ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ:
Նշենք, որ Յ. Բագրատունի երկրորդ նստաշրջանի մը համար պիտի ստանձնէ դիւանի խորհրդականի պաշտօնավարութիւնը` նկատի ունենալով, որ ան 2018-ին դարձեալ ընտրուած էր նոյն պաշտօնին համար: