Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ-ՊԱՅՔԱՐ-123
Հայասպանութիւնը եւ անոր պատճառները արաբ հանրութեան գիտականօրէն ծանօթացնելու նպատակով՝ դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին Հայաստանի Ազգային Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան Հիմնարկին մէջ 1994-ին պաշտպանած իր դոկտորական թէզը երկու անջատ հրատարակութիւններով արաբերէնով լոյս ընծայած է, որոնց խորագիրը նոյնն է՝ «Արեւմտեան Հայաստանի Մէջ Օսմանեան Կառավարութեան Քաղաքականութիւնը Եւ Միջազգային Ոյժերու Կեցուածքը Անոր Նկատմամբ»: Առաջինը՝ 312 էջ, հրատարակուած է «Տար Էլ-Նատուա Էլ-ժատիտա» հրատարակչութեան կողմէ, 1996ին, Պէյրութ, երկրորդը՝ 598 էջ, լոյս տեսած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ին կողմէ, թիւ 2, Անթիլիաս, 2010ին:
Այս գիրքերը ներկայացնելէ առաջ կ’արժէ ընդգծել կարեւոր կէտ մը, թէ հեղինակին հայոց առնչուող բոլոր գիրքերուն մէջ ընդհանրապէս կը կրկնուի «Ո՞վքեր են հայերը» եւ «Ո՞վքեր են օսմանցները» վերնագիրներով գլուխները: Հեղինակը յատուկ այս միջոցին դիմած է որպէսզի արաբ ընթերցողին հայերու եւ թուրքերու մասին ճիշդ ծանօթութիւն հայթայթէ, նկատի ունենալով որ իր գիրքերուն տպաքանակը մեծ չէ եղած եւ անոնց տարածումը արաբական աշխարհի մէջ հեզասահ չէր, նաեւ նկատի ունենալով որ անոնց հրատարակութեան ժամանակ համացանցային դրութիւնը գոյութիւն չունէր եւ կամ նոր սկսած էր:
Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին հայոց հանդէպ թուրքերու իշխող վերնախաւի քաղաքականութեան բացատրութենէն առաջ՝ կը ներկայացնէ օսմանցի թուրքերը իբրեւ յետամնաց կենցաղավարութիւն ունեցող հաւաքականութիւն մը գիրքին 19-31րդ էջերուն մէջ (այս եւ բոլոր նշուած էջաթիւերը գիրքին առաջին հրատարակութենէն են):
Հեղինակին ուսումնասիրութեան մէջ ուշագրաւ է այն իրողութեան ներկայացումը, թէ անոնք՝ թրքական Ալղոզ ցեղախումբը կեդրոնական Ասիայէն արշաւելով Սուլէյման Շահի առաջնորդութեամբ, եկած ու հաստատուած են Հայաստանի մէջ: Հեղինակին այս հաստատումը կ’ամրապնդէ այն իրողութիւնը թէ թուրքերը շրջանին մէջ բնիկ չեն եղած եւ կը ցրէ ամէն կասկածները, զորս թուրքերը կը փորձեն իրենք զիրենք իբր տեղաբնիկներ ներկայացնել: Թուրքերը իրենց բնակեցման առաջին օրէն սկսեալ կեղեքած ու հալածած են հայերը (էջ 19): Անոնք հետզհետէ գրաւած են աշխարհագրական նոր տարածքներ եւ անոնց ժողովուրդներուն վրայ բռնատիրութիւն բանեցուցած (էջ 21): Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին ապա կը խօսի օսմանեան բանակին եւ անոր կառոյցին մասին անդրադառնալով նաեւ ենիչերիներու ու համիտիյէ ջոկատներու վայրենի արաքներուն: Ամենուրէք այս զինեալ խումբերը ենթակայ ժողովուրդներուն եւ մանաւանդ հայոց դէմ բարբարոսութիւններ կիրառած են (էջ 23):
Կրկին նշենք թէ գիրքին առաջին հրատարակութեան մէջ այս բաժինը լոյս ընծայելով, հեղինակը թուրքերը կը ներկայացնէ արաբ ընթերցողին շատ կարեւոր իրողութեամբ մը՝ շեշտելով թէ շրջանին մէջ թուրքերը եկուոր են եւ ոչ թէ բնիկ ու անոնք Հայաստանը բռնագրաւած են: Դժբախտաբար նկատելի է որ այս մասը երկրորդ հրատարակութեան մէջ զանց առնուած է առանց պատճառը յիշելու: Դոկտ Սալէհ Զահրէտտին թուրքին իսկական ոճրագործ ու բարբարոս բնոյթը կը բացայայտէ գիրքին այս գլուխին մէջ, ինչ որ թրքական աղբիւրներ յարատեւօրէն կը փորձեն ծածկել ճշմարտութիւնը…
Նկատելի է հեղինակին մատնանշումը բռնատիրութեան սահմաններէն ալ անդին անցնելով թուքերուն գործած բարբարոսութեան բոլոր լծակները, զորս սուլթանները ծրագրած, կազմակերպած եւ ընդհանրապէս իրենց ենթակայ ժողովուրդներուն վրայ կիրառած են ներառեալ իսլամ արաբներու (էջ 26): Դոկտ Սալէհ Զահրէտտին կը խօսի նաեւ թուրքերու իսլամ կրօնքին անարգման մասին ու կ’ըսէ թէ անոնք իսլամ կրօնքը կը մեկնաբանէին ինչպէս որ իրենց հաճոյ կու գար… (էջ 27):
Այս ուսումնասիրութեան մէջ հեղինակը մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ կարեւոր պատմական իրողութիւններ, որոնք լոյս կը սփռեն հայոց նկատմամբ թուրքերու վարած քաղաքականութեան: Այնուհետեւ 29-30րդ էջերուն մէջ ցուցակով մը կու տայ Օսմանեան Պետութեան սուլթաններուն անուններն ու անոնց գահակալութեան տարեթիւերը սկիզբէն (1299 ք. ե.) մինչեւ վերջ (1922) եւ անոնց իշխանութեան շրջանին կատարուած հակահայ արարքները:
Դոկտ Սալէհ Զահրէտտին յաջորդ գլուխին մէջ՝ «Հայերը, Անոնց Բնօրրանն Ու Մշակոյթը» խորագրով (էջ 31-49) հայ ժողովուրդի ծագումնաբանութեան, մշակոյթին եւ կենցաղավարութեան մասին կը խօսի, լաւագոյն կերպով ներկայացնելով այդ բոլորը արաբ ընթերցողին:
Այս ուղղութեամբ հայոց կացութիւնը եւ ապրելակերպը աւելի եւս ծանօթացնելու ծիրին մէջ դոկտ. Սալէհ Զահրատտին կը խօսի հայոց տնտեսական վիճակին մասին ըսելով, թէ հայերը Օսմանեան Պետութեան մէջ միշտ եղած են ուշիմ եւ աշխատասէր տարր ու անոր տնտեսութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած են: Ան կ’աւելցնէ, որ նոյնն է պարագան յետեղեռնեան Լիբանանի եւ շրջանի այլ երկիրներու մէջ, ուր հայերը իրենց ուշիմութեան եւ աշխատասիրութեան շնորհիւ կրկին եղած են յառաջադէմ տարր: Հեղինակը կը խօսի նաեւ հայկական ճարտարապետութեան մասին ու կ’ընդգծէ անոր իւրայատուկ բնոյթը (էջ 39-45):
Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին իր ուսումնասիրութեան մէջ առիթը պատեհ նկատելով եւ օրուան կարեւոր դէպքերու մթնոլորտէն մեկնելով (1996 եւ անկէ առաջ), Արցախի հարցին մասին կ’անդրադառնայ (էջ 269-278): Ան կը շեշտէ թէ պատմականօրէն եւ մինչեւ օրս Արցախը հայկական հող եղած է ու բնակուած հայերով (էջ 270):
Հեղինակը կը մատնանշէ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագրման մէջ Սիոնիզմի դերն ու ազդեցութիւնը Օսմանեան Պետութեան վրայ (էջ 171-238), որուն նախապատրաստութեան իբրեւ ապացոյց կը ներկայացնէ անոնց ծրագիրի գործադրման սկզբնաւորման յատկանշական փաստ մը՝ ծագումով հրեայ լեհ պատմաբան Կոնստանթին Պրոժեթցքիի «Հին Թուրքերը» խորագրեալ գիրքին հրատարակութիւնը 1889ին, ուր հեղինակը հանդէս եկած է Մուսթաֆա Ճելալ Էտտին փաշա ծածկանունով եւ իր գիրքին մէջ թուրքերու «քաջագործութիւններ»ուն մասին առասպելներ յօրինելով, հրահրած է նոր սերունդի թուրքերը եւ զանոնք հրաւիրած՝ վերագտնելու իրենց անցեալի «փառք»ը: Հակահայ երկրորդ քայլը իրագործուած է կրկին ծագումով հրեայ ֆրանսացի Լեոն Քահունի կողմէ, որ հեղինակած ու հրատարակած է «Յառաջաբան Ասիոյ Պատմութեան – Թուրքերն Ու Մոնկոլները Պատմութեան Սկիզբէն Մինչեւ 1405» գիրքը, որ նախկինին նման լեցուն է կեղծիքներով եւ սուտերով ու անուղղակիօրէն կը հրահրէ թուրքերը հայոց դէմ:
Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին կ’ըսէ թէ այս հրեայ պատմաբանները չեն գիտեր որ պատմութիւնը խեղաթիւրելը շատ դժուար է եւ մարդոց յիշողութիւնը զօրաւոր է (էջ 150): Ան 148-168րդ էջերուն մէջ կու տայ նաեւ այլ սիոնիստ հրեայ պատմաբաններու եւ հեղինակներու գիրքերուն մասին տեղեկութիւններ, որոնց միակ նպատակը թուրքերը հրահրել է հայոց դէմ իբրեւ նախապատրաստական գետին Հայասպանութեան:
Հայ-արաբական յարաբերութեանց մասին հեղինակը կ’ըսէ, թէ պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ օրս հայոց եւ արաբներու առնչութիւնները սիրալիր ու համագործակցական եղած են: Այս նիւթիւն մասին ան կը մանրասմասնէ իրողութիւններ եւ դէպքեր իր աշխատութեան 169-173րդ էջերուն մէջ:
Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին գիտական մօտեցումով կը ներկայացնէ Փան Թուրանիզմը գիրքին 174-179րդ էջերուն մէջ: Ան կ’ըսէ, թէ օսմանցիները կը ձգտէին բռնութեամբ թրքացնել պետութիւնը, իսկ այս նենգ ծրագիրին մէջ մեծ բաժին ունէին սիոնիստները, որոնք հրեայ ծագումով եւրոպացի արտաքին գործոց նախարարներուն յուշեցին թուրքերուն թելադրել Օսմանեան Պետութեան մէջ հրեաներ բնակեցնել: Այս գործակալներուն մէջ ռահվիրայ կը հանդիսանայ Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործերու նախարար հրեայ ծագումով Տիզրայէլի, որ 1848ին թուրք պատասխանատուները համոզեց հրեաներ ընդունիլ Եւրապայէն եւ զանոնք բնակեցնել իրենց երկրին մէջ կասկածելի նպատակներու համար:
Հեղինակը գիրքին առաջին հրատարակութեան 279-300րդ եւ երկրորդին 552-585րդ էջերուն մէջ զետեղած է Հայոց Ցեղասպանութեան առընչուող կարեւոր փաստաթուղթերու լուսապատճէեններ, ապա օգտագործուած արաբական եւ օտար լեզուներով աղբիւրներու ցանկերը 301-310 եւ 587-594րդ էջերուն մէջ համապատասխանաբար:
Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին Հայաստանի Ազգային Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան Հիմնարկին մէջ պաշտպանած եւ ստացած իր դոկտորական թէզը արաբերէնով երկու անգամ հրատարակելով, արաբական գիտական հանրութիւնը լուսաբանած եղած է թրքական հակահայ կեղծիքներու եւ սուտ քարոզչութեան դէմ, որ շնորհաւորելի աշխատանք է: