Ալեքսանտըր Թամանեան – հայ ճարտարապետ, ճարտարապետութեան ակադեմիկոս :
Արձանին բաղադրութիւնը՝ պազալտ եւ կրանիտ: Հեղինակ` Արտաշես Յովսէփեան, ճարտարապետ Սպարտակ Պետրոսեան։
Կը Գտնուի Կասկատ համալիրին մէջ, Գաֆեսճեան արուեստի կեդրոնին դիմաց: Արձանի բացումը կատարուած է 1974 թուականին:
Թամանեանը յենած է երեք քարերու վրայ: Ձախ կողմի քարը` հին ճարտարապետութիւնն է, աջը` նոր ժամանակաշրջանի, իսկ մեծն ճարտարապետը կամուրջ կ’երկարէ այդ երկու ժամանակաշրջաններուն միջեւ և նորագոյն ճարտարապետութեան շնորհիւ կը կերտէ մեր մայրաքաղաք Երեւանը:
Մեր ամենօրեայ նիւթերուն մէջ յետ այսու լոյս պիտի ընծայենք լուսանկարչուհի Արմինէ Աղայեանի «Երեւանի Արձանները» ներկայացնող լուսանկարներու շարքը: Այս շնորհալի աշխատանքը հայ հասարակութեան սեփականութիւնը դառնալու համար կը սպասէ իր մեկենասին: