«Ասպարէզ»- Չորեքշաբթի, 15 Նոյեմբերին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի տեղի ունեցաւ մեծարման երեկոյ՝ նուիրուած դոկտ. Արտէմ Սարգսեանի 75-ամեակին: Երեկոյին ներկայ էին աւելի քան հարիւր հիւրեր:
Տէրունական աղօթքով հանդիսութիւնը բացաւ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտմեան, իսկ հանդիսավարն էր Ներսէս քհնյ. Հայրապետեան:
Դոկտ. Սարգսեանի գրական ժառանգութիւնը ներկայացուց Վահան Պահարեան, որմէ ետք հեղինակային խօսքով հանդէս եկաւ վաստակաշատ գիտնական եւ արուեստագէտ Արտէմ Սարգսեան: Ան հետաքրքրական դրուագներ պատմեց թէ՛ իր ստեղծագործական, թէ՛ կրթական, ինչպէս նաեւ պատկերասփիւռային աշխատանքներուն մասին:
Հայ երգի մշակներ Էռնա Համբարձումեան, Պապին Պօղոսեան եւ Անահիտ Ներսիսեան իրենց գեղեցիկ կատարումներով ջերմացուցին ներկաներուն սիրտերը:
Փակման խօսքով եւ օրհնութեամբ հանդէս եկաւ առաջնորդը, որ իր երախտագիտական խօսքին մէջ անդրադարձաւ յոբելեարի ստեղծագործական աւանդին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։