ գերիշխան պետականութիւն: Այն քիչերը, որոնք լքելով անձնական շահ, պայքարի ելած են ամրապնելու Լիբանանը բնորոշող համակեցութիւնը, բաժնեկցութիւնը: Լիբանան այսօր աւելի քան՝ երէկ կաթուածահար դարձած է արտաքին միջամտութիւններու բաւիղին մէջ: Արեւելքէն՝ Արեւմուտք միջամտութիւններու խաչմերուկ մը դարձած է Լիբանանը: Բոլորը անխտիր, լիբանանցիներու միամիտ եւ անհեռատես քայլերուն մէջ կը փորձեն լուալ իրենց «աղտոտ լաթերը»: Բնական է, որ այսպէս պիտի չըլլար եթէ օտարներու բարեհաճութեան եզակի ազնիւ ոգին չյայտնաբերուէր լիբանանցիներուն մօտ: Շրջանային եւ միջազգային խաղաքարթերու եւ վերիվայրումներու մէջ տուայտող Լիբանանին մէջ քիչեր կը մտածեն երրին ապագային եւ քաղաքացիին կեցութեամբ: Մեծամասնութիւնը հոսանքին հետ կը վազէ, յաճախ ալ հոսանքէն արագ…: Քիչեր կը փորձեն դէմ դնել հոսանքին: Լիբանանի քաղաքական այրերուն յղուած պատրիարքին կոչը զգաստութեան հրաւէր մըն է, չդաւելու՝ հայրենիքին ու անոր ժողովուրդին դէմ: Զգաստութեան կոչ, բոլոր անոնց, որոնք համաշխարհային տնտեսական փոթորիկին մտահոգիչ ցնցումները անտեսելով , խնայողութեան պատրուակին տակ տակաւ կը սնանկացնեն երկրիրը: Զգաստութեան խօսք, բոլոր անոնց, որոնք երկրին սահմանափակ կարելիութիւնները՝ ժողովուրդին կենցաղային ու ընկերային հարցերուն նուիրաբերելու փոխարէն եղած փշռանքները իւրացնելու պայքար կը մղեն իրարու դէմ: Զգաստութեան կոչ բոլոր անոնց, որոնք երկիէը Արաբական Գարնան ցնցումներէն խնայելու փոխարէն՝ օտար վարչակարգեր տապալելու եւ կամ անոնց շարունակութեան վրայ կը դնեն իրենց գրաւը, մոռնալով՝ փխրուն եւ բեւեռացած քաղաքական իրականութեան վրայ իրենց կեցուածքներուն ունենալիք տխուր հետեւանքները: Պատրիարքին կոչը զգաստութեան հրաւէր է բոլորին, անտեսելու սադրանքներն ու դաւերը, բաժնեկցութեան ձեռք մեկնելու նախ իր հայրենակիցին ու արիւնակիցին հետ եւ մտածելու հայրենիքի ճակատագիրին մասին: Պատրիարքին շատ մը կեցուածքները կրնան հակոտնեայ ըլլալ ոմանց, սակայն անոր ձայնը համսետ ու անտէրութեան մատնուած լիբանանցիին ճիչն է: Պատրիարքին կոչը ուղղուած է բոլոր անոնց, որոնք կը քմահաճօրէն կը սպառնան կառավարութիւնը անդամալուծել, որոնք պատրաստ չեն շալկելու պատասխանտուութիւն:
Ներքին գործոց նախարարը անցնող օրերուն դառնութեամբ խոստովանեցաւ, թէ երկիրը ապահովական գետնի վրայ «բաց հովիտի» մը վերածուած է օտարներու առջեւ: Ժողովրդավար եւ գիտակից հասարակութեան մը պարագային, նախարարի նման յայտարարութիւն մը բաւարար պիտի ըլլար, որ տուեալ կառավարութիւնը հրաժարէր : Սակայն մեր ապրած լիբանանեան ժողովրդավարութեան խորթ են նման կեցուածքներ: Բայց դէպի ու՞ր կը փորձեն հասցնել երկիրը այսպիսի մարդիկ:
Քսան չորս ժամ ելեկտրականութիւն խոստացող նախարարին կ’ըսենք՝ շնորհակալ ենք, որ Վսեմութիւնդ՝ օրական մէկ քանի ժամ ելեկտրականութիւն շնորհք կ’ընէ քաղաքացիներուն…: Ու՞ր մնացին հեռախօսային հաղորդակցութեան պայմանները բարելաւելու համապատասխան նախարարին խոստումները, երբ նախարարը դարձած է հաղորդակցական տեղեկութիւններ պահող գործակատար: Ժամանակն է, որ կառավարութիւնը համեստ քայլերով հեռանայ քաղաքական բեմէն: Այս բոլորէն աւելի մտահոգիչը, մեր կառավարութիւնը կորսնցուցած է իր ազգային դիմագիծը, կարծէք այլ պետութեան մը կառավարութիւնը ըլլար: Ճիշդ այս պատճառով, հանրապետութեան նախագահը անցնող օրերուն իր դժգոհութիւնը յայտնեց անոր աշխատանքէն, զայն նկատելով անբաւարար: Արտաքին եւ ներքին ճակատներու վրայ անոր դրսեգորած քայլերուն մէջ կը բացակայի ինքնութիւն եւ ազգային արժանապատուութիւն: Կ’ապրինք կացութիւն մը, ուր բանականութեան փոխարէն կը տիրէ զէնքի ու քաղաքական ոճիրներու մշակոյթ: Այս բոլորին առջեւ պատրիարք Ռաայի արդարօրէն սթափելու կոչ պիտի ուղղէր լիբանանցիներուն, հայրենիքը խնայելու արտաքին իր ներքին հարուածներէն: : Հասկցողին շատ բան…:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com