Աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ, հայ ժողովուրդը այսօր կ’ոգեկոչէ Սումկայիթի զոհերուն յիշատակը: Ընդամէնը քանի մը օրերու ընթացքին, ազերի կառավարութեան հրահանգով, բանակը՝ գաղտնի սպասարկութեան միաւորներուն հետ գործակցաբար Ատրպէյճանը «մաքրագործեց» հարիւր եւ աւելի տարիներ այդ հողերուն վրայ իր բեղուն դերակատարութեամբ փայլող հայ համայնքէն:
Շուրջ հինգ հարիւր հազար հայեր քանի մը օրերու ընթացքին տեղահանուեցան Ատրպէյճանի տարբեր քաղաքներէն: Այս բոլորը տեղի կ’ունենային լրատուական աղբիւրներէ հեռու: Մամուլը եւ լրատուութիւնը Խորհրդային Միութեան մէջ ենթակայ էր մնայուն գրաքննութեան: Այդ օրերուն գոյութիւն չունէին մեր այսօրուան հաղորդակցական արհեստագիութեան ընծայած «Այֆոն»ները, «Ֆէյսպուք»ի կայքէջները…: Ոչ ոք գիտէր, թէ ին՞չ կը կատարուէր Ատրպէյճանի մէջ: Այս մասին խօսիլն ու հարցնելն անգամ սխալ կը մեկնաբանուէր: Բայց ազերիկան իշխանութիւններ, Մոսկուայի կարգ մը ղեկախարներու հետ դաւադրաբար գաղտնօրէն կը «տնօրինէին» հայութեան ճակատագիրը: Հայերու դէմ կազմակերպուած վայրագութիւններու ամենակատաղի դէպքերը իրագործուեցան Պաքուէն քսան քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սումկայիթ քաղաքին մէջ: Ազերիական բանակը նախապէս ծրագրած քայլերով մէկ առ մէկ ֆիզիքական հաշուեյարդարի ենթարկեց Սումկայիթ քաղաքի հայ բնակիչները, յափշտակեց անոնց կալուածները, հրկիզեց անոնց բնակարանները, Մարդկային հեգնանք թ՞է պատահականութիւն, չենք գիտեր, ռուսական մամուլի մէջ տեղ գտան Սումկայիթի վայրագութիւններուն մասին առաջին արձագանգները: Սկիզբը հաղորդուեցաւ, թէ « Որոշ շրջաններու մէջ, խուլիկաններ հայերու վրայ յարձակելու փորձեր կատարած են…»: Բայց զարհուրելի ոճիրներուն նկարները հրապարակուելէ ետք, բացայայտ դարձաւ, որ «խուլիկանները» բաւական համեստ պիտի մնային նման արարքներու առջեւ: Խորհրդային քարոզչական մեքենան անզօր էր ծածկելու իրողութիւնը: Օրուան օրաթեթերը՝ «Փրաւտա», «Իզվսետիա» եւ ուրիշներ սկսան կարճ տեղեկութիւններ հաղորդել, թէ ինչ որ բան կատարուած էր Սումակայիթի մէջ…: Հետաքննութիւնները պարզեցին, թէ Սումկայիթի ողբերգութիւնը կոտորածի, բռնի տեղահանութեան, ցեղային զտման ու մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու սովորական միջադէպ չէր, այլ՝ Ցեղասպանութիւն: Այո Ցեղասպանութիւն, ճիշդ այն ոճով, որ Երիտ. Թուրքերը մշակած ու գործադրած էին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ:
Ին՞չ էր պահուած էր Սումկայիթի Ցեղասպանութեան եւ Ատրպէյճանը հայաթափելու քաղաքականութեան ետին: Կորպաչեւեան Վերակառուցման (Փերեսթրոյքա) օրերուն, Խորհրդային Հայաստանի ժողովուրդը Մոսկուայի կեդրոնական իշխանութիւններէն բարեկարգութիւններ կը պահանջէր Լեռնային Ղարաբաղի համար: Հայաստանի պահանջատիրութիւնը ուղղուած էր Մոսկուային եւ ոչ՝ Պաքուին: Երեւանի Օփերայի հրապարակին մէջ հայ ժողովուրդը «Փարթիա, Լենին, Փերեսթրոյքա» կարգախօսներով , բարեկարգութիւն կը պահանջէր Ղարաբաղի համար: Ատրպէյճան անհանգստացած էր Հայաստանի պահանջներէն: Նախազգալով Խորհրդային Միութեան փլուզումը, Ատրպէյճան փորձեց վերադառնալ քսաներորդ դարու հայաջինջ իր քաղաքականութեան: Սումակայիթի Ցեղասպանութեամբ Ատրպէյճան լաւ դաս մը կը խորհէր, թէ տուած պիտի ըլլայ բարեկարգութիւն պահանջող հայերուն: Բարեկարգութիւններ պահանջող խաղաղ բնակիչներու դէմ կիրարկուող բռնութիւնը անհամատեղելի կը դարձնէր հայ – ազերի համակեցութիւնը: Անոր ապացոյցն էր Սումկայիթը: Սումկայիթը եկաւ ապացուցելու, թէ «Փարթիա, Լենին , Փերեսթրոյքա» կարգախօսները գործնապէս անզօր պիտի ըլլան իրականացնելու Ղարաբաղի մեր հայրենակիցներուն պահանջած բարեկարգութիւնները: Մնացեալը պատմութեան կը ձգենք:
Այսօր Սումկայիթի Ցեղասպանութենէն քսան չորս տարի ետք, մեր կը վերյիշենք Ղարաբաղի ազատագրութեան պայքարին համար ինկած բոլոր զոհերը: Ոմանք նահատակուեցան հաշտուելով ճակատագրի նախախնամութեան: Ուրիշներ գիտակցաբար՝ պատերազմի ճակատներու վրայ նուիրաբերեցին իրենց թանկագինը: Այսօր մենք ոչ միայն կը վերյիշենք կամ կ’ոգեկոչենք Սումկայիթի կոտորածներուն յիշատակը, այլեւ՝ այս օրը կը յայտարարենք՝ Ատրպէյճանի մէջ կազմակերպուած կոտորածներուն եւ զոհերու իրաւունքները պաշտպանելու օր: մենք կը վերյիշենք բոլորը եւ կը խոստանանք շարունակել Ղարաբաղի ազատագրութեան պայքարը, մինչեւ անոր ճանաչումը միջազգային ընտանիքին մէջ: Այս մէկը բոլորէս անխտիր կը պահանջէ համադրուած եւ նպատակասլաց աշխատանք:
ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ ՄԵՐ ՎԱՂՈՒԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ
ԿԵՐՏԻՉՆԵՐՆ ԵՆ, ՅԱՐԳԱՆՔ ԱՆՈՆՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
www.araraddailynews.com