ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Իւրաքանչիւր տարուան աւարտին, պահ մը կ՛առանձնանամ եւ Տիրոջը փառք տալէ ետք` անոր նախախնամութեամբ վայելած բարիքներուս, ինծի եւ ընտանիքիս շնորհած պայմաններուն համար առաջին հայեացքս անմիջապէս կ՛երթայ հայրենիքիս` նորանկախ Հայաստանին:
Երիտասարդ է տակաւին մեր նորանկախ հայրենիքը եւ կ՛ապրի երիտասարդութեան փուլը նոր թեւակոխած պատանիի մը տեսակաւոր փորձառութիւնները: Ինչպէս ծնողք մը նախանձախնդիր պիտի ըլլար իր զաւկին ապագայով, իւրաքանչիւր հայ, սփիւռքի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուի, սեւեռակէտ պիտի ունենայ հայրենիքին բարգաւաճումը:
Այս պահուս, բարեմաղթանքներս եւ մտահոգութիւններս միաձուլելով, երբ կը փորձեմ թուղթին յանձնել միտքերս, գուրգուրանքի եւ պարտականութեան երկիւղածութիւն մը կը յառաջանայ մէջս: Իւրաքանչիւրս որքա՞ն պատրաստ ենք մեր լուման տալու մեր հայրենիքի վերելքին: Արդեօ՞ք միեւնոյն զգացումները կը բաժնենք եւ կամ կը գիտակցի՞նք մեր հայրենիքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն:
Իբրեւ սփիւռքի մէջ աչքերը բացած տարագիր հայ ընտանիքի զաւակ` պարտք կը զգամ այս պահուս ծանրանալ քանի մը կէտերու վրայ.
Պատմութեան ընթացքին մեր հայրենիքը մնայուն կռուախնձոր դարձած է օտար պետութիւններու միջեւ: Կայսրութիւններ, թագաւորութիւններ փորձած են իրենց տիրապետութեան տակ առնել Հայաստանը, կրօնափոխ դարձնել անոր ժողովուրդը, բնաջնջել եւ քարտէսէն վերացնել Հայաստան անունը… Սակայն մենք վերապրած ենք` շնորհիւ մեր հաւատքին եւ մշակոյթին, շնորհիւ մեր բազմահազար ազատամարտիկներու արեան:
Այսօր, շրջանային եւ միջազգային յարափոփոխ զարգացումներուն մէջ, մեր հայրենիքը դարձեալ դիւանագիտական մրցակցութեան կռուախնձորի վերածուած է բեւեռացած ուժերու եւ պետութիւններու միջեւ: Իւրաքանչիւր հայրենասէր հայորդիի նման` մաղթանքս է, որ մեր հայրենի նորընտրեալ ղեկավարութիւնը ճիշդ դասեր քաղէ անցեալէն եւ հայրենիքը առաւելագոյն կարելիութեան սահմաններուն մէջ զերծ պահէ տեսակաւոր մարտահրաւէրներէն եւ իւրաքանչիւր փուլին մեր նաւը անվնաս հասցնէ խաղաղութեան քարափ:
Այսօր, քաղաքական, դիւանագիտական եւ ռազմական մրցավազքին մէջ իւրաքանչիւր հայ, ուր ալ գտնուի ան, կը պայքարի միջազգային ճանաչում ապահովելու Արցախի Հանրապետութեան: Բազմաչարչար արցախահայութիւնը եւ համայն հայ ժողովուրդը կը մերժեն ժամացոյցի սլաքներուն ետդարձը: Արցախը այսօր իր հայորդիներուն արեամբ անկախութիւն եւ ազատութիւն նուաճած պետականութիւն է: Ինքնորոշման իրաւունքը նահատակներու արեամբ նուաճած արցախահայութեան համար, ի գին նահատակութեան, անընդունելի է Ազրպէյճանի կազմին մէջ վերադառնալը:
Միւս կողմէ, որքան ալ հպարտանամ նորանկախ հայրենիքի նուաճումներով, բազմաթիւ հարցականներ կը ծագին մէջս: Նախանձախնդիր կը մնամ ժողովրդավար, բարգաւաճ եւ օրէնքի վրայ հիմնուած արդիական հայրենիք մը կերտելու ճիգերուն:
Մշակոյթի վերածուած փտածութիւնը, կաշառակերութիւնը, ստուերային տնտեսութիւնը անյարիր եւ խորթ կը մնան մեր ժողովուրդի բարքերուն: Ժողովրդավար, ընկերային արդարութեան վրայ հիմնուած հասարակապետութիւն մը միայն պիտի երաշխաւորէ միջազգային ընտանիքին մէջ մեր հայրենիքին վարկն ու հեղինակութիւնը:
Վերջապէս, իմ չորրորդ եւ սրտագին փափաքս է` հպարտանալ մեր հայրենիքով, չխնայել ու չսակարկել այն բոլորը, որոնք կարելի է տալ անոր տնտեսական վերելքին: Այս իմաստով, բազմաթիւ հայորդիներու համար առայժմ անորոշ կը մնայ Հայաստանի իշխանութիւններուն տնտեսական քաղաքականութիւնը: Նպաստները, ցած տոկոսներով վարկերը աննպատակ եւ յումպէտս կրնան վատնուիլ տնտեսական ծրագիրներու բացակայութեան: Անհրաժեշտ է նաեւ բարեկարգել դրամատնային համակարգը` նուազագոյն տոկոսներով վարկեր տրամադրել քաղաքացիներուն, որպէսզի վերականգնի յատկապէս գիւղատնտեսութիւնը, օրինակ:
Բարգաւաճ եւ զարգացած Հայաստանը տունն է մեր բոլորին: Կոչ կ՛ուղղեմ, առանց սակարկութեան, տնտեսական զանազան նախաձեռնութիւններով օգնութեան ձեռք մեկնել մեր հայրենիքին: Սփիւռքը կամ օտարութիւնը չի դառնար հայրենիք, որովհետեւ սփիւռքի մէջ ուշ կամ կանուխ դատապարտուած ենք ձուլման: Հայրենիքի մէջ միայն երաշխաւորուած է մեր շարունակականութիւնը, հայապահպանութիւնը, հետեւաբար միջոցներու մէջ ընտրութիւն չփնտռենք, իւրաքանչիւրս կարելիութեան սահմանին մէջ նեցուկ կենանք, մեր նպաստը բերենք մեր հայրենիքին:
Այս իմաստով, անցնող ամրան նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկայ` աշխարհացրիւ հայրենակիցներէս խնդրելով քաջալերել «Գնեցէք Հայաստանէն» SHOP IN ARMENIA նախաձեռնութիւնը: Ծրագիրիս լայնօրէն անդրադարձաւ հայկական մամուլը` սփիւռք եւ հայրենիք: Նախանձախնդիր կը մնամ ծրագիրիս նման այլեւայլ նախաձեռնութիւններու յաջողութեան:
Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծնունդի սեմին լաւագոյն բարեմաղթութիւններս` համայն հայ ժողովուրդին:
Քուէյթ