ՊՈԼԻՍ, «Նոր Յառաջ».- Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ օրերուն, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ հաւատացեալները արդէն առիթը ունեցեր էին խոնարհելու Պոլսոյ Հայոց երջանկայիշատակ 84րդ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի դագաղին առջեւ, իսկ վախճանեալ հոգեւոր պետին վերջին հանգիստի կարգը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 17 Մարտին, նոյն եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան ժամը 10ին սկսած յատուկ պատարագով եւ յաջորդող յուղարկաւորութեան արարողութեամբ, որոնց ներկայ գտնուեցաւ ծովածաւալ բազմութիւն մը, որ կը յորդէր եկեղեցւոյ բակէն եւ արտաքին դռնէն դուրս։
Հոն էին նաեւ երեսփոխան Կարօ Փայլան, Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ներկայացուցիչ Էօմեր Չելիք, նոյն կուսակցութեան Պոլսոյ քաղաքապետութեան թեկնածու եւ նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ, նոյն պաշտօնին Հանրապետութեան Ժողովուրդի կուսակցութեան թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլու, բազմաթիւ կրօնապետեր եւ արտասահմանէն փութացած հայեր:
Պատարագը մատուցեց Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի դիւանապետ Արշակ եպս. Խաչատրեան:
Արարողութեան աւարտին, երբ դագաղը դուրս հանուեցաւ եկեղեցիէն, նախքան Շիշլիի Հայոց գերեզմանատունը ուղղուիլը՝ պահ մը կանգ առաւ Պոլսոյ պատրիարքարանի մուտքին, ուր դամբանական արտասանեց իրաւաբան Սեդրակ սրկ. Տաւութհան:
Այնուհետեւ հսկայ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի գերեզմանատուն, ուր եւս ասեղ ձգելու տեղ չկար: Հոս, հոգեյոյզ մթնոլորտի մէջ կատարուած աղօթքներէն ետք, վերջին օծումը կատարեց Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան:
Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց վեհափառ հայրապետին պատգամը ընթերցեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մնայուն ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան, որ կը գլխաւորէր Ս. Էջմիածնի պատուիրակութիւնը, որուն երրորդ անդամն էր Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեան: Յուղարկաւորութեան ընթացքին ընթերցուեցաւ նաեւ պատգամը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, զոր կը ներկայացնէին Լիբանանի թեմակալ առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Մակար եպս. Աշգարեան:
Աւելցնենք, որ պոլսահայ համայնքի նորաստեղծ «Լոյս» պատկերասփիւռը ընկերային ցանցերէն ամբողջութեամբ եւ ուղղակի սփռեց թէ՛ եկեղեցական արարողութիւնը եւ թէ թաղման կարգը, միաժամանակ՝ հայերէն եւ թրքերէն մեկնաբանութիւններով: