Տօնական մթնոլորտի մէջ, այսօր, Հինգշաբթի, 26 Սեպտեմբեր 2013-ին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեեղի ունեցաւ 2013-2014 կրթական տարեշրջանի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Հայր Գէորգ Ծ. Վ. Եղիայեանի, կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, շրջանաւարտներու եւ մեծաթիւ ծնողներու:
Վ»րամուտի բացման հանդիսութիւնը սկսաւ Տէրունական աղօթքով եւ Լիբանանի, Հայաստանի ու Մսրոպեան վարժարանի քայլերգներով: Ապա վարժարանի Աշակերտական խորհուրդի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մեղրի Չարըքեան, որ նշեց, թէ միայն հայ դպրոցով հայրենիքէն հեռու հայը հայ կը մնայ, կը պահպանէ իր ժառանգութիւնը եւ մշակոյթը ու կը հետապնդէ իր դատը: Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր հայ աշակերտ պէտք է երախտապարտ ըլլայ իր ծնողներուն, որովհետեե անոնք ճիշդ ընտրութիւն կատարած են ոչ միայն հայ դպրոց ընտրելով, այլ` 75-ամեայ Մեսրոպեան վարժարանին վստահելով:
Ապա Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ երգչուհի տիկին Շաքէ Պաղտասարեան, որմէ ետք խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն.Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ Մեսրոպեան վարժարանը 75 տարիներու ընթացքին դաստիարակեց ու կրթեց սերունդներ` մարդկային, հոգեւոր ու ազգային արժէքներով: Ան ըսաւ, որ վարժարանը կը մնայ երիտասարդ, որովհետեւ մնայուն կերպով զարգացման մէջ է ու քայլ կը պահէ կրթական եւ արհեստագիտական նորարարութիւններուն հետ: Պրն. Տնօրէնը հաստատեց, որ Մեսրոպեանի յաջողութեան գլխաւոր գրաւականը Մեսրոպեանի առաքելութեան հաւատացող ծնողներու մեծ փաղանգն է, որ անցեալին նման այս տարի ալ ամբողջական վստահութեամբ եւ մեծ թիւով վարժարանին կը յանձնէ իր զաւակները:
Պրն. Կրէկուար Գալուստ ըսաւ. «Դպրոցը հաստատուն հիմերու վրայ է: Լիբանանահայութիւնը կը մնայ ամուր եւ կ՛երաշխաւորէ իր ապագան, եթէ ունի Մեսրոպեան վարժարանին նման վարժարան մը»: Խօսելով վարժարանի մէջ արձանագրուած զարգացումներուն մասին, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը նշեց, որ այս տարեշրջանին վարժարանի մանկապարտէզը ելեկտրոնային վարժարան ըլլալու անդրանիկ քայլերը կ՛առնէ եւ տարեշրջանի աւարտին մանկապարտէզը կը դառնայ հայկական առաջին ելեկտրոնային վարժարանը: Ան աւելցուց, որ այս ծրագիրը յառաջիկայ տարիներուն պիտի իրականան մնացեալ բաժիններուն մէջ: Պրն. Գալուստ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Ֆրանսական հիմնարկի հետ արդէն իսկ համաձայնութիւնը կնքուած է եւ առաւելագոյնը հինգ տարի ետք Մեսրոպեանը լիբանանեան պաքալորէայի կողքին կ՛ունենայ ֆրանսական պաքալորէա:
Իր խօսքի աւարտին, պրն. Կրէկուար Գալուստ ըսաւ. «Ինչպէս որ պտղատու ծառը որքան որ ալ քարկոծուի, դէմ յանդիման կանգնելով բոլոր տեսակի հոսանքներուն ու արգելքներուն չի դադրիր պտուղ տալէ, մենք ալ առկայ բազմատեսակ դժուարութիւններուն դիմաց պիտի չդադրինք սերունդներ պատրաստելու մեր առաքելութենէն ու 75-ամեակէն դէպի 100-ամեակ առաջնորդող մեր սրբազան ուղիէն»:
Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ վարժարանի աշակերտ Միսաք Ազատեան: Վերամուտի բացման պաշտօնական արարողութեան աւարտին, խօսք առաւ Հայ Կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ եւ Մեսրոպեան վարժարանի նախկին տնօրէն Հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան, որ Մեսրոպեան վարժարանին մաղթեց յարատեւ վերելք, գոյերթի շարունակականութիւն եւ նոր նուաճումներ: Հայր Եղիայեան մեծապէս գնահատեց Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստին գործունէութիւնը, եւ հաստատեց, որ անցեալին նման այսօր ու ապագային ալ Մեսրոպեան վարժարանը պիտի մնայ դէպի լոյս առաջնորդող կրթական, ազգային եւ հոգեւոր օճախը:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ