Յարութիւն Իսկահատեան- ՊԱՅՔԱՐ 105
Արամ Շորվողլեան իր «Գերման Միսիոնարութիւնը Մարաշի Մէջ» յօդուածաշարքով՝ լոյս տեսած «Սփիւռք» Շաբաթաթերթի 31 Դեկտեմբեր 1960-էն յաջորդական վեց թիւերով, Մարաշի գերմանական միսիոնարութեան հայոց մէջ գործունէութեան շուրջ տեղեկութիւններ կու տայ: Հեղինակը առարկայականօրէն կը քննէ գերման միսիոնարներուն խօսքերն ու գործերը եւ լաւ կը զանազանէ չարը բարիէն: Արամ Շորվողլեան երեւան կը հանէ անոնց իսկական մտադրութիւնն ու նպատակը՝ լծակ դառնալու գերմանական եւ օսմանեան իշխանութեանց ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար՝ Հայասպանութեան գործադրութեան մէջ անոնց դերակատարութեան: Նոյն ատեն ան կը քննադատէ այն հայ մտաւորականներն ու ազգային գործիչները, որոնք միամտաբար կը հաւատային գերման միսիոնարներուն իբր թէ անկեղծութեան:
Վեր. Գրիգոր Խայիկեան Վահէ Հայկի խմբագրած «Խարբերդ Եւ Անոր Ոսկեղէն Դաշտը» (Յուշամատեան Պատմական, Մշակութային Եւ Ազգագրական- Նիւ Եորք, 1959, մեծ չափի 1500 էջ) յուշամատեանին մէջ, յօդուածով մը կը պաշտպանէ Մեզիրէի Գերմանական որբանոցի տնօրէն Եոհաննէս Էհմանի եւ այլ միսիոնարներու ծուռ արարքները պարզապէս անոր համար որ անոնք միսիոնարներ էին: Աւելին՝ ան անուղղակիօրէն կ՛արդարացնէ գերմանական ընդհանուր ժխտական դիրքորոշումը հայոց նկատմամբ զանոնք քննադատելէ յետոյ. «Գերմանիոյ մեղքը չի թեթեւնար: Աւազակին ու մարդասպանին բարեկամը ինքն ալ աւազակ ու մարդասպան է: Սակայն այդպիսի քրէական մեղքի մը մէջ, առանձինն չէ Գերմանիան: Միւս բոլոր մեծերն ալ իրենց շահերուն համար ոտնակոխ ըրած են Հայը, բարոյական սկզբունքներն ու գութը, 1919-էն ի վեր: Անոնք 1915-ին ալ թուրքին ըրածին պիտի լռէին, եթէ ան իրենց կողմն անցնէր»: Այս յայտարարութեան իբրեւ պատասխան Շորվողլեան կ՛ըսէ. «Այսպիսով Վեր. Գրիգոր Խայիկեան գուցէ ըսել կ՛ուզէ թէ 1915-ի հայոց Աղէտին համար, մի՛ դատապարտէք Գերմանիան, միւսներն ալ նոյնը կ՛արժեն: Իր տեսակէտը նոյնութեամբ բաժնելով եւ մեր ազգին մէջ օտարներուն հաշւոյն քարոզչութիւն ընողներուն փոխանցելով, կը թելադրենք որ ուշի ուշով քննեն այս դատավճիռը»:
Արամ Շորվողլեան կ՛ըսէ թէ գերմանացի միսիոնարութեան գործունէութեան մասին արտայայտուելու դրդապատճառը հետեւեալն է. «Յուսալով որ բախտաւոր օր մը, հմուտ բանասէր մը կրնայ միսիոնարութեանց գործունէութեանց շուրջ լիակատար գործ մը արտագրել, տալով օգտակար կամ վնասակար հետեւանքներուն իրական պատկերը, շահեկան համարեցի իմ անձնական վկայութիւններս տալ, Մարաշի գերմանական միսիոնարութեանց մասին, նկատելով որ իմ եւ յարգելի յօդուածագիր Վեր. Գ. Խայիկեանի տեսակէտներուն միջեւ հիմնական տարբերութիւններ կան»: Միւս կողմէ Կ. Ահարոնեան իր հեղինակած «Հիւսէյնիկ» (մեկենասութեամբ Հիւսէյնիկի Հայրենակցական Միութեան, տպարան «Հայրենիք», Պոսթըն, ԱՄՆ, 1965, միջակ չափի 252 էջ) յուշագիրքին մէջ կը բացայայտէ հայոց հանդէպ Եոհաննէս Էհմանի որդեգրած ժխտական կեցուածքը: Էհման համամիտ էր որ Հայաստանի մէջ (թէեւ պաշտօնապէս Օսմանեան Պետութիւն կը կոչուէր) թուրքերը զէնք կրէին ազատօրէն սակայն կ՛ընդդիմանար հայոց զէնք պահելու իրականութեան, այդ ալ ինքնապաշտպանութեան համար: Ան կ՛ըսէր թէ Օսմանեան Պետութիւնը կը պաշտպանէ հայերը…Ստորեւ կը մէջբերեմ Կ. Ահարոնեանի գիրքին 139-159րդ էջերէն ամփոփուած երկու հատուած եւ լոյս տեսած հատորաշարքիս՝ «Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան- Գիրք Է» էջ 56-ի եւ 58-ի մէջ:
«Հիւսէյնիկի հայ կիները գերմանացի միսիոնար Էյմանին (կ՛ակնարկէ Էհմանին – Յ. Ի.) կը դիմեն, որպէսզի ան միջամտէ եւ իրենց սիրելիները բանտէն ազատէ: Էհման ամենայն սառնասրտութեամբ կ’ըսէ. «Գացէ՛ք ձեր զէնքերը եւ ռումբերը յանձնեցէ՛ք. ա՛յն ատեն վերջ կը գտնէ ձեր տանջանքը»: Հայերը երկրորդ անգամ զէնք կը հաւաքեն ու կը յանձնեն իշխանութիւններուն: Երեք շաբթուան ընթացքին կացութիւնը աւելի կը վատթարանայ: Թուրքերը հայ բանտարկեալները աւելի ու աւելի կը չարչարեն՝ անոնցմէ դարձեալ զէնքեր պահանջելով: Ոմանք չարչարանքներուն չեն դիմանար ու բանտին մէջ կը մահանան: Էհման կրկին «կը յորդորէ» հայերը՝ յանձնել իրենց պահած զէնքերը»: …«Թուրքերը վախնալով հայոց հաւանական զինեալ դիմադրութենէն, կը սկսին գիւղին մէջ մնացած հայ երիտասարդները ձերբակալել եւ Մեզիրէի կեդրոնական բանտը տանիլ: Կ. Ահարոնեան այս փոխադրութիւնը հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ. «Գիւղին բանտարկեալները գիշերով կապուած փոխադրեցին Մեզիրէի կեդրոնական բանտը: Ճամբան հրացանի կոթերով, փայտերով ու քարերով զանոնք այնքան կը ծեծեն որ անոնցմէ Եթար Քորոյին տղուն` Յովհաննէսին ոսկորները կը կոտրեն, իսկ Սէրայցի Մարգարը բանտին մէջ թոյն կը խմէ՝ մեռնելով ազատելու համար»: Այս բոլոր գազանութիւնները հիւսէյնիկցի թուրք երիտասարդներու ձեռքով կը գործադրուէին: Նկատի առնելով Խարբերդէն, Մեզիրէէն եւ գիւղերէն հայ բանտարկեալներու հսկայական թիւը, թուրքերը Մեզիրէի մէջ մեծ տուներ կը գրաւեն ու զանոնք բանտի կը վերածեն: Մեզիրէի «Կարմիր Խոնախ» կոչուած բանտին մէջ կային 3500-4000 հայ բանտարկեալներ: Անոնք Յուլիսի սաստիկ տաքին «ջո՜ւր, ջո՜ւր կ’աղերսէին»: Անոնց կիները, մայրերն ու քոյրերը, բանտին դուրսը կանգնած, կ’ուզէին անոնց ուտելիք եւ ջուր հասցնել, բայց մերժում կը ստանային: Երբ անոնք Էհմանի կը դիմեն որպէսզի միջամտէ, վերջինս հայ կիներուն լկտիաբար կ’ըսէ, թէ հայերը պահուած շատ զէնքեր ունին տակաւին…»:
Անդին Կ. Պոլսոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպան Հանս ֆոն Վանկենհայմ հայոց դեմ ունէր որոշ կեցուածք մը, որը կը պարտադրէր բոլոր գերմանացի միսիոնարներուն: Ըստ գերմանացի լրագրող Վոլֆկանկ Կուսթի հեղինակած «Հայերի Ցեղասպանութիւնը 1915-1916 – Գերմանիոյ Արտաքին Գործերի Նախարարութեան Քաղաքական Արխիւի Փաստաթղթերից» (The Armenian Genocide: Evidence from the German Foreign Office Archives 1915-1916- գիրքին հայերէնի թարգմանիչը՝ Ռուզան Պորիսի Եորտանեանն է իսկ հրատարակութեան տարին՝ 2005) հատորին էջ 79-ի մէջ Վանկենհայմ իր բնորոշումով հայ բնակչութեան տեղահանութեան եւ վերաբնակեցութեան (Պարզ տեղահանութիւն չէր եղածը, այլ՝ բռնագաղթ: Իսկ ինչ որ ան վերաբնակեցում կը կոչէ, այդպէս բան գոյութիւն չունեցաւ, այլ թուրքերը բոլոր հայերը Միջագետքի եւ Սուրիոյ անապատները քշեցին- Յ. Ի.) գործողութիւններն են որ կը տեղեկագրէ Գերմանիոյ վարչապետին այնքա՜ն անփոյթ ու անտարբեր ձեւով որ կարծէք անոնք բնական պատահարներ ըլլային… Ան արդէն իր ոճով արդարացիութիւն կու տայ կատարուող դէպքերուն: Ուրեմն գերմանական այս մտայնութեամբ, օսմանեան պետութիւնը ազատ էր իր հայ քաղաքացիներուն հետ վարուելու ինչպէս որ հաճոյ էր իրեն համար: Քաղաքակրթուած Եւրոպայի սրտին մէջ Գերմանիա երբ հաւակնութիւնը ունէր յառաջացած երկիր մը սեպելու ինքզինք, կողմնակալ եւ կամայական քմահաճոյքով կը դիտէր իր սահմաններէն դուրս կատարուող ոճրային դէպքերը իրեն դաշնակից Թուրքիոյ ձեռքով: Աւելին, գերմանացիները դէմ էին հայոց անկախութեան եւ հայը կը դիտէին իբրեւ յաւերժ ենթակայ թուրքին: Այս պատճառաւ ըստ գերմանացի դիւանագէտներուն, հայերը իրաւունք չունէին զէնք կրել կամ պահել, նոյնիսկ ինքնապաշտպանութեան համար: Տեղին է հոս յիշել, թէ Գերմանիոյ այն բոլոր հիւպատոսներն ու դիւանագէտները, որոնք մէկ կողմէ մարդկային խղճմտութեամբ մօտեցան հայոց տառապանքներուն եւ աղէտին, համոզուած էին, թէ հայերը պէտք է մնային օսմանեան գերիշխանութեան տակ: Անոնք հայոց անկախացման որեւէ ճիգ կամ աշխատանք անջատողականութիւն կամ դաւաճանական արարք կը սեպէին: Գերմանիոյ պետական քաղաքականութիւնը կտրականապէս դէմ էր Հայաստանի անկախութեան:
Արամ Շորվողլեան կը նկարագրէ Մարաշի մէջ գերմանացի միսիոնարներուն գործունէութիւնը եւ երեւան կը հանէ թէ՛ անոնց օգտակար կողմերը եւ թէ՛ հայուն դէմ վատ ու վնասակար արարքները: Առաջին հերթին սակայն, ան կը բացայայտէ պատճառը թէ ինչո՞ւ եւրոպական երկիրներն ու Ամերիկան փութացած էին միսիոնարներ ղրկելու Օսմանեան Պետութիւն: ԺԹ. դարուն սկիզբը, Օսմանեան Պետութիւնը տկարանալով դարձած էր «հիւանդ ու մահամերձ», կ՛ըսէ ան: Այս իրողութիւնը Եւրոպայի մեծ տէրութիւններու քաղաքական ախորժակը կը գրգռէ: Անգլիա ու Ֆրանսա Օսմանեան Պետութիւնը Ռուսիոյ դէմ պաշտպանելու պատրուակով, Թուրքիոյ մէջ տնտեսական մենաշնորհներ եւ քաղաքական առանձնաշնորհումներ ձեռք կը բերեն: «Թուրքիոյ ժողովուրդին համակրանքը ի նպաստ այս պետութիւններուն շահելու համար, միսիոնարներ յառաջապահի դեր կը կատարէին» կ՛ըսէ Արամ Շորվողլիան: Անգլիա ու Ֆրանսա Թուրքիան յարատեւ իրենց երախտապարտ ձգելու ջանքերով անոնք յաճախ երկրին ներքին գործերուն միջամուխ կ՛ըլլային: Միւս կողմէ անոնք քրիստոնեայի եւ մանաւանդ հայու իբրեւ «պաշտպան» ընդմիշտ թուրքին կը սպառնային: Անոնք հայուն անունով աղմուկ ու փոթորիկ կը յառաջացնէին եւ պատճառ կը դառնային հայկական կոտորածներու ու հալածանքի: Գերմանցիները աւելի ուշ, թերեւս Պեռլինի Վեհաժողովէն ետք, անդրադարձան այս խաղին դիւանագիտական կարողութեան եւ նոյնը սկսան ընել: Այս մասին Շորվողլեան կ՛աւելցնէ ըսելով. «Գերմանացիները յարմար առիթի մը կը սպասէին դէպի արեւելք դարձնելու գերմանցի ժողովուրդին ուշադրութիւնը: Այդ առիթը ստեղծուեցաւ 1895-ի ջարդերով, որուն հրահրիչները նոյն իրե՛նք արեւմուտքի քրիստոնեայ պետութիւնները եղան»:
Վեր. Գրիգոր Խայիկեան ամենայն պարզամտութեամբ կը հաւատար ու կը պնդէր թէ գերմանական Հելիսպունտ Միսիոնարական կազմակերպութիւնը հիմնուած էր ու կը գործէր հակառակ գերմանական պետութեան կամքին: Այս մասին Արամ Շորվողլեան կ՛ըսէ. «Վերապատուելիին այն պնդումը թէ՝ Հելիսպունտ ընկերութիւնը հիմնած ու կառուցած է իր գործը հակառակ պետութեան կամքին, ի՜նչ փաստերով ալ ըլլայ, դժուար ապացուցանելի վարկած մըն է, երբ նկատի ունենանք այն ատենուան գերմանական պետական կարգն ու սարքը, երկաթեայ ամենախիստ կարգապահութիւնը»: Արամ Շորվողլեան իր յօդուածին մէջ յաւելեալ փաստարկներ կու տայ այս տրամաբանական բացատրութենէն ետք: Ան կը մէջբերէ Գերմանիա այցելած ու ապրած Տոքթ. Նագգաշեանի հեղինակած «Ուղեւորութեան Յուշեր» (Սէյահաթ Խաթըրէլէրի) խորագրեալ հայատառ թրքերէն յուշագիրքէն քանի մը տող. «Օր մը զբօսայգիէ մը գորտ մը պողոտային վրայ ցատկեց: Այնտեղ գտնուող գերմանացի ոստիկան մը ուզեց գորտը հետապնդել ու տուգանել: Գորտը սարսափահար վերադարձաւ զբօսայգի»: Շորվողլեան ցոյց կու տայ թէ միապետական երկրի մը մէջ, որպիսին էր Գերմանիա, վիլհելմեան իշխանութեան օրով, ի՞նչպէս կ՛ըլլայ որ Հելիսպունտի հիմնադիրները յայտարարութիւններ կը հրատարակեն, գրքոյկներ կը տպեն, հաւաքոյթներ կը կազմակերպեն եւ հանգանակութիւն կ՛ընեն օտար երկիր մը՝ Թուրքիա մարդ ղրկելու համար, առանց միահեծան տիրակալին հաւանութեան եւ հակառակ անոր կամքին:
Արամ Շորվողլեան գերման միսիոնարութեան հիմնած որբանոցներու պատմութեան կարգ մը մասերը եւ դէպքերը յիշելով ցոյց կու տայ թէ գերմանացի միսիոնարները միայն ու միայն հետամուտ էին իրենց երկրին շահերուն եւ կը շարժէին ինչպէս որ իրենց յարմար էր, մէկդի ձգելով մարդասիրութիւնը, գութը եւ նոյնիսկ մարդկային բոլոր արժէքները: Շորվողլեան այս կէտը կը հաստատէ. «1914-ին Առաջին Աշխարհամարտի սկսելէն քանի մը օր ետք, Մարաշի գերմանական որբանոցները փակուեցան: 600-700 որբեր եւ որբուհիներ, 7-17 տարեկան, առանց դոյզն ինչ գթասրտութեան, առանց նկատի առնելու թէ անոնցմէ ամենեւին տէր ու տիրական չունեցողները ո՞ւր եւ ի՞նչպէս պիտի պատսպարուին, դուրս ձգուեցան»:
Գերմանացի միսիոնարներէն շատերը հեռու էին հոգեւոր քրիստոնէական կենցաղէն եւ թունդ ազգայնամոլներ էին: Անոնք որբանոցներու եւ նոյնիսկ եկեղեցիներու մէջ Գերմանիոյ ազգային քարոզչութիւնը կը կատարէին: Ամէն օր միսիոնարները Վիլհելմի յաղթանակին համար մաղթերգ-քայլերգ մը կ՛երգէին եւ որբերուն կը սորվեցնէին: Արգիլուած էր սխալիլ քայլերգին բառերուն մէջ: Անսաստողները սաստիկ կը պատժուէին մինչեւ անգամ որբանոցէն վտարուելու վտանգին կը մատնուէին: Սոյն քայլերգին երգուած ատեն Արամ Շորվողլեան մանուկ հասակով գերմաներէն կրկներգին փոխարէն կ՛երգէր Զէյթունի քայլերգին բառերը հայերէնով: Օր մը միսիոնար Պլանք ըստ իրեն այս յանցանքին վրայ կը բռնէ Արամը, որուն շատ կը սիրէր, ապա թէ ոչ Արամ կրնար վտարուիլ որբանոցէն: Պլանք կը գոհանայ Արամի ականջները սաստիկ քաշելով պատժել զայն: Ըստ իրենց՝ Հայաստանի հողին վրայ թուրքն ու գերմանացին իրաւունք ունէին ազգայնամոլ ըլլալու, բայց անոնք կը զրկէին հայը իր ազգային զգացումներն անգամ արտայայտելու իրաւունքէն:
Արամ Շորվողլեան գերմանացի միսիոնարներու խաբեբայութեան, կեղծիքին եւ պատեհապաշտութեան մասին հետեւեալը կ՛ըսէ. «Գերման միսիոնարները լաւ գիտեն մեր պատմութիւնը: Միսիոնարական գործին դրամ հանգանակելու համար, միսիոնար Լոհման եւ իր հետեւորդները հայոց նկարագրի եւ մշակոյթի բարեմասնութիւններէն կը ճառէին, բայց իրենց ազգային նպատակներու իրագործման համար, թուրքին հետ զինակցած, ոչ թէ կը հակառակէին այլ կը ջատագովէին թուրքին ընթացքը, ամբարտաւանօրէն ամբաստանելով հայ ժողովուրդը թէ՝ մենք արժանի ենք աստուածային այդ պատուհասին: Մեծ Եղեռնի առաջին ամիսներուն, ընդվզած՝ ոճիրներուն ահաւորութենէն, մենք երբեմն հարց կու տանք միսիոնար ու միսիոնարուհիներուն, թէ ի՞նչպէս կ՛ըլլայ որ քրիստոնէութեան ախոյեան գերմանացի կայսր մը կը հանդուրժեր որ իրեն զինակից թուրքը գայլերու պէս յօշօտէ քրիստոնեայ անզէն ու անմեղ հայ ազգը»: Պատասխանը ափշեցուցիչ եւ շատ չարամիտ էր. «Դուք արժանի էք այս պատիժին, որովհետեւ առաջին քրիստոնեայ ազգն էք աշխարհի եւ արեւելքի մէջ դարերով ապրած էք այս իսլամ ժողովուրդին հետ կողք-կողքի ու չէք կրցած քրիստոնէութիւնը տարածել անոնց մէջ»: Սա յիմարութեան գագաթնակէտն է իսկական քրիստոնեային համար:
Հոս Շորվողլեան իր հատու խօսքը կ՛ըսէ բոլոր պարզամիտ հայերուն. «Չեմ կրնար երեւակայել թէ ասկէ աւելի սինիք, նոյն ատեն ասկէ աւելի պերճախօս փաստ կարելի ըլլայ գտնել, բոլոր Խայիկեաններն ու անոր պէս բարեմիտները համոզելու եւ ցոյց տալու համար միսիոնարութեան իսկական դիմագիծը»:
Կան մարդիկ, որոնք ամենայն դիւրութեամբ կրնան խօսիլ Հայասպանութեան մասին առանց պատասխանատուութեան զգացում եւ գիտակցութիւն ունենալու, կրնան դատապարտել զայն, որուն ծածկաբար ալ համամիտ կ՛ըլլան, խորհելով թէ ժամանակի ընթացքին խօսքը օդին մէջ կը ցնդի ու գործը գործէն կ՛անցնի եւ իրենք զերծ կը մնան որեւէ պատասխանատուութենէ: Այսպիսիներուն համար ժողովրդականօրէն կ՛ըսուի՝ «խօսքը ուրիշ, գործը ուրիշ…»: Իսկ անոնց գերադաս պատասխանատուները հանգիստ մտքով կը լսեն դատապարտութիւնները ելած անոնց բերնէն ըսելով՝ «խօսքը ո՛չ յառաջ կը տանի, ո՛չ ալ ետեւ», անգիտակ ըլլալով այն ճշմարտութեան թէ այդ խօսքերը կը գրուին կարեւոր տեղեկագիրներու մէջ եւ նոյնիսկ Հայասպանութենէն աւելի քան հարիւր տարի ետք կը դառնան արխիւ ու փաստաթուղթ՝ դատապարտելու համար ոճրագործ թուրքը եւ նոյնինքն իրե՛նք՝ ատենին ականատես վկայ «խօսողները» եւ չխօսողները, այս պարագային գերմանացի քաղաքագէտները, դիւանագէտներն ու միսիոնարները: