Ի՞ՆՉ ԸՍԵԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՄԸ, ՈՐՈՒՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ Կ’ՈՒՐԱՆԱՆ ՀԱՐԱԶԱՏ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ…
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Կար ժամանակ, երբ լիբանանցիները համաժողովրդային սգատօներով, ցասումի եւ յանձնառութեան վերանորոգ ուխտով կ’ոգեկոչէին Նահատակաց Օրը: 6 Մայիս 1916, Նահատակաց Օր, Նահատակաց հրապարակ:
Լիբանանեան դրօշներով զարդարուած Նահատակաց հրապարակը, ծաղկեպսակներով դարպասուած Նահատակներու յուշարձանը, ազգային արժանապատուութեան խորհրդանիշ դարձած է երիտասարդ սերունդներուն:
6 Մայիս 1916…
Պատմութեան տխրայուշ այս թուականը՝ կը խորհրդանշէ օսմանեան բռնակալութեան դէմ լիբանանցի եւ սուրիացի ժողովուրդներուն հերոսական մաքառումները:
Նահատակաց Օրը լիբանանցիները յարգանքի տուրք կը մատուցէին օսմանեան Թուրքիոյ դէմ մաքառած նահատակներուն յիշատակին, հնչեցնելով Վիքթոր Հիւկոյի՝ «թուրքը անցաւ այստեղէն» հռչակաւոր խօսքը:
6 Մայիս 1916…
Ալէյ գիւղաքաղաքի օսմանեան պատերազմական ատեանին վճիռով՝ արաբ ժողովուրդի քսան եւ մէկ հայրենասէրներ Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ, միեւնոյն օրը կախաղան բարձրացան: Թուրանական ծրագիրներու իրագործման ճանապարհին, ոճրագործ թուրքը խտիր չդրաւ իսլամ եւ քրիստոնեայ արաբին միջեւ: Ին՞չ էր կախաղանի վրայ նահատակներուն «մեղքը»:Անոնք կը մերժէին ձուլուիլ օսմանեան բարքերուն մէջ եւ կառչած կը մնային արաբական մշակոյթի, ինքնուրոյնութեան եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան: Նահատակներու պանթէոնը կը հարստանար Մուհամմէտ Ալ Շանթի, Ապտէլ Ղանի Ալ Արայիսի (Ալ Մուֆիտ թերթի խմբագիր), բանաստեղծ Օմար Համայի, Էմիր Արէֆի (Ֆաթհ Ալ Արապ թերթի տնօրէն), կրթական մշակ՝ Թուֆիք Ալ Պսաթի, Ահմէտ Թապպարայի (Իթթիհատ Օսմանի թերթի խմբագիր), մտաւորականներ Սէյֆէլլտին Ալ Խաթիպի, Պետրօ Փաւլիի, Ճըրճի Հատատի, թրքական բանակի սպայ՝ Սալիմ Ալ Ճազայիրիի, մարոնի քահանա Թուֆիք Հայէքի, Էմին Լութֆիի, շէյխ Ճալալ Ալ Պուխարինիի, բանաստեղծ Ռաֆիք Սալլումի, Ռիւշտի Պէյ Շամայի, Ապտէլ Հաամիտ Ալ Զահրաուիի, Շիւքրի Պէլ Ասէյլիի եւ ուրիշ անմահներու արեամբ…:Բոլորն ալ հայրենասիրութեան եւ արաբականութեան նահատակներ:
Ալէյի ռազմական ատեանը չբաւարարուեցաւ մտաւորականներու ֆիզիքական հաշուեյարդարով: Այս անմարդկային ոճիրներուն դէմ յառաջանալիք ժողովրդային ըմբոստութիւնը խեղդելու նպատակով՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի երեւելի ընտանիքներ, նշանաւոր քաղաքական դէմքեր տեղահանուեցան ու աքսորուեցան Կիլիկիոյ եւ կեդրոնական Անատոլուի խորերը: Գլխատուած ժողովուրդը ենթարկուեցաւ հալածանքի ու բռնութեան: Անօթութիւնը հասաւ սովամահութեան: Համաճարակը խլեց տասնեակ հազարաւորներու կեանքը: Լիբանան կորսնցուց իր բնակչութեան մէկ երրորդը:
Մարդկային ողբերգութեան այս ժամանակաշրջանին, հայ եւ արաբ ժողովուրդներու ճաշակած դառնութիւններուն, տեղահանութեան մասին հազուագիւտ մանրամասնութիւններ կարելի է քաղել արիւնարբու Ճեմալ Փաշայի քարտուղար Սալէհ Ֆըքրիի վկայութիւններէն:
Իրերու բնական բերումով, հայ եւ արաբ ժողովուրդները կիսած են միեւնոյն ճակատագիրը: Երկու ժողովուրդներն ալ դարձած են թրքական բարբարոսութիւններուն զոհը: 24 Ապրիլը եւ 6 Մայիսը ժամանակագրական առումով հեռաւոր թուականներ չեն բախտակից երկու ժողովուրդներուն համար:
Լիբանանահայութեան պարագային, 6 Մայիսը միաժամանակ երախտագիտութիւն արտայայտելու օր էր ՝ արաբ ժողովուրդին մարդասիրական ծառայութիւններուն: Զօրակցութիւն՝ անոր արդար իրաւունքներուն պաշտպանութեան: Պերլինի, Թիֆլիսի մէջ եւ այլուր թուրք դահիճները զգետնող հայ վրիժառուները միաժամանակ կը լուծէին տարաբախտ արաբ, քիւրտ, ասորի, եզիտի ժողովուրդներուն վրէժը:
Լիբանանի պատմութեան այս տխուր ժամանակաշրջանէն անցած են հարիւր եւ աւելի տարիներ: Դժբախտաբար, վերջին տարիներուն, անհասկնալի պատճառներով, հայրենիքի ազատագրութեան համար կախաղաններու վրայ իրենց գերագոյնը նուիրաբերող հայրենասէրները անգամ մը եւս նահատակուեցան, երբ նոյնինքն թուրք դահիճին ճնշումներուն տակ, պետական որոշումի մը հետեւանքով, ազգային սուգի օրը վերանուանուեցաւ՝ մամլոյ նահատակներու յիշատակի օր: Վերանորոգութեան պատրուակի տակ Նահատակաց հրապարակէն հեռացուեցաւ Լիբանանի խորհրդանիշներէն Նահատակաց յուշարձանը…: Վա՜յ այն ժողովուրդին, որուն ղեկավարները քաղաքական նկատառումներով կ’ուրանան հարազատ պատմութիւնը…: Ինչպէ՞ս դաստիարակել սերունդներ, երբ անոր ղեկավարութիւնը քաղաքական սակարկութիւններու նժարին վրայ կը դնէ իր նահատակները…
Յարգանք մամուլի նահատակներուն, սակայն այ՞ս պիտի ըլլար հայրենիքի ազատագրութեան համար կախաղանի վրայ իրենց գերագոյնը զոհած նահատակներուն բարոյական գնահատականը…: Յանցագործը վստահաբար պիտի ուրանայ իր ոճիրը, բայց զոհին արտօնուա՞ծ է մոռնալ իր դառն երէկը, իր արիւնաթաթախ պատմութիւնը…: Ի՞նչ է 6 Մայիսի խորհուրդը, երբ պատմութեան դասագիրքերն անգամ մոռացութեան զամբիւղը նետած են զայն:
Երկիւղածօրէն կը խոնարհինք օսմանեան բռնատիրութեան դէմ պայքարած լիբանանցի եւ սուրիացի ազատամարտիկներուն անթառամ յիշատակին առջեւ:
6 Մայիսը պիտի մնայ օսմանեան բռնատիրութեան դէմ երէկ, այսօր եւ վաղը բազուկ բարձրացնող ազատատենչ արաբ ժողովուրդին պանծալի մէկ էջը:
Ողջոյն հայ եւ արաբ ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան: