ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Ներկայացուցիչներու տան ընտրութիւններուն հանրապետականներուն կրած պարտութենէն մէկ օր ետք, երկրին ընդհանուր դատախազ Ճեֆ Սեշընզը պաշտօնազրկելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը կասկածներ յառաջացուցած է անոր յետին նպատակներուն վերաբերեալ։
Յիշեցնենք, որ առաջին օրերէն, Թրամփի ընտրապայքարին գործնականապէս մասնակցած ըլլալուն հետեւանքով, Սեշընզ պարտադրուած էր ինքզինք դուրս պահելու Թրամփի ընտրապայքարին եւ Ռուսիոյ միջեւ կապերուն հետաքննութենէն, իրողութիւն մը, որ զայրացուցած էր Թրամփը, նկատի ունենալով, որ Սեշընզի տեղակալ Ռապ Ռոզընսթայն հետաքննութեան ջատագով մըն էր։
Սեշընզին հրաժարականը պարտադրելով, Թրամփ գործնականապէս ընդհանուր դատախազին անձնակազմին պետը՝ Մեթիու Ուիթիքըրը դարձուց ընդհանուր դատախազի պաշտօնակատար եւ ըստ օրէնքի՝ հետաքննութեան գլխաւոր պատասխանատուն։
Յատկանշական է, որ Ուիթիքըր տարբեր առիթներով դէմ արտայայտուած է հետաքննութեան, որուն հետեւանքով դեմոկրատ ղեկավարներ արդէն իսկ կոչ կ՛ընեն, որ հետաքննութեան արդար շարունակութիւնը ապահովելու համար ան եւս պէտք է ինքզինք հեռու պահէ անկէ։
Ընդդիմախօսները մտավախութիւն ունին, որ այս փոփոխութեամբ Թրամփ կը փորձէ սահմանափակել արդարադատութեան նախարարութեան անկախութիւնը եւ կասեցնել հետաքննութիւնը, որուն նպատակն է պարզել, թէ Սպիտան տուն հասնելու համար Թրամփ որքանո՞վ օգտուած է ռուսերու աջակցութենէն:
49ամեայ Ուիթիքըր կառավարութեան մէջ աշխատանքի հարուստ փորձառութիւն չունի եւ արդարադատութեան նախարարութեան մէջ սկսած է աշխատելու միայն տարի մը առաջ։
«Ակնյայտ է, որ նախագահ Թրամփ թաքցնելու բաներ ունի», յայտարարեց Ծերակոյտին մէջ դեմոկրատ փոքրամասնութեան ղեկավար Չաք Շումըր: «Ռապըրթ Միւլըրի եւ անոր վարած հետաքննութեան պաշտպանութիւնը ծայրայեղ կարեւոր է: Զայն սահմանափակելու փորձը սահմանադրական ճգնաժամ պիտի յառաջացնէ եւ յոյս ունիմ, որ նախագահ Թրամփ եւ անոր խորհրդականները այդ քայլին չեն դիմեր», աւելցուց ան:
Իր կարգին, Ներկայացուցիչներու տան Օրինախախտումներու եւ կառավարութեան բարեկարգումի յանձնախումբի հաւանական ատենապետ Ըլայժա Քամինկզ հետաքննութիւն պահանջեց Սեշընզը պաշտօնազրկելու Թրամփի որոշումին նկատմամբ՝ շեշտելով. «Բազմաթիւ պատճառներ կային Սեշընզը պաշտօնազրկելու, սկսելով Ռուսիոյ հետ իր կապերուն շուրջ ստելէն ու հասնելով մինչեւ երեխաները իրենց ընտանիքներէն բաժնելու անոր քաղաքականութիւնը, սակայն անընդունելի պիտի ըլլայ այս քայլը, եթէ անոր նպատակը Միւլըրի հետաքննութիւնը կասեցնելը կամ խոչընդոտելն է»։
Մօտաւորապէս 18 ամիս առաջ սկսած հետքաննութեան ընթացքին յատուկ դատախազ Միւլըրի խմբակը առնուազն 34 հոգիի դէմ ամբաստանութիւն կատարած է եւ Թրամփի քանի մը բարձրաստիճան օգնականներ, ներառեալ՝ Սպիտակ տան ազգային ապահովութեան հարցերու նախկին խորհրդական Մայքըլ Ֆլին, Թրամփի ընտրապայքարի ղեկավար Փօլ Մենըֆորտ եւ անոր տեղակալ Ռիք Կէյց եւ Թրամփի նախկին անձնական փաստաբան եւ նուիրեալ աջակից Մայքըլ Քոհըն խոստացած են գործակցիլ, իրենց յանցագործութեանց համար պատիժները մեղմացնելու նպատակով: Լրատուամիջոցները վերջերս կը գրէին, թէ ընտրութիւններէն ետք Միւլըր նոր մեղադրանքներ պիտի ներկայացնէ եւ կասկածեալներու շարքին է նաեւ Թրամփի որդին: Նաեւ կը հաղորդուի, որ քննչական խումբը բանակցութիւններու մէջ է Սպիտակ տան հետ՝ նախագահը անձամբ հարցաքննելու պայմաններուն շուրջ: