ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հայ գրական պատմութեան մէջ իր ուրոյն, արժէքաւոր տեղը ունեցող, բայց հոգեւոր ցնցումներու ենթակայ մարդու դժբախտութեամբ տառապած եւ այդ տառապանքով ալ իր կեանքին վերջ տուած մտաւորականն է Եղիա Տէմիրճիպաշեան: Շատ ընդարձակ պատմութիւն եւ գրականութիւն կայ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի կեանքին մասին:
Եղիա Տէմիրճիպաշեան ծնած է 8 Մայիս, 1851-ին, Պէշիկթաշ: Ուսումը առած է Պոլսոյ Շահնազարեան վարժարանը, այնուհետեւ յաճախած է նաեւ Մարսէյլի առեւտրական դպրոցը եւ Պոլիս վերադարձէն տարիներ ետք ուսուցչութիւն ըրած է Բերայի վարժարաններէն ներս: Հեղինակն է իմաստասիրական, գրադատական, հրապարակագրական, լեզուագիտական, բանաստեղծական, դաստիարակչական եւ այլ բազմատեսակ նիւթերու։ Այդ նիւթերը ան ստորագրած է զանազան գրչանուններով՝ Գրասէր Ատոմ, Մելանիա, Նուրանիա, Մոնազն, Հուր Հայրեան, Ճգնաւոր, Շարժենց, Դիւանի, Երեւանի, Ճին Յակոբ, եւայլն:
Հազիւ 23 տարեկան՝ առաջին ինքնասպանութիւնը փորձած է 1874-ին, սիրային յուսախաբութենէ մը ետք, Գատըգիւղի մօտ Պրունիի ժայռի գագաթէն ծով նետուելով։ Անցորդները փրկած են զինք: Ինքնասպանութեան երկրորդ փորձ մը ըրած է 19 տարիներ ետք, 1 Յունիս1893ին, միեւնոյն ժայռի գագաթէն, այս անգամ ալ ազատած է զինք հայ մակոյկավար մը:
Հալածախտէ բռնուած, անցաւոր կեանքի ունայնութեան համոզումով եւ վաղահաս մահուան նախազգացումով տարուած, յոռետես մարդու մը կեանքը ապրեցաւ ան տարիներով: Եղաւ հետեւորդ մը պուտտայական վարդապետութեան եւ փարեցաւ երկրային կեանքը իր կապանքներէն ազատող եւ փրկարար անէութեան գիրկը փոխադրող Նիրվանային: Այս հոգեվիճակը աւելի եւս ծանրացաւ 1890-ին, մօրը մահէն յետոյ, զոր կը սիրեր պաշտելու աստիճան, ականջներուն մէջ միշտ լսելով մօրը խօսքերը.
– Տղաս, գրող եղար, անօթի պիտի մեռնիս…
Եւ աւելցնելով․
– Մայրս է, մայրս, որ կ՛անիծէ զիս…
Իր այդ ծանրացած վիճակին մէջ է, որ 1891ի Զատկուայ առաւօտուն, Եղիան կը տեսնուի Գատըգիւղի եկեղեցւոյ դրան առջեւ, մուրացկաններու բազմութեան մը մէջ նստած, գլխուն առանց ծոպի, ճմռթկած եւ դէպի ետեւ նետուած ֆէս մը, կռնակին պարզ շապիկ մը, առանց օձիքի եւ փողկապի, կուրծքը լայն բացած, վրան հին վերարկու մը, եւ մաշած տաբատ մը, ոտքին պատռտած կօշիկներ, իսկ ձեռքը թիթեղէ կափարիչ մը, որուն վրայ հինգ դրամնոց մը, ու այսպէս, աչքերը արցունքներու մէջ, դրամ կը մուրայ ան եկեղեցի մտնող ելլողներէն: Թաղին աղաները, դպրոցի տնօրէնը եւ իր բազմաթիւ ծանօթները կ՛ապշին կը մնան եւ կ՛աղաչեն, կը պաղատին, որ հեռանայ հոնկէ, մինչ ինք անխօս եւ արտասուալի աչքերով թիթեղէ կափարիչը կը երկնցնէ անոնց եւ կը մուրայ․ ի վերջոյ կը յաջողին համոզել զինք եւ փակ կառքի մը մէջ նստեցնելով կը տանին տուն:
Եւ, ով զարմանք, մինչ թաղին մէջ բերնէ բերան կը շրջի «Եղիան խենթեցեր է, Եղիան թռցուցեր է» խօսքերը, յանկարծ կը տեսնեն, թէ այդ «խենթը», կէսօրուան ժամին, մաքուր հագուած, աւանդական «ռըտենկոթ»ը կռնակը, նորաձեւ կօշիկներով, մետաքսէ փողկապով եւ ձեռքերուն մէջ գաւազան մը խաղցնելով կ՛երթայ մեծ աղային տունը, ուր ճաշի հրաւիրուած էր…:
Բոլորը կ՛ապշին, մինչ Եղիան հանդարտօրէն կը բացատրէ իր արարքին նշանակութիւնը։ Երբ օրուան առիթով հանդիսաւոր արարողութիւններ կը կատարուէին տօնելու համար Աստուծոյ Յարութիւնը խեղճերն ու թշուառները դուրսն էին, իսկ արտաքնապէս շողշողուն տեսքով մեծատուներ իրենք զիրենք կը ցուցադրէին, Ե. Տէմիրճիպաշեան ուզած է խառնուիլ այդ խեղճերու ու թշուառներու բազմութեան, որպէսզի իր այդ մասնակցութեամբ ամէնուն ըմբռնել տայ քրիստոնէական ոգին, զոր չափէն աւելի անտեսուած եւ խաթարուած կը նկատեր:
Եղիա Տէմիրճիպաշեանի առողջական վիճակը՝ օրէ օր սկսաւ առաւել եւս ծանրանալ եւ հալածախտի հետեւանքով սկսաւ թաղ ու բնակարան փոխել: Քանի մը թաղերու մէջ թափառելէ ետք, ուժասպառ ու անօթի, ձիւնոտ գիշեր մը կը շրջի փողոցէ փողոց ու ըստ բախտի կը զարնէ դուռ մը, սենեակ մը փնտռելու համար: Դուռը կը բացուի եւ ամուսին կորսնցուցած Էլեն Նիսըն անունով հունգարացի կին մը, խղճալով կը հիւրընկալէ Եղիան:
Արդարեւ, 1895-ի այդ օրէն սկսեալ եւ մինչեւ վերջը, տիկին Նիսըն պահապան հրեշտակի մը պէս կը խնամէ զայն, ականատես ըլլալով հանդերձ անոր պատահական եւ անհաւասարակշիռ «ելոյթներուն»:
Այսպէս, տագնապէ տագնապ կը քաշքշուի կեանքը Տէմիրճիպաշեանի, մինչեւ որ օր մը կը յանգի իր վախճանին, ինքնասպանութեամբ: Կիրակի իրիկուն մը, Յուլիս 19, 1908-ին, Եղիան իր բարերարուհիէն նուէր ստացած բուրդէ գօտիով կը կախէ ինքզինք, դրան վրայի պատուհանէն:
Նախ քան իր եղերական վախճանը, ան դարձած էր արդէն կմախք մը, ուրուական մը: Կորսնցուցած էր մատները շարժելու եւ գրելու կարողութիւնը, լեզուն ալ բռնուած էր եւ սնունդ չէր կրնար առնել: Ըսելիքը կը բացատրեր ձեռքի եւ մնջկատակի շարժումներով, ցոյց կու տար գրադարանը, զոր լափած էր: Կը ձեւացներ հեռապատկերը գերեզմանի մը, ուր պիտի մտներ եւ ձեռքովը կը մատնանշեր երկինքը, ուր պիտի երթար հանգչելու յաւիտենապէս:
Իր ծանօթներէն Արամ Անտոնեանը, որ ուրիշներու պէս տեսած էր Եղիան մեռած վիճակով, անտիպ մնացած իր ձեռագրերուն մէջ արձանագրած է հետեւեալ կցկտուր տողերը․ «Ոչ ոք Եղիան տեսաւ կախուած վիճակի մէջ․ երկար վիճաբանութիւններ՝ բժիշկներու միջեւ, թէ կախու՞ած է, խեղդուա՞ծ է: Եթէ կախուած ըլլար, ձեռքերը այդ վիճակին մէջ չէին ըլլար, պէտք էր ափերը սեղմած ըլլար: Դէմքին վրայ ոչ մէկ պրկում, խաղաղ էր իր անկողնին մէջ՝ առանց ցաւի, առանց յուզման եւ առանց երկիւղի շիջած մարդու մը պէս: Շատեր հարցաքննեցին տանտիրուհին, բայց ամէն կերպով տիկին Նիսըն հնազանդելու հարկին մէջ ըլլալով, ոչինչ ելաւ իրմէ: Տիկին Նիսըն կը վախնար, որ Եղիան մեռած կը նկատուէր՝ իր կողմէ դարմանի պակասէն եւ ան անձնասպանութեան պատմութիւնը հիւսեց, կ՛ըսէին: Առաջին եկողները տեսան Եղիան անկողինին մէջ պառկած, ես ալ դիտեցի դէմքը, մատները: Երկու ձեռք տեսած եմ գեղեցկագոյն, մէկը Եղիայինը, միւսը՝ Սրուանձտեանցինը: Նոյնիսկ եթէ կախելու ձեւ մը տուած էին, ատիկա եղած էր մարմնոյն պաղելէն ետքը: Այսուհանդերձ ոչ մէկ ճմլում կապոյտցած վիզին վրայ: Ուռած չէին նաեւ լեզուն կամ դէմքը»:
Եւ բժիշկները եզրակացուցած էին, թէ մահը առաջ եկած է իբրեւ անմիջական հետեւանք շնչահեղձութեան, պարանով մը խեղդուելէ ետք: Իսկ ընդհանուր եզրակացութիւն եղաւ այն, որ Եղիան, իր իսկ ձեռքով վերջ տուած էր իր կեանքին:
Հակառակ այս եզրակացութեան, օրուան պատրիարքը, Օրմանեան սրբազան, իբրեւ բացառութիւն, կ՛արտօնէ Եղիա Տէմիրճիպաշեանին յուղարկաւորութիւնը կատարել եկեղեցական կարգով, Բերայի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցիին մէջ, բայց թաղումը կը կատարուի Շիշլիի գերեզմանատան անձնասպաններու բաժնին մէջ: