ԵՐԵՒԱՆԻ ԱՐՁԱՆՆԵՐԸ՝ ՏԻԳՐԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Տիգրան Պետրոսեան- Ճատրակի աշխարհի կրկնակի ախոյեան։ Մականունն էր «Երկաթէ Տիգրան»՝ իր գրեթէ անխորտակելի պաշտպանութեան համար:
Արձանի Հեղինակ` Նորայր Կարգանեան: Տեղադրուած է Դաւթաշէն:
Մեր ամենօրեայ նիւթերուն մէջ յետ այսու լոյս պիտի ընծայենք լուսանկարչուհի Արմինէ Աղայեանի «Երեւանի Արձանները» ներկայացնող լուսանկարներու շարքը: Այս շնորհալի աշխատանքը հայ հասարակութեան սեփականութիւնը դառնալու համար կը սպասէ իր մեկենասին: