Պատմութեան մէջ հանդիպած ենք թուականներու, ժամանակաշրջաններու որոնք ոչ միայն հետք ձգած են տուեալ ժողովուրդին ինքնութեն եւ ազգային նկարագրին վրայ, այլեւ դարձած են խորհրդանիշ: Բաւարար է յիշատակել դէպք կամ ժամանակաշրջան, որպէսզի զատորոշենք ժողովուրդներու իւրայատկութիւնը: Հայ ժողովուրդի պարագային, անոր ինքուրոյնութեան եւ գոյութեան իրաւունքի հիմքը անվարանօրէն կարելի է ընդունիլ մեր ժողովուրդի պատմութեան չորրորդ եւ հինգերորդ դարերուն, կրօնական, մշակութային եւ քաղաքական մտքի զարթօնքը:
Քրիստոնէութեան ճանաչումը, հայ գիրերու գիւտը եւ Վարդանանց հերոսամարտը ու անոր յաջորդող Վահանեաց շարժումը եկան կազմաւորելու հայ ժողովուրդի նկարագիրը: Կրօնը խորհրդանշող եկեղեցւոյ, մշակոյթը խորհրդանշող գիրերուն եւ հայրենասիրութիւնը խորհրդանշող Վարդանանց ճակատամարտին վրայ կերտուած է մեր ազգային անհատականութիւնը: Փաստօրէն չորրորդ եւ հինգերորդ դարերուն արձանագրուած հոգեմտաւոր զարթօնքը վճռեց իբրեւ ազգ գոյատեւելու մեր իրաւունքը:
Այսօր մենք կը խօսինք Վարդանանց հերոսամարտին մասին: Անհրաժեշտ է արժեւորել ու հետեւութիւններ քաղել հերոսական այս դրուագէն: Սասանեան կայսրութիւնը վերակենդանացնելու եւ զրադաշտական կրօնքը տարածելու դէմ կեցած էր Հայաստան անունով փոքր երկիր մը: Մեր կողմէ քրիստոնէութիւնը ընդունելու իրողութիւնը աւելի կը սաստկացնէր այդ թշնամանքը: Անոնց ծրագիրն էր արմատախիլ ընել քրիստոնէութիւնը եւ հաստատել զրադաշտական կրօնք: Մէկ խօսքով, հայ ժողովուրդը զրկել իր յենակներէն: Փաստօրէն, մեր եկեղեցին, մեր լեզուն եւ մեր պետականութիւնը իր գոյութեան պայքարը պիտի մղէր Սասանեաններու լուծին դէմ: Ապագայ սերունդներուն կարելի պիտի չըլլայ Վարդանանց հերոսամարտին խորհուրդը փոխանցել առանց վերլուծելու մեր ժողովուրդի կազմաւորման մէջ եկեղեցւոյ, հայ գիրերու գիւտին եւ ազատատենչ Հայկին հետեւելու` միացեալ եւ միաձոյլ Երրորդութեան ունեցած դերակատարութիւնը: Առանց Սուրբ Սահակի ու անոր գործընկերներուն, առանց Սուրբ Ղեւոնդի գործակցութեան անկարելի պիտի ըլլայ ըմբռնել Վարդանանց երեւոյթը: Ճիշդ այս մթնոլորտէն կը բխի ժամանակի ամեմամեծ կայսրութիւններէն մէկուն դէմ մեր ժողովուրդի հերոսական դիմադրութեան ի տես ՙՄահ ոչ իմացեալ մահ, մահ իմացեալ անմահութիւն՚ Եղիշէի մարգարէաշունչ արտայայտութիւնը:
Եթէ Հայկը մեր տոհմին նահապետն է, Արան` հաւատարմութեան խոդհրդանիշը, Վարդանի հոգին մուտք գործած է ամէն հայու հոգւոյն մէջ: Վարդանանց ճակատամարտը քանի մը ժամուան ընթացքին աւարտեցաւ հայ կտրիճներու նահատակութեամբ, սակայն թշնամւոյն փիղերն ու ռազմական անհամեմատելի առաւելութիւնները անզօր մնացին ջնջելու մեր հաւատքը: Ի վերջոյ, շնորհիւ այդ հաւատքին, Վարդանանց ճակատամարտէն երեսուն տարի ետք, թշնամին հրաժարեցաւ մեզ բռնի ձուլման ենթարկելու քաղաքականութենէն:
Իւրաքանչիւր քաղաքակիրթ ժողովուրդ վստահաբար պիտի հպարտանայ իր անցեալով: Մեր փոքրաթիւ ժողովուրդը կերտած է հպարտանալու եւ յիշատակութեան արժանի բազմաթիւ էջեր: Պատմութեան սլաքը կը դառնայ եւ մեր առջեւ կը ցցուին նոր մարտահրաւէրներ: Գոյութեան պայքարի այս տարաբնոյթ դաշտին մէջ մենք իրաւունք չունինք մոռնալու Վարդանանց նահատակներու հաւատքն ու ոգին: Ընդհակառակը, պարտաւորութիւնը ունինք հաւատարիմ մնալու եկեղեցւոյ, մշակոյթի եւ հայրենասիրութեան վրայ դրոշմուած Վարդանանց նահատակներու հաւատքին: Մեր այսօրը չի տարբերիր երէկէն: Վարդանանց նահատակներուն ուխտին մեր հաւատարմութիւնը վերանորոգելու անհրաժեշտութիւնը ունինք այսօր: Արտաքին թշնամիներ ունէինք անցեալին, այսօր դժբախտաբար ներքին թշնամիներ ալ ունինք:
Դժբախտաբար, եթէ անցեալին օտարները կը հալածէին մեր կրօնքը, այսօր մենք եւս կը հալածենք, մեր` անտարբերութեամբ: Վկայ մեր կիսադատարկ եկեղեցիները: Աղանդաւորական շարժումներ գետնառիւծներու նման կը վխտան մեր շուրջ: Հայ ընտանիքը, հայ պատանին ինչպէ՞ս կը պաշտպանենք հոգեւորսներու գիշատիչ մագիլներէն: Կրօնական դաստիարակութիւն առ հասարակ գոյութիւն ուն՞ի հայկական վարժարաններուն մէջ` Լիբանան եւ ի սփիւռս աշխարհ… կը տարակուսինք: Ոմանք ալ կրօնական դաստիարակութեան եւ բարոյագիտութեան անուան տակ հրէից պատմութիւն կը դասաւանդեն…: Արդեօ՞ք հայկական քանի վարժարաններու մէջ կþերգուի Նորահրաշ Պսակաւորը, կամ` Թէ Հայրենեաց Պսակադիրը…: Քանինե՞ր կþերգեն ազգաշունչ մեր երգերը այսօր: Կը մեղանչենք իբրեւ անհատ: Կը մեղանչենք իբրեւ ազգ: Մինչեւ երբ եւ դէպի ու՞ր այս նահանջը: Եթէ մարդիկ լռեն, քարերը պիտի աղաղակեն…:
Մարդային եւ ժողովուրդներու պատմութեան մէջ ապացուցուած է, որ հաւատքի հետեւանք են մեծ սխրագործութիւնները: Հաւատքի հերոսները միայն կրնան յաղթահարել մահը ու կերտել նոր Վարդանանքներ: Հաւատքէն կը բխին անհատներու եւ ժողովուրդներու մեծ գաղափարները: Եւ վերջապէս ին՞չ է հայրենասիրութիւնը եթէ ոչ, հաւատք դէպի ապագայ: Հաւատքէն կը ծնի ընկերոջ, բարեկամին եւ հաւաքականութեան հանդէպ նուիրումն ու ծառայութիւնը: Այսօր պիտի ընդունինք, որ հաւատքը խախտած է մեր մէջ: Անտարբերութիւնը, նիւթապաշտութիւնը, մակերեսայնութիւնը եւ փառասիրութիւնը խիտ թաղանդի տակ ծածկած են մեզ` մեծամասնութեամբ: Երկրորդականը կը սպառնայ կարեւորին, սխալը` արդարին£ Բոլորիս, Սփիւռք եւ հայրենիք կը սպառնայ տեղատուութիւն եւ լճացում: Մենք կը մոռնանք մեզ միացնող գործօնը` հաւատքը: Իսկ հաւատքը հրաշքներ կը գործէ, վկայ պատմութիւնը, վկայ Վարդանանց հերոսամարտը: Վերադառնանք մեր արմատներուն, մաքուր ու անեղծ հաւատքին, գօտեպնդուինք Վարդանանց Սուրբերու հաւատքով եւ այդ հաւատքով պահպանենք մեր հայրենիքը, Արցախը: Այդ հաւատքով հետապնդենք Ցեղասպան թուրքին դէմ մեր պահանջատիրական պայքարը: Այդ հաւատքով պահպանենք Սփիւռքը եւ սփիւռքեան մեր կառոյցները:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com