ԵՐԵՒԱՆ.- Բռնցքամարտի Հայաստանի կանանց հաւաքականի անդամ Անոյշ Գրիգորեան դարձաւ Եւրոպայի երիտասարդներու մրցաշարքի ախոյեան:
Եւրոպայի 18-էն 22 տարեկաններու ախոյեանութեան մրցումներուն Հայաստանը ներկայացնող 51 քիլոկրամ ծանրութեան կարգի մրցորդ Անոյշ Գրիգորեան յաղթեց ռուս բռնցքամարտիկին եւ նուաճեց ախոյեանի կոչումը: