Սուրիոյ ՙԳանձասար՚ շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Խաչիկ Շահինեան կը գրէ.
Սուրիոյ ողջ տարածքին` պետական զօրքի եւ ապստամբներու միջեւ ծաւալող ռազմական բախումները ներկայիս հասած են իրենց բարձրակէտին, հարցականի տակ դնելով ոչ միայն Սուրիական հայրենիքին հողային ամբողջականութիւնը եւ ժողովուրդի տարբեր հատուածներու, բաղադրիչներու միասնականութիւնը, այլեւ երկրի տնտեսական մայրաքաղաք նկատուող Հալէպի մէջ կեդրոնացած սուրիահայութեան ճակատագիրը։
Սփիւռքահայութեան մայր գաղութ եւ սուրիահայ համայնքի կեդրոն հանդիսացող Հալէպ քաղաքը օրերս դարձած է կիզակէտ եւ բաց դաշտ թէժ մարտերու, արիւնալի առճակատումներու, որոնք ծայր առին մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, երկրի անվտանգութեան գերագոյն ղեկավարութեան կեդրոնատեղիին դէմ կազմակերպուած ահաբեկչական ահաւոր ոճրարարքի եւ անոր հետեւած ապստամբական ուժերու ընդհանուր գրոհի հետեւանքով։
Ապստամբներ ներկայիս կը փորձեն կիրառել Սուրիոյ գլխաւոր քաղաքներ թափանցելու, զանոնք ժողովրդական ապստամբութեան յենակէտի վերածելու մարտավարութիւն, ինչ որ ահաւոր վնասներու կ’ենթարկէ երկրի քաղաքացիները թէ՛ տնտեսապէս եւ թէ մարդկային մեծաթիւ զոհեր պատճառելու առումով։
Սուրիական զինեալ ապստամբութիւնը կանգուն ու հզօր պահողը առաւելաբար արտաքին նիւթական եւ զինական օժանդակութիւններն են եւ ոչ թէ ներքին ընդդիմախօսներու զօրակցութիւնը, կամ ժողովրդային համակրանքը, քաջալերութիւնը։
Սուրիոյ շուրջ ծաւալող անմաքուր խաղերու եւ դաւերու հրահրողներն ու մասնակիցները առհասարակ կարեւորութիւն չեն ընծայեր ո՛չ իշխանութիւններու եւ ոչ ալ ժողովուրդի գերակշիռ մեծամասնութեան կարծիքին ու ձգտումներուն։
Սուրիան Արաբական Աշխարհի այն եզակի երկիրներէն է, որ ցարդ Արեւմուտքի անմիջական վերահսկողութենէն, ուղղակի ազդեցութենէն դուրս կը մնայ, ինչ որ զայն հիմնական ու մնայուն թիրախ կը դարձնէ արեւմտեան պետութիւններու կողմէ հետեւողականօրէն սարքուող սադրանքներու։
Իսկ մնացեալը, յատկապէս ժողովրդավարութեան եւ բարեկարգումներու մասին շրջանառուող, բարձրաձայնուող տեսակէտները, պարզապէս քարոզչական ծածկոյթ կը ծառայեն ահաբեկչական ամենաբիրտ, ամենավայրագ, ամենաարիւնալի բռնարարքներով, ինչպէս նաեւ արտասահմանեան երկիրներէ մատակարարուող արդիական սպառազինութեամբ, հաղորդասարքերով եւ դրամական անհաշիւ օժանդակութեամբ սուրիական վարչակարգը տապալելու համար։
Սուրիոյ քաղաքացիներու բազմազգ եւ բազմակրօն խճանկարային իրավիճակը, առաւել նաեւ երկրի ղեկը ստանձնած յարանուանական փոքրամասնական իշխանութիւնը կը կազմեն այն նպատակայարմար հարթութիւնը, այն պարարտ հողը, որուն վրայ կը բեմադրուի ողջ այս թատերախաղը։
Պատմութիւնը կ’ապացուցէ, որ աշխարհաքաղաքական նման փորձարկումներու տեւական դաշտ, կիզակէտ դարձած երկիրներու ժողովուրդները յաճախ կը ստիպուին սեփական անզրահ, անպաշտպան ձեռքերով շագանակներ հանել աշխարհի գերհզօրներու կողմէ բորբոքուող կրակէն, հետեւողականօրէն խթանուող յաջորդական հրդեհներէն։
Ժամանակին, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ նոյն ճակատագրին ենթարկուեցաւ Լիբանանի ժողովուրդը, եւ անոր հետ միասին՝ լիբանանահայ ծաղկուն գաղութը։
Արդարեւ, անցեալ 20-րդ դարու երկրորդ կիսուն սփիւռքահայութեան ազգային, քաղաքական ու կրթամշակութային գլխաւորագոյն կեդրոն կը համարուէր Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութը։ Վերջին տասնամեակին նոյնօրինակ դաժան բախտ վիճակուեցաւ նաեւ Իրաքի մեր հայրենակիցներուն, իսկ այժմ հերթը հասած է սուրիահայութեան։
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով 1900-ականներու վերջին քառորդին հարիւր հազարներով Միացեալ Նահանգներ ու Գանատա արտագաղթած լիբանանահայութեան վիճակուած ճակատագիրը, կացութիւնը կը փաստէ, որ Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի երկիրներէն նման ստուարաթիւ զանգուածներու արտահոսքը հայապահպանութիւնը հարուածող վտանգաւոր եւ բախտորոշ գործօն կը հանդիսանայ։
Ազգային, եկեղեցական կազմակերպ կեանքով եւ կրթամշակութային հաստատութիւններու, կառոյցներու ծաւալուն ցանցով օժտուած լիբանանահայութիւնը պահպանած է իր հայեցի առողջ դիմագիծը, տոհմիկ բարքերն ու սովորութիւնները, մայրենի լեզուն, մշակոյթը, հաւատքը, պատկանելութիւնը… հայեցի համախումբ, առողջ եւ ազգայնաշունչ կենցաղով զրահուելով գրեթէ զերծ մնացած է ուծացման, այլասեռումի պատուհասէն, որովհետեւ ապրած է հոգեմտաւոր, մշակութային, նպաստաւոր ու հոգեհարազատ մթնոլորտի մէջ։ Մինչդեռ այժմ՝ երէկուան լիբանանահայերը կը ձուլուին, կը կորսուին եւրոպական, ամերիկեան ու գանատական շլացուցիչ, համայնակուլ միջավայրերու մէջ։
Սուրիահայութեան սպասող նոյնօրինակ ճակատագրի առաջքը առնելու համար ներկայիս առգոյ են երկու հաւանական տարբերակներ՝ ներգաղթ դէպի Հայաստան, կամ ալ ժամանակաւոր հեռացում ռազմական գործողութիւններու վտանգաւոր գօտիներէն, մինչեւ որ գերհզօր տէրութիւններու միջնորդութեամբ եւ օրհնութեամբ, ինչպէս նաեւ գետնի վրայ առճակատող հակամարտ կողմերու, այլ խօսքով՝ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան համաձայնութեամբ վերջակէտուի արհեստականօրէն հրահրուող դիմակայութիւնը։
Բնականաբար իւրաքանչիւր սուրիահայ ինք պիտի որոշէ թէ ներկայացող տարբերակներէն որը կը յարմարի իրեն եւ ըստ այնմ պիտի կատարէ իր ընտրութիւնը, սակայն մեկնելով սուրիահայերու ընդհանուր պահուածքէն եւ տրամադրութիւններէն, դժուար չէ կռահել ու եզրակացնել, որ սուրիահայութիւնը չի ցանկար հեռանալ տասնամեակներ շարունակ իրեն ապաւէն եւ բարենպաստ պայմաններ ընծայած երկրէն՝ Սուրիայէն ու զանգուածաբար ներգաղթել Հայաստան։ Անտարակոյս, տնտեսական նպաստաւոր գործօնը եւ սուրիահայ համայնքի մինչեւ օրս վայելած բարեկեցիկ ու համեմատաբար արտօնեալ իրավիճակը նաեւ վճռորոշ դեր կը խաղայ այս կողմնորոշման մէջ։ Ամէն պարագայի, այստեղ խնդրոյ առարկան համայնքի ներկայացուցիչներու եւ պատասխանատուներու գերակշիռ մասի գիտակցուած ընտրութիւնն է, ընտրութիւն՝ զոր կատարելապէս պէտք է յարգեն Հայաստանի իշխանութիւնները, ապա անոր լոյսին տակ համապատասխանաբար պէտք է կողմնորոշուին սուրիահայ գաղութին օգնութեան փութալու եւ դժուարութիւնները հարթելու կապակցաբար, ինչպէս որ կը հաւաստիացնեն հայրենի մեր պետական պատասխանատուները։
Ներկայիս, սակայն, Հալէպի մէջ ծաւալող փորձանաւոր իրադարձութիւնները, արագ եւ անորոշ ուղղութեամբ ընթացող զարգացումները, եւ ընդհանրապէս՝ ներսուրիական դիմակայութեան շուրջ ստեղծուած արտաքին ուժերու բարդ, անկանխատեսելի ու անհաւասարակշիռ վերադասաւորումները կ’ուղենշեն մեզ եւ կը թելադրեն, որ այս հարցով պէտք է առաջնորդուիլ հետեւեալ գլխաւոր կողմնորոշումներով՝
Ա.- Հետագայ զարգացումներու շարք մը հաւանական բեմագրութեանց (ՙսենարիոներ՚) միաժամանակեայ հաշուառում,
Բ.- Սուրիահայութեան ֆիզիքական գոյութեան սպառնացող վտանգը եւ արեւմտեան երկիրներ արտագաղթի առաւել պատուհասող հաւանականութիւնը բացառելու հաստատակամութիւն՝ համապատասխան ծրագրաւորումով ամրակայուած։
Գ.- Սուրիայէն չհեռանալու եւ հաւանական դժուարութեանց տոկալու հնարաւորութեանց ստեղծում՝ Հայաստանի մէջ ժամանակաւոր ապաստան հայթայթելու հնարաւորութեան զուգորդումով։
Դ.- Վտանգուած որոշ շրջաններէ, մանաւանդ գիւղաբնակ տեղամասերէ դէպի Հայաստան տեղափոխուելու գործընթացը խթանելու տարբերակներու, ծրագիր-նախաձեռնութիւններու մշակում։
Սակայն, վերոթուարկեալ այս բոլոր լուծումները պէտք չէ արհամարեն այն իրողութիւնը, որ յառաջիկային դէպքերը ինչ զարգացում ալ կրեն՝ սուրիահայութեան տնտեսական ու մշակութային կեանքի կեդրոն համարուող Հալէպ քաղաքը պէտք է ամէն գնով կանգուն ու կենսունակ պահէ իր համայնքային կառոյցները։ Բերիահայութիւնը պէտք չէ ընկրկի, այլ կարելի բոլոր միջոցներու եւ հնարաւորութիւններու համատեղումով պէտք է դիմանայ՝ ինչպէս որ ժամանակին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, մեծ կորուստներու եւ զոհողութիւններու գնով դիմացաւ Պէյրութի հայութիւնը։
Զրահուելով նման նուիրական առաջադրանքի խոր գիտակցութեամբ, Հայաստանի իշխանութիւնները, հայկական համագաղութային կազմակերպութիւնները եւ հանուր հայութիւնը այսօր առաւելագոյնս պէտք է լարեն իրենց բազմակողմանի ջանքերը եւ ընձեռուած ամենասուղ կարելիութիւնները անսակարկօրէն կեդրոնացնեն սուրիահայ համայնքի ֆիզիքական գոյութեան ապահովման, միանգամայն ժամանակաւորապէս Հայաստան ապաստանած անոր ներկայացուցիչներուն համար կեանքի նուազագոյն, բայց ընդունելի պայմաններու ստեղծման եւ վերջապէս՝ վտանգուած գօտիներու հայութիւնը նաեւ Մայր Հայրենիքէն ներս պատշաճօրէն հիւրընկալելու ի խնդիր։
Խաչիկ Շահինեան