Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթար մերժեց խորհրդարանի դիւանին յանձնել յաւելեալ փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերին երեսփոխաններ Ալի Հասան Խալիլի, Ղազի Զաայթերի եւ Նուհատ Մաշնուքի` զանոնք անձեռնմխելիութենէ զրկելու եւ իբրեւ ամբաստանեալ հարցաքննելու պահանջին առումով:
Երեկոյեան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատները բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին երեսփոխան Նուհատ Մաշնուքի բնակարանին դիմաց եւ պահանջեցին զայն անձեռնմխելիութենէ զրկել:
Աւելի ուշ զոհերուն հարազատները ուղղուեցան նաեւ Ղազի Զաայթերի Ռաուշէի բնակարանը եւ բողոքեցին անոր դէմ` պահանջելով անձեռնմխելիութենէ զրկել զայն:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան նախկին տնօրէն գնդապետ Քամիլ Տահերի երէկուան հարցաքննութիւնը յետաձգուեցաւ Պիթարի կողմէ:
Անկախ այս իրադարձութիւններէն, երկրին մէջ յուսալքումը կը շարունակուի խորանալ, իսկ տագնապալի իրավիճակը հետզհետէ աւելի կը ծանրանայ, իսկ կառավարութեան կազմութեան օրակարգը կը մնայ անորոշութեան ենթակայ:
Այս շրջագիծին մէջ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան երէկ երեկոյեան յայտնեց, թէ Եւրոպական Միութեան մէջ գրեթէ համախոհութիւն գոյացած է` մինչեւ յուլիսի աւարտ, լիբանանցի կարգ մը պատասխանատուներու դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու:
Լը Տըրիան շեշտեց, որ Ֆրանսա երկար ատենէ ի վեր լիբանանեան իշխանութիւններէն պահանջած է կազմել կառավարութիւն եւ սկսիլ բարեկարգումներու գործադրութեան: