Միջազգային բարեսիրական 9-րդ «Լուչեզարնի անգել» շարժապատկերի փառատօնին ընթացքին արցախեան պատերազմին վերաբերող «Եթէ բոլորը…» ժապաւէնը գրաւած է երկրորդ դիրքը: Ժապաւէնի արտադրող Միքայէլ Պօղոսեան այս լուրը փոխանցած է «Արմենփրէս»ի թղթակիցին՝ նշելով, որ 11 Նոյեմբերին վերադարձած է 1-10 Նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ կայացած փառատօնէն։
«Ֆիլմը ստացաւ երկրորդ մրցանակը բարութեան, գթասրտութեան, արդարութեան եւ դիմացինի հանդէպ սիրոյ թեմատիկայի համար», յայտնած է Պօղոսեանը: Անոր համաձայն, այս բաժանմունքին համար կը պայքարէին 67 ժապաւէններ։
«Եթէ բոլորը…» ժապաւէնը ցուցադրուած է 4 Նոյեմբերին՝ մրցումին բացումը կատարելով։
«Լուչեզարնի անգել» փառատօնին հիմնական տեղը գրաւած է Ալեքսանդր Քասատկինի եւ Նաթալիա Նազարովայի ժապաւէնը։
Բարեսիրական փառատօնի կազմակերպիչներուն համաձայն, փառատօնը կը միտի կեանքի կոչել «բարի շարժապատկերը»ը, որ նաեւ ընտրուած է իբրեւ փառատօնի խորագիր։ Փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերած են տասը երկիրներու բեմադրիչներու կողմէ պատրաստուած 300 ժապաւէններ։
Փառատօնի հոգաբարձուներու խորհուրդը կը գլխաւորէ Ռուսիոյ ընկերային-մշակութային գաղափարներու ֆոնտի ղեկավար Սվեթլանա Մետվետեւան:
Հայաստանի անկախութեան եւ Հայոց բանակի 20ամեակին նուիրուած ժապաւէնը 9 Հոկտեմբերին մասնակցած էր «Օսկար» մրցանակաբաշխութեան՝ «Լաւագոյն օտարալեզու ժապաւէն» բաժանմունքին մէջ։
«Թիմ փրոտաքշըն»ի եւ Ազգային կինոկենտրոնի միացեալ արտադրութիւնը եղող ժապաւէնին մէջ կը հնչէ հատուած մը երգչուհի Լիլիթ Պիպոյեանի երգերէն, իսկ ժապաւէնի երաժշտական բաժինի պատասխանատուն է Վահագն Հայրապետեանը: