Հայ գրատպութեան 500-ամեակի եւ Երեւանը գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակման ծրագիրի ծիրէն ներս Երեւանի մէջ կ’իրականացուի «երաժշտութիւնը եւ երաժշտական գրադարանները 21-րդ դարուն՚ խորագիրով գիտաժողով: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՙArmenpress՚-ը
Աղբիւրին համաձայն գիտաժողովը պիտի նուիրուի Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակին:
Յատկանշական է, որ այս տարի ԵՈՒՆԵՍՔՕ օ-ն 18-րդ դարու հայ մեծանուն երաժշտահան եւ բանաստեղծ Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակը ընդգրկած է հռչակաւոր մարդոց եւ տարուան կարեւորագոյն իրադարձութիւններու իր ցանկին մէջ:
«Երաժշտութիւնը եւ երաժշտական գրադարանները 21-րդ դարուն՚ խորագիրով գիտաժողովը կ’իրականացուի Նոյեմբեր 1-3-ը` Երեւանի մէջ` Խնկօ Աբոր անուան գրադարանի մէջ: Գիտաժողովի նպատակն է հասարակութիւնը վերադարձնել իր հոգեւոր արմատներուն, նպաստել երաժշտական գրադարաններու զարգացման,ազգային երաժշտութեան դերի բարձրացման ու երաժշտական արժէքներու հանրահռչակման,հայ երաժշտական մշակոյթի քարոզչութեան,ինչպէս նաեւ նոր սերունդի ստեղծագործական ներուժի բացայայտման:
Միջազգային երեւանեան հաւաքին պիտի մասնակցին տարբեր երկիրներէն ժամանած երաժիշտներ, յայտնի արուեստագէտներ ու մտաւորականներ: Գիտաժողովը պիտի կազմակերպեն Հայկական գրադարանային ընկերակցութիւնը, Երաժշտագիտական եւ Խնկօ Աբոր անուան ազգային մանկական գրադարանները` ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ: