Թուրքիոյ Մարտին քաղաքին մէջ գտնուող աշխարհի ամենագեղեցիկ հեռագրատան բաժանմունքներէն մէկը համարուող շինութիւնը կը հիմնանորոգուի: Ինչպէս կը փոխանցէ «Ակօս» պարբերականը, նորոգումէն ետք հայ ճարտարապետ Սարգիս Լոլէի կառուցած շինութիւնը պիրի վերածուի հիւրանոցի: Հայ ճարտարապետը շինութիւնը կառուցած է 1890 թուականին, որ ծառայած է իբրեւ հեռագրատուն:
125-ամեայ շէնքի վերակառուցման աշխատանքներով կը զբաղուի Զբօսաշրջութեան եւ հիւրանոցներու բարձրագոյն դպրոցը, որ շէնքը պիտի վարձակալէ տասը տարի ժամկէտով` մարտինի մէջ զբօսաշրջիկներու աւելի մեծ հոսք ապահովելու միտումով:
2011թուականին այս շինութիւնը համարուած է աշխարհի ամենադիտարժան տասը նամակատնային բաժանմունքներէն 7-րդը: