Արցախի Տիգրանակերտի հին դամբարանադաշտին մէջ արտասահմանեան գործընկերներու աջակցութեամբ պատճենահանում պիտի իրականացուի: Այս մասին՝ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ՝ ըսած է ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի Արցախի հնագիտութեան խումբի ղեկավար Համլէտ Պետրոսեան:
Անոր խօսքով` հին դամբարանադաշտին մէջ դամբարանները լաւ չեն երեւիր եւ պէտք է հասկնալ , թէ յաջորդ տարի ուր պեղումներ պիտի իրականացուին: «Ատիկա շատ կարեւոր է, որովհետեւ այդ դամբարանները Տիգրանի ժամանակ կատարուած թաղումեր են: Մենք այդ վայրէն բացած ենք ընդամէնը երկու դամբարան, ուրկէ վեց արծաթէ դրամ գտած ենք»,-ըսած Համլէտ Պետրոսեան` նշելով, որ ատոնք պարթեւական դրամներ են:
«Շատ հեռանկարային պիտի ըլլայ անկէ Տիգրանի դրամներ գտնելը»,-աւելցուցած է ան:
Հայաստանի հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի Արցախի արշաւախումբը 2005-ին յայտնաբերած է Հայոց արքայ Տիգրան Բ Մեծի (95-55 թթ. մ.թ.ա.) կողմէ Արցախի մէջ հիմնած Տիգրանակերտ քաղաքը եւ 2006-2008 թուականներուն հնագիտական պեղումներ կատարած է անոր տարածքին մէջ: Ան Տիգրանի անունը կրող միակ բնակավայրն է, որուն տեղը ճշգրտօրէն պարզուած է, եւ որ կ՛ենթարկուի հնագիտական հետազօտութեան: