Գոփենհակընի Թագաւորական գրադարանին մաս կազմող Մարդասիրական հետազօտութիւններու գրադարանին մէջ Նոյեմբեր 6-ին կայացած է «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ սքանտինաւեան արձագանգը» խորագիրը կրող ժամանակաւոր ցուցադրութեան բացումը: Ան կազմակերպուած էր Դանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ Դանիայի Թագաւորական գրադարանին կողմէ` Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հետ համագործակցութեամբ:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ ցուցահանդէսին բացումին ներկայ էին Գոփենհակընի մէջ հաւատարմագրուած կարգ մը երկիրներու դեսպաններ եւ դիւանագէտներ, քաղաքական, գիտական, մշակութային շրջանակներու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ, հոգեւորականներ, Գոփենհակընի համալսարանի ուսանողներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Ցուցադրութեան մաս կազմող 14 պաստառները հանգամանալիօրէն կը ներկայացնեն Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք սքանտինաւեան միսիոներուհիներու, դիւանագէտներու, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու, լրագրողներու, բարեգործական կազմակերպութիւններու, բժիշկներու եւ այլոց արձագանգը Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու դէմ իրագործուած զանգուածային բնաջնջման քաղաքականութեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկած է Թագաւորական գրադարանին մաս կազմող Մարդասիրական հետազօտութիւններու գրադարանի ղեկավար Հանս Քրիսթիան Միքելսըն:
Այնուհետեւ, ելոյթ ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան` «Հայոց Ցեղասպանութեան եւրոպական յիշողութեան սքանտինաւեան ուղղութիւնը» թեմայով: Ան, իր խօսքին մէջ կարեւոր համարելով այսպիսի ցուցադրութեան կարեւորութիւնը Գոփենհակընի մէջ, անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ տարբեր ժողովուրդներու եւ երկիրներու պատմութեան ու յիշողութեան փոխադարձ կապին:
Կիւլինկի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Մոկընս Հոյմարք իր հակիրճ ելոյթով ներկայացուցած է դանիացի հայասէր Քարէն Եփփէի կեանքը եւ գործունէութիւնը: Ելոյթով հանդէս եկած է նաեւ Եուսի Պէորն` ներկայացնելով իր մեծ մօր` նորվեկացի միսիոնար Պոտիլ Պէորնին նուիրուած «Չերգուած հերոսուհին» շարժանկարի նախագիծը:
Իր խօսքին մէջ Դանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Հրաչեայ Աղաճանեան նշած է, որ սքանտինաւեան երկիրներու բազմաթիւ քաղաքացիներ աշխուժօրէն արձագանգած են հայ ժողովուրդը պատուհասած այդ արհաւիրքին եւ կրցած են մարդասիրական լայն գործունէութիւն ծաւալել հայերը փրկելու, անոնց ապաստան տալու եւ սնունդ ապահովելու ուղղութեամբ:
Դեսպանը յիշատակած է նուիրեալ սքանտինաւցիներու անունները եւ կարեւոր համարած ապագայի այն տեսլականը, որմով կ’առաջնորդուէին «հայասիրական մղումներով տոգորուած այդ անձնուրաց մարդիկ, որոնք, ձգելով իրենց բարեկեցիկ կեանքը, եկած եւ յայտնուած էին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ստեղծուած դժոխային պայմաններու մէջ` նպատակ ունենալով ամէն գինով օգնել եւ սատար կանգնիլ Եղեռնէն մազապուրծ հայերուն»:
Դեսպան Աղաճանեան, մասնաւորապէս, ընդգծած է,- «Անգնահատելի է այս անձանց նուիրումը, դժուար է բառերով արտայայտել կրած ֆիզիկական եւ հոգեկան այն ցաւը, որ սքանտինաւեան հայասէրներն ապրում եւ վերապրում էին ամէն օր` տեսնելով, թէ ինչպէս է բնաջնջւում մի ողջ ժողովուրդ»: Դեսպանը նշած է նաեւ, որ «մենք եկել ենք ոչ թէ ողբալու մահը, այլ ոգեկոչելու կեանքը»:
Ելոյթի վերջաւորութեան դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր ներկաներուն եւ, յատկապէս, Դանիոյ Թագաւորական գրադարանին, ինչպէս նաեւ ՀՀ ԳԱԱ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին` ի դէմս տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի: Երեկոյի ընթացքին հնչած են հայ մեծ երգահան Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Դեկտեմբեր 15: