Նորվեկիացի բեւեռախոյզ, հասարակական գործիչ, հայ ազգի մեծ բարեկամ Ֆրիտիոֆ Նանսէն:
Քանդակագործ`Գարեգին Դաւթեան, ճարտարապետ` Ասլան Մխիթարեան:
Տեղադրուած է 2011-ին, Աբովեան-Մոսկովեան փողոցներու խաչմերուկին մէջ:
Մեր ամենօրեայ նիւթերուն մէջ յետ այսու լոյս պիտի ընծայենք լուսանկարչուհի Արմինէ Աղայեանի «Երեւանի Արձանները» ներկայացնող լուսանկարներու շարքը: Այս շնորհալի աշխատանքը հայ հասարակութեան սեփականութիւնը դառնալու համար կը սպասէ իր մեկենասին: