Տեղադրուած է 1966-ին, Թումանեան փող. 42, Երեւանի պետական լեզուաբանական համալսարանին առջև:
Քանդակագործ` Ա. Սարգսեան
Մեր ամենօրեայ նիւթերուն մէջ յետ այսու լոյս պիտի ընծայենք լուսանկարչուհի Արմինէ Աղայեանի «Երեւանի Արձանները» ներկայացնող լուսանկարներու շարքը: Այս շնորհալի աշխատանքը հայ հասարակութեան սեփականութիւնը դառնալու համար կը սպասէ իր մեկենասին: