Գրեց Անդրանիկ Ծառուկեան
Ատեն մը, մայրիկիս յանկերգն էր ասիկա:
Ու եթէ նկատի ունենանք էապէս բարի իր խառնուածքը, բառամթերքին աղճատութիւնը, այդ «չեմ սիրեր»ը՝ մերժում մը ըլլալէ աւելի՝ ոխակալ «կ’ատեմ» մը պէտք է համարել: Սկիզբները Այնթապը չէր իր դառնութեան նշանակէտը, այլ այնթապցիները.- «Ես այնթապցիները չեմ սիրեր»: Բայց երբ պատահեցաւ որ այնթապցիներու մէջ ապրինք, Հալէպ, ամբողջ եօթը տարիներ, կարծիքը փոխեց: Երբեմն ես կը յիշեցնէի, երբ սկսէր գովաբանել դրացիները:
_Շնորհքով մարդիկ են: Տուներնին լաւ կը բռնեն: Այս այնթապցիներուն կիները մաքրութիւնը ինչ է գիտեն, սա փնթի Տշխունին պէս չեն: Տշխունը, մեր տանտէրն էր, թաղին միակ զէյթունցին, որմէ երկու սենեակներ վարձու առած էինք: Այրի կին մը, որ կ’ապրէր խորշի մը մէջ, եւ ըստ մայրիկիս, «աղտի մէջ խեղդուած»:
_Հապա դուն այնթապցիները չէիր սիրեր, մայրիկ:
_Ես այնթապցիները չըսի, Այնթապը ըսի:
_Ըսի՛ր, ըսիր, նոյնիսկ ըսիր՝ սա թուրքերը գան ասոնց ալայը մորթեն, դուն չըսի՞ր:
_Սո՛ւս, եավրում, սո՛ւս, մարդ չլսէ, ետքը կ’ելլեն կը հաւատան, ամօթ կ’ըլլայ:
Քանի որ յետադարձ զիջումով մը քաղաքը կը զոհէր քաղաքացիներուն եւ կ’ուզէր որ Այնթապը եղած ըլլայ իր չսիրածը եւ ոչ այնթապցիները, մենք ալ ընդունինք որ այդպէս էր, յանուն… պատմական ճշմարտութեան:
Այնթապցիները սիրելուն մէջ վճռական դեր ունեցան երկու անձեր: Առաջինը, Ասատուր Կարապետը (Յարութիւնեան եղբայրներուն հայրը որ մեր փողոցին ծայրը խանութ մը ունէր) եւ Մուխթար Միսաքը (Փարթըզ Միսաք): Իր առօրեայ գնումները ըրած ատեն, օր մը, մայրիկս մեծ թղթադրամ մը կու տայ, խանութպանը, վրադիրին մանրուքը չունենալուն, կ’ըսէ.
_Հոգ չէ, քոյրիկ, հիմա գնա, վերջը կու տաս:
Շոյուած էր:
_Փաշայի պէս մարդ է, աչքը կուշտ, սիրտը լայն, ինծի վստահեցաւ:
Իսկ Մուխթար Միսաք օր մը տեսնելով որ մայրիկս ծանր թիթեղ մը լեցուն քարիւղը շալկած տուն կը բերէ, կ’առնէ ձեռքէն եւ ինք կրելով մեր սանդուխներէն վեր կը հանէ:
_Էրիկ մարդ ըսածդ ատանկ կ’ըլլայ:
Բայց ուրկէ՞ կու գար մայրիկիս ատելութիւնը Այնթապի՞ն թէ այնթապցիներուն հանդէպ:
Գաղթի ալիքները, Համայէն ետք, մեզ նետած են Այնթապ: Երեք թէ չորս տարեկան եմ: Կը բնակինք ընդարձակ բակով կիսափուլ տունի մը մէջ: Խումբ մը տարեկից տղոց հետ կը խաղանք բակը: Յանկարծ դռնէն ներս կը նետուի մայրիկս խելագարի պէս, հերարձակ, վրայ գլուխը ցեխոտ: Զիս գրկելն ու ներս փախիլը մէկ կ’ըլլայ, ու կ’իյնայ խսիրին վրայ: Նստած տեղը արագ-արագ կոնքերը կը շփէ եւ նոյն արագութեամբ անէծքներ կը տեղայ:
_Չժմնի՛ն, սատկի՛ն, սատկի՛ն, օր չտեսնեն:
_Ի՞նչ եղաւ, մայրիկ:
_Սատկի՛ն, սատկի՛ն, թուրքերը գան ասոնց ալայը մորթեն…
Այդ պահուն չհասկցայ պատահածը, որովհետեւ մարդիկ եկան, հաւաքեցին մեզ եւ աճապարանօք ուրիշ տուն մը տարին: Երբ կ’երթայինք, տեսայ որ մեր դռնէն քիչ անդին ուրիշ մարդիկ խոշոր քարերով պատ մը կը բարձրացնէին, կտրելով փողոցը:
Հայ-թուրք պատերազմը սկսած էր: Եւ մեր գտնուած տունը թրքական թաղին մօտ ըլլալուն, եկած էին գաղթականները աւելի ապահով վայր մը փոխադրելու: Նոյն առաւօտեան, երբ դեռ խաղաղութիւն կը տիրէ ամէնուրեք, մայրիկս, բախտակից ուրիշ կիներու հետ մօտակայ անտառը կ’երթան, սովորականին պէս վառելիք փայտ հաւաքելու: Բայց երբ խուճապը կը սկսի, ամէն ինչ թողած փախուստ կու տան դէպի տուները: Հայկական շուկայէն անցած պահուն, կեղեւի՞ մը վրայ սահելով թէ յատակին լպրծուն ըլլալէն, մայրիկս կ’իյնայ եւ կը փռուի գետինը, կռնակի վրայ: Խանութին առջեւ կանգնած մէկը կը պոռայ.
_Պաճըմ, օրայը սանա վերմէզլէր – Քոյրիկս, այդտեղը քեզի չեն տար…:
Քսաներկու տարեկան պէտք է եղած ըլլայ մայրիկս այն օրերուն:
Երեւակայել այդ տարիքի կին մը կամ աղջիկ մը, որ խումբ մը տղամարդոց աչքին առջեւ կռնակի վրայ մէկ կտոր փռուի փողոցին մէջ, թերեւս փէշերն ալ բացուին, եւ լսէ այդ խօսքը, մինչ ուրիշներ կը խնդան, դիտելով պարզուած տեսարանը եւ ըմբոշխնելով «սրամտութիւնը…»:
Օրերով մայրիկս կը շփէր կողերը եւ կ’անիծէր: Բայց վստահ եմ, ցաւերէն աւելի, իր ամօթխածութեան հասած վիրաւորանք էր վրդովումին պատճառը: Ֆիզիքական ցաւը շատոնց մոռցուած էր, բայց շատ աւելի ետքը դեռ կը կրկնէր.- «Ես այնթապցիները չեմ սիրեր», մինչեւ որ օր մը բնակեցաւ հետերնին, մօտէն ճանցաւ եւ… սիրեց:
Իմ մասիս, կը յիշեմ միայն որ պատերազմը սկսաւ եւ սոսկալի հրացանաձգութիւններ կային: Հօրեղբայրս, պատանութեան տարիքէն նոր դուրս ելած, կռուողներուն մէջ էր ուրիշ գաղթական (այսինքն ոչ այնթապցի) տղոց հետ, որոնք զգալի թիւ մը կը ներկայացնէին:
Շուտով սկսաւ անօթութիւնը: Հաց չկար: Տոպրակներով պիստակ կը բաժնէին հացի տեղ: Բայց կանաչ պիստակը, առանց աղի, հետզհետէ գանելի դարձաւ: Զզուանքով կ’ուտէինք այնքան համեղ եւ հաճելի պիստակը: Ա՜ղ, ա՜ղ, շաքարէն ու մեղրէն աւելի փնտռուածը աղն էր: Փուռերուն յատակի քարերը: Ըսուեցաւ որ քարերուն տակ խաւ մը աղ դրուած կ’ըլլայ: Բայց մեզի բաժին չինկաւ սուտ թէ իրաւ այդ աղէն:
Անգամ մը, հօրեղբայրս հաւ մը կրցած էր ձեռք անցընել: Բախտին հրաշալի՜քը: Մայրիկս խաշեց, բայց հազիւ թէ կերանք: Առանց աղի՝ հաւն ալ պիստակին համը ունէր…:
Այնթապէն, երկու պատկերներ անջնջելի կը մնան յիշողութեանս մէջ:
Քաղաքը կոյուղի չունէր: Պէտքարաններուն տակ սենեակի մեծութեամբ նկուղներ կային ուր կարելի էր մտնել ցածկեկ դռնէ մը: Պէտքարաններէն անցածը հոն կը լեցուէր, հեղուկ մասերը հողը կը ծծէր ու երբ «ամբար»ը լեցուէր, տարին թէ երկու տարին անգամ մը տակառներով կը պարպէին: Բայց երբ, հրացաններէն ետք թնթանօթները ալ գործի անցան, պզտիկ դռնէն այդ տեղը կ’ապաստանէինք, ուր, աղտեղութեանց լիճին եզերքները ցամաք մասեր կային դեռ: Տարիներու հեռաւորութենէն, յստակ է մտքիս մէջ այդ տեսարանը, մայրիկիս հետ կռնակնիս պատին, կծկուած, ատեն ատեն ցնցուելով պայթիւններէն, եւ մեր առջեւ, մթին շողարձակումներով այդ զանգուածը, որ երբմն կը փալփլէր ցնցումներէն ու կը շարժէր, մօտենալով մեզի…:
Անգամ մը, առտուն, երբ մեր «ապաստանարանէն» դուրս եկանք, դիմացի տունին պատերը անսովոր տեսարան մը կը պարզէին, մեր օրերու գերիրապաշտ նկարները յիշեցնող: Ռումբ մը ինկած էր դրացիին «ամբար»ին վրայ եւ ամբողջ պարունակութիւնը ցայտած ու փակած էր պատերուն… Չեմ գիտեր, այդտեղ մահ պատահեցա՞ւ թէ ոչ, բայց ամէն կողմէ եկած կը դիտէին, խնդալով եւ կատակելով: Դեռ այսօրուան պէս աչքերուս առջեւն է «գեղազարդուած» այդ պատը…:
Ինծի այնպէս կու գայ թէ Այնթապի հերոսամարտը, Կիլիկիոյ կռիւներուն ոչ ամէնէն արիւնալին բայց անվիճելիօրէն լաւ կազմակերպուածը, իր լման տարողութեամբ չէ ներկայացուած: Քանի մը նիհար գիրքերը եւ յուշերու պատառիկները չեն որ ապագայ սերունդներուն պիտի պատմեն այնթապցի ժողովուրդին տոկուն կամքը, յարատեւութեան ոգին, այլ մանաւանդ կազմակերպչական ձիրքը, որուն արտայայտութիւնը կը տեսնենք այսօր, նաեւ Սփիւրքի մէջ, ի մասնաւորի Հալէպ, ուր կրցան ոչինչէն ստեղծել սեփական դպրոց, սեփական եկեղեցի, եւ փառաւոր թատերասրահ մը, միշտ սեփական: Այնթապցին չունեցաւ իր զոհողութիւններուն եւ չարքաշութեան արժանի գրիչ մը, որ համադրէր եղելութիւնները:
Ատուր Լեւոնեանը, Այնթապի կռիւներուն մեծ կազմակերպիչը, որ մեր որբանոցին երկրորդ հայրիկը եղաւ յետագային լաւ բարեկամս – նոյնիսկ իր երկու զաւակներուն հայերէնի մասնաւոր դասեր տուած եմ – Ամերիկա փոխադրուելէ առաջ հանդիպեցաւ ինծի: Երկար խօսեցանք այդ մասին եւ խոստացաւ իր յուշերը գրել ու ղրկել «Նայիրի»ին, բայց տեղ հասնելէն անմիջապէս վերջ դադրեցաւ ապրելէ ու ծրագիրը այդպէս ալ մնաց:
10 Յունիս, 1983, Պէյրութ
Photo caption: Aintab women preparing for war. Source: ARF archives in Watertown.