Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի գրասենեակի միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Մուհսեն Քոմին Պաղեստին-Իրան բարեկամութեան ընկերակցութեան նախագահ Մոհամետ Պահիսին ուղղուած նամակին մէջ յայտնած է այաթոլլա Ալի Խամենէիի երախտագիտութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Թեհրան Թայմզ»-ը:
«Եկած է Սուրբ երկիրը բռնագրաւողներու ոչնչացման ժամանակը, Պաղեստինի եւ Սուրբ Երուսաղէմի ազատագրման դարաշրջանը», նամակին մէջ նշած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէի: